Կարօ Փայլան Ֆրեզնոյի Մէջ Պիտի Խօսի Թուրքիոյ Հայութեան Վիճակին Մասին
27-09-2016 19:30:00 | ԱՄՆ | Իրադարձություն
Սեպտեմբեր 27ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «ՄըքԼէյն» սրահին մէջ (թիւ 121), Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան պիտի մասնակցի քննարկումի մը՝ Թուրքիոյ հայութեան ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ երկրին ընդհանուր վիճակին ու քրտական հարցին մասին։
Ներկայացումը մաս կը կազմէ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի աշնանային դասախօսութեանց շարքին, որ կ՛իրականացուի «Լիան Ս. Փիթըրզ» հիմնարկին աջակցութեամբ։
Կարօ Փայլան հիմնադիր անդամներէն մէկն է Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան եւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կը ներկայացնէ Պոլսոյ երրորդ ընտրատարածքը։ Ան նաեւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գործիչ մըն է եւ երկար տարիներ ջատագովը եղած է Թուրքիոյ մէկ երկլեզու դասաւանդութեանց։
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին հասցէն է՝ 550 East Shaw Ave., Fresno, CA 93710:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին, կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: