Շարլ Ազնաւուրը համերգ մը պիտի սարքէ Մոսկուայ մէջ


Շարլ Ազնաւուրը համերգ մը պիտի սարքէ Մոսկուայ մէջ

  • 05-12-2011 16:27:32   | Ռուսաստան  |  Մամլո հաղորդագրություն

Ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր 12 Դեկտեմբերին համերգ մը պիտի սարքէ Մոսկուայի Քրէմլին պետական պալատէն ներս։ Հայկական ծագումով աշխարհահռչակ երգիչը գրած է մօտաւորապէս 1000 երգեր, որոնցմէ շատեր ընդգրկուած են ֆրանսական փոփ-երաժշտութեան գանձարանէն ներս, նաեւ խաղացած է աւելի քան 60 դեր՝ թատրոնի ու շարժապատկերի մէջ, իսկ անոր մեկնաբանութիւններով ձայնասկաւառակները վաճառուած են աւելի քան 100 միլիոն օրինակով։ Ազնաւուր առաջին ֆրանսացին էր, որուն ձայնասկաւառակը Եւրոպայի մէջ »փլաթին« կարգավիճակ ստացաւ։ «Թայմ» թերթի եւ Սի Էն Էն կայանի կողմէ իրականացած հարցախոյզի արդիւնքներու համաձայն, Շարլ Ազնաւուր ճանչցուած է իբրեւ 20րդ դարու փոփ-երաժշտութեան լաւագոյն մեկնաբանը։ Բացի միջազգային բազմաթիւ պարգեւներէ, Շարլ Ազնաւուր արժանացած է Ֆրանսայի »պատուոյ լեգէոն« շքանշանին, պարգեւատրուած է Հայաստանի պետական բարձրագոյն պարգեւով »Հայաստանի Ազգային հերոս« կոչումով եւ Հայրենիքի շքանշանով, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ մշակութային կապերը ամրապնդելու գործին մէջ ունեցած մեծ ներդրումի համար՝ պատուոյ շքանշանով։ «Մարմարա»
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն