Ընդունելութիւն «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան կողմէ ի պատիւ Արամ Ա Կաթողիկոսի
17-10-2011 19:48:49 | ԱՄՆ | Մամլո հաղորդագրություն
Արամ Ա. Կաթողիկոսին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեր Թեմին շնորհուած հովուապետական այցելութեան իւրաքանչիւր հանգրուանը կը յատկանշուի մեր հաւաքական կեանքը յուզող ու շահագրգռող հանդիսութիւններով ու ձեռնարկներով, որոնց ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը առիթներ կը ստեղծէ նաեւ գնահատանքի արժանացնելու վաստակաւոր հայորդիներ ու ծառայողներ։ Այս իմաստով, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան կողմէ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին կազմակերպուած ընդունելութիւնը առիթ եղաւ պատուելու բազմաշխատ խմբագիր ու մտաւորական Նազարէթ Պէրպէրեանը, աւելի քան քառասուն տարիներու վրայ երկարող մամլոյ ու ազգային իր ծառայութիւններուն համար։
Վեհափառին ի պատիւ ճաշկերոյթի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Տիար Գօգօ Թօփալեանի հիւրընկալութեամբ, անոր բնակարանին մէջ, աւելի քան 150 ազգայիններու մասնակցութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին, ներկայ էին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, հոգեւոր հայրեր, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ու Թեմիս Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան եւ անդամներ, «Ասպարէզ»ի տնօրէն Տիար Աբօ Պօղիկեան եւ մամուլի աշխատակիցներ, մեծարեալ խմբագիրին ընտանիքի անդամներ, բարերարներ ու հայ մամուլի բարեկամներ։
Երեկոն ունէր մտերմիկ ու պաշտօնական բաժիններ։
Իր շքախումբին հետ հիւրընկալին բնակարանը հասնեով, Վեհափա- Հայրապետը կատարեց աղ ու հացի օրհնութիւն, ապա առօթքով օրհնեց սեղանները։ Տիար Ա. Պօղիկեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը եւ ներկաները հրաւիրեց բաժակ բարձրացնելու ի պատիւ Վեհափառին։ Հանդիսավարը՝ Տիար Րաֆֆի Համբարեան, երեկոյին բացումը յայտարարելով, ողջոյնի խօք մը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին ու Առաջնորդ Սրբազանին, վեր առաւ Նորին Ս. Օծութեան առաջնորդողի ու եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայողի հանգամանքն ու յատկանիշները, միաժամանակ անդրադառնալով մեր պատմութեան, հաւաքական կեանքին ու հայութեան ու մարդկութեան դիմագրաւած հարցերուն մէջ եկեղեցւոյ Ձայնին ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը։
Ճաշի պահուն, ներկաները ականջալուր եղան երաժշտական կատարումներու։ Այնուհետեւ, հանդիսավարը յայտնեց, թէ պիտի գործադրուի երեկոյի պաշտօնական բաժինը։
Տիար Աբօ Պօղիկեան, յայտագիրին առաջին արտայայտուողը, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ոչ միայն ընդառաջած է մեր Թեմը հովուապետական այցելութեամբ մը պատուելու Առաջնորդ Սրբազանին ու Թեմի ժողովականութեան հրաւէրին, այլ նաեւ «Ասպարէզ»ի հրաւէրին, ինչ որ բացորոշ արտայայտութիւն է հայ մամուլին, հայերէն լեզուի ու ընդհանրապէս հայ մշակոյթի հանդէպ անոր սիրոյն, նուիրումին ու յարգանքին։ Ան յիշատակեց, որ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, Կաթողիկոսութեան յարկին տակ վերջերս տեղի ունեցած համագումարնեն ու հայւթեան մարդուժի հաւաքագրումի նախաձեռնութիւնները նորագոյն ապացոյցներն են այս նախանձախնդրութեան ու հոգածութեան։ Վերջապէս, Տիար Պօղիկեան նկատել տուաւ, որ այս երեկոյ, Նազարէթ Պէրպէրեանը պատիւի արժանացնելու Նորին Ս. Օծութեան որոշումը վկայութիւն է մամուլին, մշակոյթին ու հայութեան ծառայողներ գնահատելու Վեհափառ Հայրապետին նկարագրային գիծին, որ յաճախ արտայայտութիւն կը գտնէ զանազան առիթներով։
«Ասպարէզ»ի խմբագիրը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն, որոնք երեկոյին կը մասնակցին՝ պատուելու համար հայոց հայրապետը, նաեւ զօրակցութիւն յայտնելու մեր մամուլին։
Ուրախալի էր այն, որ, ինչպէս յայտարարեց Տիար Պօղիկեան, ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան 25,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կը կատարեն ի յիշատակ Տիկին Երանի եղբօր՝ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան վաղամեռիկ անդամ Տարօն Աւետիսեանի. նուէրը կը տրամադրուի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի Կեդրոնին։ Տիար Պօղիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Կիրակոսեան ընտանիքին, ինչպէս նաեւ մամուլին այլ սատարողներու։
Իր խօսքին յաջորդ բաժինով, Տիար Ա. Պօղիկեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Նազարէթ Պէրպէրեանի վաստակին ու խմբագիրի, ազգին ծառայողի յատկանիշներուն, գոհունակութիւն արտայայտելով զայն գնահատանքի արժանացնելու Վեհափառ Հայրապետի որոշումին համար։ Ան հրաւիրեց մեծարեալին տասնամեակներու գործակից ու մտերիմ ընկերներէն Տիար Սարգիս Մահսէրէճեանը, որպէսզի ներկայացնէ անոր կեանքի վաստակը։
Ս. Մահսէրէճեան, որ պատանութեան օրերէն եղած է Ն. Պէրպէրեանի մօտիկ ընկերներէն, յուշերու եւ վկայութիւններու ճամբով ներկայացուց խմբագիրին կազմաւորման, կտրած հանգրուաններուն, այս ասպարէզին մէջ ծառայութեան ու նուաճումներուն ընդհանուր բայց սեղմ պատկերը, առանց անտեսելու Դաշնակցութեան ծառայողի, կուսակցական գործի դաշտերուն մէջ ներդրում ու ազդեցութիւն ունեցողի անոր արժանիքները։ Ան խօսեցաւ նաեւ Ն. Պէրպէրեանի անհատական-ընտանեկան կեանքի կարգ մը երեսներուն մասին, մանաւանդ, որ անոր Տիկինն ալ՝ Էվան, եղած է դաշնակցական մամուլի անդամ ու ծառայող։ Ս. Մահսէրէճեան խօսքը եզրափակեց բարաեմաղթութիւններով ու այն համոզումով, որ մեծարեալը իր նուիրումով ու գրիչով նոր հորիզոններ պիտի նուաճէ այս հանգրուանէն անդին ալ։
Իր խօսքի աւարտին, Ս. Մահսէրէճեան հրաւիրեց Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուիչը, որպէսզի արտասանէ իր սրտի խօսքը։
Տիար Ա. Իզմիրլեան դրուատիքով խօսեցաւ Ն. Պէրպէրեանի վաստակին ու նուիրումին մասին, վեր առնելով մամուլին ու ազգային կեանքին անոր նուիրումը։ Այս առիթով, Տիար Ա. Իզմիրլեան գեղեցիկ գրիչ մը իբրեւ յուշանուէր յանձնեց Ն. Պէրպէրեանի։
Հանդիսավարը այնուհետեւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ արտասանելու իր սրտի խօսքը եւ բեմ հրաւիրելու Վեհափառ Հայրապետը։
Առաջնորդ Սրբազանը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան իններորդ օրն է այսօր, անդրադարձաւ այդ օրերուն տեղի ունեցած հանդիպումներուն, հանդիսութեանց ու բազմակողմանի այցելութիւններուն, եւ ահա, այս երեկոյ եւս պիտի կատարուի մեծարանք՝ մեր ժողովուրդին ծառայող արժանաւոր զաւակի մը։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսք ուղղեց Տիար Գ. Թօփալեանին, որ կը հիւրընկալէ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին այս երեկոն։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ մեծարեալ խմբագիրին նուիրումին ու վաստակին մասին, ու անձնական յուշերու եւ վկայութեանց ճամբով՝ խօսեցաւ անոր մարդ անհատի ու ազգային կեանքի ասպարէզներուն մէջ ծառայողի արժանիքներուն ու վաստակին մասին։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեան ու դրուատական արտայայտութիւններով անդրադարձաւ Տէր եւ Տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան ամոլի նուիրաբերումին, որ հովուապետական այցելութեան առիթով չէ սահմանափակուած քիչ առաջ յայտատարուած նուիրատուութեամբ, այլ, բարերար ամոլը նաեւ կատարած է 75,000 տոլարի այլ նուիրատուութիւն մը՝ ի նպաստ Կաթողիկոսարանին, Ազգ. Առաջնորդարանին ու Ազգ. Վարժարաններուն, հանդիսանալով Շաբաթ, 15 Հոկտեմբերի երեկոյեան, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին եւ ի սպաս մեր վարժարաններու կազմակերպուած ճաշկերոյթին հովանաւորը, նաեւ պատրաստակամ է յաւելեալ ննուիրաբերումի։ Առաջնորդ Սրբազանը ապա հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի կատարէ պարգեւատրումը։
Նորին Ս. Օծութիւնը յայտարարեց, թէ Ն. Պէրպէրեանի հետ իր ծանօթութիւնը հաստատուած է Լիբանանի տագնապի այն օրերուն, 1978ին, երբ կոչուած է Լիբանանի Առաջնորդի պաշտօնին եւ ուսումը կիսաւարտ թողած՝ վերադարձած է պատրերազմական գործողութիւններու հետեւանքով կիսաւեր դարձած Լիբանան։ Ան յիշեց, թէ Նազռն մէկն էր այն երիտասարդ ծառայողներէն՝ դաշնակցութեան հաւատաւոր անդամներէն, որոնք այդ օրերուն լծուած էին գաղութի հարցերուն դարմանումին ու ծանր կացութիւնը հակակշռելու գործին։ «Երիտասարդ դաշնակցականներու այդ սերունդը կենսունակութիւն ներշնչեց գաղութին ու գործեց ի խնդիր հայկական կեանքի վերականգնումին, ու այդ ըրաւ պատասխանատուութեանց բաժնեկցութեամբ, զիրար ամբողջացնելով», շեշտեց Վեհափառը ու կանգ առաւ մեծարեալը յատկանշող երկու գլխաւոր երեւոյթներու վրայ. նախ եւ առաջ, ան նուիրեալ մէկ անդամն է իր կուսակցութեան, որուն ծառայելը յաճախ նախամեծար համարած է իր սեփական ընտանիքէն, անձնականը զոհելով՝ նուիրուած է մեծ ընտանիքին, իսկ երկրորդ արժանիք՝ լուրջ հրապարակագիրի անոր արժանիքն է, որուն «ստորաբաժանումներն» են գեղեցիկ լեզուն, խիտ ոճը, ընտրեալ բառերու եւ դարձուածքներու գործածութեան վարպետութիւնը, հարցեր ու երեւոյթներ տեսնելու եւ վերլուծելու կարողութիւնը, ի հարկին քաջաբար քննադատելու իր նկարագիրը ու մանաւանդ ըսելիք ունեցողի իր յատկանիշը։ Այս բոլորով, շարունակեց Վեհափառ Հայրապետը, զինք արժանի կը գտնենք բարձր գնահատանքի ու որոշեցինք «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուել զինք։
Այս խօսքերով, Վեհփառ Հայրապետը շքանշանը անցուց մեծարեալին կուրծքին, մինչ ներկաները յոտնկայս ծափողջոյններով կþարտայայտէին իրենց ուրախութիւնն ու խնդակցութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը համոզում յայտնեց, թէ մեծ վարդապետը՝ Մաշտոց, վստահաբար ուրախ է այս պահուն, որովհետեւ իր ժառանգութեան ու աւանդին պաշտպան մը, ծառայող մը կը ստանայ իր անունը կրող շքանշան մը։ Ան գնահատանքի խօսք ուղղեց նաեւ Տիկին Էվա Տէրվիշեան-Պէրպէրեանին, որ Նազոյին նման մամուլին նուիրեալ մըն է եղած, ինչպէս նաեւ մեծ ծառայութիւն մատուցած Կաթողիկոսութեա, նո՛յնքան արժանի գնահատանքի ու մեծարանքի։ Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը դրուատիքով արտայայտուեցաւ երեկոյի հիւրընկալին մասին եւ անոր յանձնեց յուշանուէր մը։
Ն.Պէրպէրեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնցմէ բան մը սորված է ու կազմաւորուած։ Ան ձայնակցեցաւ հանդիսավարին այն ակնարկութեան, թէ Վեհափառ Հայրապետը «բարոյականի կողմնացոյց է» եւ աւելցուց, որ 21րդ դարու այժմու պայմաններուն մէջ, Նորին Ս. Օծութենէն աւելի մեծ ակնկալութիւններ ունինք։ Ան յայտնեց, թէ ինչ որ առած է ժողովուրդէն, զայն կը վերադարձնէ ժողովուրդին, եթէ այս առաքելութեան մէջ յաջողի, բաւարարուած կը չգայ, իսկ եթէ չկարենայ, պիտի շարունակէ այդ գործը, որպէսզի «հայու եւ դաշնակցաականի տեսակը մնայ ու գոյատեւէ, որովհետեւ առանց այդ տեսակին ներկայութեան, երկրի ու ժողովուրդին ապագան դժուարութիւն պիտի ունենայ»։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Վեհափառ Հայրապետին, այս գնահատումը նկատելով անոր էութեան արտայայտութիւնը։ Վերջապէս, ան շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ա. Պօղիկեանին եւ Գ. Թօփալեանին, որոնք կազմակերպած ու հիւրընկալած են երեկոն, մեծարելով Վեհփառ Հայրապետն ու մամուլի մէկ սպասարկուն։
Երեկոյին պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ Վեհափառ Հայրապետին աղօթքով, որմէ ետք, ներկաները երկար ատեն մնացին ջերմ մթնոլորտին մէջ, խնդակցութիւն ու շնորհաւորութիւն յայտնելով մեծարեալ խմբագիրին։