ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ. Հետեւողական Վերելքը, Թէկուզ Քայլ Առ Քայլ, Ճակատագրական Գործօնն Է Հայ Դպրոցի Պահպանման Եւ Գոյատեւման


ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ. Հետեւողական Վերելքը, Թէկուզ Քայլ Առ Քայլ, Ճակատագրական Գործօնն Է Հայ Դպրոցի Պահպանման Եւ Գոյատեւման

  • 03-01-2012 15:13:49   | ԱՄՆ  |  Հարցազրույցներ

Ն.Տ.Ս.- Կը գիտակցինք ամերիկահայ մեր կեանքին մէջ հայկական կրթական օճախներու ստանձնած կարեւոր դերին ու ապագայ հայ մարդը պատրաստելու իւրայատուկ առաքելութեան: Իբրեւ «Ֆերահեան» ազգային վարժարանի երկար տարիներու տնօրէն, կրնա՞ք ամփոփ կէտերով ներկայացնել դպրոցի այսօրուան պատկերը: ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Դպրոցը, որ այսօր կը ճանչցուի «Ֆերահեան-Գապայեան-Փիլաւճեան» ազգային վարժարան անուան տակ, կը գտնուի Լոս Անճելըսի Սան Ֆերնանտօ Հովիտին մէջ եւ ունի երկու համալիրներ, մէկը՝ Էնսինօ շրջանին մէջ, իսկ երկրորդը՝ Նորթ Հիլզի մէջ: Դպրոցը ունի մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական վարժարանի բոլոր կարգերը: Ունինք 650 աշակերտներ եւ 90 հոգինոց ուսուցչական կազմ եւ պաշտօնէութիւն: Վերջին տարիներուն տարեկան պիւտճէն շուրջ հինգ միլիոն տոլար է: Նկատի ունենալով որ, «Ֆերահեան»ը մօտ յիսուն տարուան պատմութիւն ունի (հիմնուած 1964ին), ցարդ ունի շուրջ 1900 շրջանաւարտներ: Կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի դպրոցներու Խնամակալ մարմինի հովանաւորութեան տակ, եւ անմիջական հսկողութեամբ՝ դպրոցի Ուսումնական մարմինին: Ն.Տ.Ս.- Դպրոցի անունի փոփոխութիւնը ի՞նչ հանգրուաններով տեղի ունեցաւ: ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Դպրոցը իր հիմնադրութեան երկորդ տարին արդէն իսկ կոչուած էր իր հիմնական նուիրատուի՝ Մատթէոս Ֆերահեանի անունով՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարան: 1978ին նախակրթարանի բաժինը աւելցաւ, իսկ 1990-1991 տարեշրջանին պաշտօնապէս հիմնադրուեցաւ մանկամսուրի բաժինը՝ Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի Մանկամսուր անունով: Վերջերս, մանկամսուրի եւ նախակրթարաններու անուանակոչումով դպրոցին անունը ենթարկուեցաւ փոփոխութիւններու: Տիկին Աշխէն Փիլաւճեան, 2005ին 250,000 տոլար նուիրելով՝ առիթը ընծայեց բարենորոգումներ կատարելու Նորթ Հիլզի համալիրի շէնքերուն վրայ: Առ ի գնահատանք նուիրատուին, մանկամսուրը վերանուանուեցաւ Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան Մանկամսուր: Իսկ, 2010 թուականին, տոքթ. եւ տիկին Վաչէ եւ Շուշիկ Գապայաններ 500,000 տոլարի նուիրատուութիւն կատարեցին դպրոցի նախակրթարանի բարելաւման ծրագիրին: Դարձեալ, առ ի գնահատանք նուիրատուին, նախակրթարանի բաժինը անուանուեցաւ նուիրատուի մօր անունով՝ Սրբոց Նահատակաց Մարի Գապայեան Նախակրթարան: Աւելցնեմ, որ դպրոցի Ուսումնական մարմինն ու տնօրէնութիւնը նախնական աշխատանքները կը կատարեն նախակրթարանը հիմնովին նոր շէնքերով օժտելու: Մեր նորագոյն նուիրատուներու շարքին են նաեւ Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեանները, որոնց նուիրատուութեամբ կարելի եղաւ կառուցել Էնսինոյի համալիրի դպրոցի տնօրէնութեան եւ եկեղեցւոյ գրասենեակներու շէնքը: Ն.Տ.Ս.- «Ֆերահեան»ի կրթական մակարդակը ի՞նչ ձեւով կը բաղդատուի ամերիկեան այլ դպրոցներու հետ: ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Դպրոցը որդեգրած է Քալիֆորնիա նահանգի պաշտօնական ուսումնական ծրագիրը, որուն ընդմէջէն անգլերէն լեզուով կը դասաւանդուին լեզու, գիտութիւն, թուաբանութիւն եւ ընկերային նիւթեր: Աւելին, դպրոցը առաքելութիւն ունի ծառայելու իր բոլոր աշակերտներուն, այսինքն՝ իր կարգին համապատասխանող աշակերտէն բացի՝ առաջադէմ եւ կարողութիւններով սահմանափակ աշակերտներու, յատուկ դասընթացքներ տրամադրելով անոնց, ինչպէս՝ advanced placement (AP) եւ նախապատրաստական դասեր (remedial): Ուսումնական ծրագիրը ամբողջացուած է հայերէն լեզուով, հայոց պատմութեամբ եւ կրօնով: Ունինք նաեւ արտադասարանային ծրագիրներ՝ դաստիարակչական այցելութիւններ թանգարաններու եւ պատմական վայրերու, մասնակցութիւն գաղութի հայկական մշակութային կամ դաստիարակչական բնոյթի ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ ընթացիկ մրցոյթներ՝ պատմութեան, գիտութեան, ուղղագրութեան, հայոց պատմութեան, եւ այլն: Ասոնց կարգին յատուկ կերպով պէտք է նշել բարձրագոյն կարգերու երկշաբաթեայ այցելութիւնը Հայաստան, եւ ութերորդ կարգին այցելութիւնը Ուաշինկթըն եւ Նիւ Եորք: Դպրոցը նաեւ հպարտ է իր աշակերտական ծառայութիւններով (student support): Նախակրթարանը, Միջնակարգ դպրոցը եւ երկրորդականը իւրաքանչիւրը ունի իր ուսումնական խորհրդատուները եւ մեծ շեշտ կը դրուի համալսարան ընդունման գործընթացին վրայ: Ն.Տ.Ս.- Դաստիարակչական աշխատանքին մէջ մեծ է դերը ուսուցիչին. այսօր ի՞նչ ուսումնական մակարդակ կը ներկայացնէ դպրոցի ուսուցչական կազմը: ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Նախ առանձնացնենք հայերէնի ուսուցիչները, որոնք կամ Պսակաւոր արուեստից (BA) վկայական ունին, կամ տիրացած են հայերէն բարձրագոյն ուսումնական ծրագիրի մը վկայականին: Երկրորդ՝ անգլերէն լեզուով դասաւանդուող նիւթերու ուսուցիչները առնուազն ունին Պսակաւոր արուեստից (BA) կամ Պսակաւոր գիտութեանց (BS) վկայական: Իսկ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ունի աւելի բարձր վկայականներ, առաւել՝ դասաւանդման պետական վկայագիր (teaching credential): Ն.Տ.Ս.- Դպրոցի մը յաջողութեան գրաւականը ուսումնական մարզին մէջ անոր կատարած նուաճումներն են. ի՞նչ արժեչափերով կը գնահատէք ձեր յաջողութիւնները: ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Նախ եւ առաջ պէտք է հաստատենք, որ դպրոցը վարկաւորուած է WASC-ի կողմէ, երեք առիթներով. իւրաքանչիւրը՝ վեց տարուան համար, ինչ որ ինքնին ապացոյց է դպրոցի բարձր մակարդակի պահպանման: Ինչ կը վերաբերի արժեչափերուն, ապա նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններուն համար դպրոցը կ՛օգտագործէ «STANFORD-10» համադպրոցական քննութիւնները (Standardized test), որոնց մէջ մեր դպրոցի իւրաքանչիւր կարգ կ՛ապահովէ ընդհանուր միջինէն վեր նիշ: Երկրորդ՝ 9րդ, 10րդ եւ 11րդ կարգերը յաջորդաբար կ՛անցընեն EXPLORE, PLAN, ACT քննութիւնները: Այս քննութիւններուն եւս մեր աշակերտները կ՛արձանագրեն բաւական բարձր միջիններ: Իսկ 12րդ կարգի չափանիշը, որ ցուցանիշ է նաեւ ամբողջ դպրոցի յաջողութեան, համալսարան ընդունման բարձր տոկոսն է: Մեր աշակերտներուն մօտ 70 տոկոսը կ՛ընդունուի չորս տարուան համալսարան, իսկ 30 տոկոսը իր ուսումը կը շարունակէ երկու տարուան քոլեճներու մէջ, ուրկէ կը փոխանցուի համալսարաններ: Ամերիկեան այլ դպրոցներու նման, «Ֆերահեան»ը չունի կիսաւարտ կամ դպրոցը լքած (drop-off) աշակերտներ: Այս ծիրէն ներս յաջողութեան աւելի շեշտակի ցուցանիշ է այն, որ չորս տարուան համալսարան ընդունուած աշակերտներուն գրեթէ կէսը ընդունուած կ՛ըլլայ University of California հեղինակաւոր բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկներուն կողմէ: Մեր համալսարանաւարտներուն մեծամասնութիւնը համալսարան կը փոխանցուի մեծ թիւով AP դասերով, որոնց դիմաց, համալսարանին մէջ համապատասխան վարկանիշ կը ստանան՝ կրճատելով համալսարանական իրենց դասացուցակը: Ն.Տ.Ս.- Հայկական վարժարանը կը բնորոշուի հայերէնի առնչուող նիւթերու դասաւանդութեամբ, հայկական մշակոյթի եւ բարքերու ծանօթացումով եւ հայկական պահանջատիրութեան ոգիի ամրապնդումով: Որքանո՞վ «Ֆերահեան»ը այս գիտելիքները կը փոխանցէ ամերիկահայ մատղաշ սերունդին: ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Ճիշդ պատկերը կու տամ, եթէ ըսեմ, որ հայերէնի առնչութեամբ աւելի քիչ ուսուցում չի տրուիր մեր դպրոցէն ներս՝ բաղդատած Միջին Արեւելքի հայկական դպրոցներուն. բայց կան ընկերային-հասարակական գործօններ, որոնք չեն ամբողջացներ դպրոցին կատարած դերը: Առաջին՝ դուրսի միջավայրին մէջ գերակշիռ կերպով անգլերէն լեզուի օգտագործումը առիթ չ՛ընծայեր հայերէն լեզուի առօրեայ օգտագործման: Ամերիկահայ մեր գաղութները որքա՛ն ալ կեդրոնացած ու հայաշատ ըլլան, տակաւին սերտօրէն կապուած են ամերիկեան միջավայրին եւ ենթակայ անոր մշակութային ազդեցութեան: Երկրորդ՝ դասարանէն ներս հայերէն լեզուի տարբեր մակարդակներու գոյութիւնը եւս չի նպաստեր լեզուի ընդհանրական օգտագործման: Այս իրավիճակը արդիւնք է խառն ամուսնութիւններու, ամերիկեան զանազան գաղութներէ եկած ընտանիքներու եւ ծնողներու հայերէնի տիրապետման տարբեր մակարդակներուն: Երրորդ՝ նոյնիսկ հայերէնին որոշ չափով ծանօթ աշակերտներ, երբ կու գան տարբեր հայկական ենթագաղութներէ՝ արաբական երկիրներ, Հայաստան, Պարսկաստան, չեն նպաստեր հասարակաց խօսակցական հայերէնի զարգացման: Այս ընդհանուրը նկատի առնելով, կարելի է ըսել, որ «Ֆերահեան»ի եւ առհասարակ ամերիկահայ դպրոցներու հայերէնի մակարդակը երկու-երեք տարիով կը զիջի Միջին Արեւելքի հայկական դպրոցներու հայերէնի մակարդակին, եւ երեք-չորս տարիով՝ Հայաստանի մակարդակին: Կարեւորը, սակայն, հայերէնի գրաճանաչութեան ապահովումն է, որ յաջող կերպով կը կատարենք, իսկ աւելի կարեւորը՝ հայեցի դաստիարակութեան ամբողջական յաջողութեան ապահովումն է: Մեր աշակերտները, երբ կ՛աւարտեն դպրոցը, զինուած կ՛ըլլան իրենց հայկական ինքնուրոյնութիւնը պահող գիտելիքներով եւ մշակութային ամրակուռ խարիսխով, ինչ որ բաւարար է զիրենք հայ պահելու, հայ ընտանիք ստեղծելու, հայ գաղութին ծառայելու եւ ի վերջոյ մեր գերագոյն նպատակին՝ Հայաստանի հզօրացման ծառայելու: Վերոնշեալ այն կէտը, որ կը վերաբերի աշակերտներու տարբեր ենթագաղութներէ եկած ըլլալու հանգամանքին, որ հայերէն լեզուի գործածութեան տկարացման նպաստած է, իրականութեան մէջ միւս կողմէն՝ առիթ կը ստեղծէ մեր տարբեր ենթագաղութները քով քովի բերելու եւ Լոս Անճելըսի մակարդակով ընդհանրական հայկական մշակոյթի մը ծիլերը արձակելու: Ճակատագիրի դառն խաղով, այս մէկը, որ պէտք է ձեւաւորուէր Հայաստանի մէջ, կը պատահի Լոս Անճելըսի մէջ: Ն.Տ.Ս.- Իբրեւ գիտելիքներ ջամբող հաստատութիւն, երկլեզու դպրոց ըլլալէ անկախ, «Ֆերահեան»ը ի՞նչ առաւելութիւններ ունի: ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Ամէնէն հիմնականը, որ ծնողներէն կը լսենք իբրեւ գնահատանք՝ երկու հատ են. առաջինը դպրոցի ապահովութիւնն ու անոր հետ սերտ առնչութիւն ունեցող կարգ ու կանոնն է: Այս մէկը լեռ ու ձոր տարբեր է ամերիկեան հանրային դպրոցներու ապահովական իրավիճակէն… աշակերտական կռիւներէն սկսած, մինչեւ թմրեցուցիչներու օգտագործումը եւ սեռային յարաբերութիւններէն ծնունդ առած դժուարութիւնները: Երկրորդը՝ ընտանեկան այն միջավայրն է, ուր աշակերտները ուրախ եւ հոգեկան լայն բաւարարուածութեամբ կը մեծնան: Այսպէս, մեր աշակերտները չեն առնչուիր ամերիկեան ընդհանուր միջավայրին մէջ գոյութիւն ունեցող յոռի բարքերուն, եւ համեմատաբար՝ նուազ կ՛ազդուին ամերիկեան երիտասարդական ընկերային-մշակութային խեղկատակութիւններէն: Նկատի ունենալով նաեւ որ հայկական դպրոցը իբրեւ հիմնական խարիսխ ունի հայկական մշակոյթը, այդ մէկը առիթ կ՛ընծայէ, որ հայ աշակերտներ միեւնոյն ընկերային մշակոյթին մէջ միասնաբար մեծնան եւ արդէն իսկ ընտրեն ապագայի իրենց ընկերները: Քիչ մըն ալ աւելի, հայկական դպրոցի երկարատեւ տարիներու ընթացքին, ընտանիքները քով-քովի գալով՝ իրարու կը շաղուին եւ կը կազմաւորեն գաղութին օղակները: Ն.Տ.Ս.- Ուրեմն ըսել կ՛ուզէք, որ հայկական դպրոցը ուսումնական հաստատութիւն ըլլալու կողքին, գաղութի կազմաւորման նպաստող հնոց է: ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Ճիշդ բառը գործածեցիք, այո՛, հայ գաղութի ձեւաւորման եւ զարգացման նպաստող ամէնօրեայ հնոց է: Համայնքին մէջ հայկական դպրոցը գրեթէ այն միակ հաստատութիւնն է, որ ամէնօրեայ այցելութիւնը կ՛ապահովէ ընտանիքի գրեթէ բոլոր անդամներուն: Երբ հայրը կամ մայրը զաւակը դպրոց կը բերէ առաւօտուն, ընդհանրապէս մեծ հայրը, մեծ մայրը, կամ ազգական մըն է, որ զայն կ՛առնէ դպրոցէն: Այս երթեւեկի ընթացքին իրարու անծանօթ հայերը կը սկսին առնչուելու, ստեղծելու ընկերային ցանց, ծանօթութիւններ եւ բարեկամութիւններ: Ասոր վրայ կ՛աւելնան տարեդարձները, դպրոցական ձեռնարկները, մարզական խաղերը, որոնք ի մի կը բերեն թէ՛ աշակերտները եւ թէ իրենց ծնողները: Վստահաբար դպրոցի հիմնադիր բարերար Մատթէոս Ֆերահեանը եւ իր սերնդակիցները այս հեռանկարը ունենալով է որ իրենց նիւթական ներդրումով հիմը դրին ամերիկահայ դպրոցներուն: Ն.Տ.Ս.- Ձեր խօսքին մէջ նշեցիք, թէ ունիք շուրջ 1900 շրջանաւարտներ. որքանո՞վ անոնք կը նպաստեն դպրոցի յառաջընթացին: ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Թէեւ հիմնական ուսումնասիրութիւն մը չենք կատարած այս ուղղութեամբ, բայց կարելի է քանի մը կէտեր յիշել եւ ըստ այնմ՝ եզրակացութիւններու հասնիլ: Առաջին՝ մեր ներկայ աշակերտութեան թիւին 22 տոկոսը դպրոցի շրջանաւարտներու զաւակ է, ինչ որ ցոյց կու տայ մեր շրջանաւարտներուն հաւատքը իրենց յաճախած դպրոցին հանդէպ: Երկրորդ՝ ունինք շօշափելի թիւով ուսուցիչներ, որոնք կու գան մեր շրջանաւարտներու կամ այլ հայկական դպրոցներու շրջանաւարտներու շարքերէն: Երրորդ՝ ունինք «Ֆերահեան»ի Շրջանաւարտից միութիւնը, որուն անդամները տարբեր միջոցառումներով կը փափաքին քով-քովի գալ, ստեղծել ընկերային ժամ, նաեւ նիւթապէս նպաստել դպրոցին: Չորրորդ՝ որոշ թիւով շրջանաւարտներ կը փափաքին գալ դպրոց եւ իրենց ուսումնական փորձառութիւնը եւ արձանագրած յաջողութիւնները օրինակ ծառայեցնել մեր աշակերտներուն: Եւ վերջապէս, քիչ չէ թիւը այն շրջանաւարտներուն, որոնք գաղութի տարբեր կազմակերպութիւններու անդամ են, կամ ստանձնած են ղեկավար պատասխանատուութիւններ: Ն.Տ.Ս.- Ակնյայտ է, որ կրթական հաստատութիւն մը պահելու գրաւականներէն կարեւորագոյնը նիւթականի ապահովումն է: Որո՞նք են դպրոցի նիւթականի հիմնական աղբիւրները: ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Նիւթական մեծագոյն աղբիւրը ծնողներէն գոյացած կրթաթոշակներու գումարն է: Իւրաքանչիւր աշակերտի կրթաթոշակ որոշուած է 7000 տոլար, արձանագրութիւնը՝ յաւելեալ 525 տոլար, իսկ գիրքերու եւ տարազներու համար՝ 500-1000 տոլար: Դպրոցի ընդհանուր պիւտճէն, վերջին երեք-չորս տարիներուն, հինգ միլիոն տոլարի շուրջ է եւ ունի 300,000-350,000 բաց: Աւելի քան տասնամեակ մը բարեբախտութիւնը ունեցած ենք վայելելու «Լինսի» հիմնարկի շօշափելի յատկացումները, սկիզբը՝ տարեկան 100,000, իսկ վերջին քանի մը տարիներուն՝ 200,000 տոլար: Նկատի ունենալով, որ «Լինսի» հիմնարկը դադրեցուց իր գոյութիւնը, դպրոցը նախաձեռնեց լուրջ կրճատումներու, առանց զիջելու դպրոցի մակարդակը: Դպրոցի ուսումնական մարմինները եւս իրենց հաւաքական ճիգով տարին 100,000-200,000 տոլարի դրամահաւաք կը կատարեն՝ զանազան միջոցներով: Ն.Տ.Ս.- Բոլոր աշակերտներն ալ լրիւ կրթաթոշակ կը վճարե՞ն: ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Դպրոցը երեք տեսակի զեղչեր ունի. երկրորդ եւ երրորդ զաւակ ունեցողները ինքնաբերաբար խորհրդանշական զեղչ կը ստանան: Դպրոցի պաշտօնէութեան մաս կազմող անձերու զաւակները յիսուն տոկոս զեղչ կը ստանան, իսկ այն ընտանիքները, որոնք տարեկան 60,000 տոլարէն նուազ եկամուտ ունին, կը ստանան 15-35 տոկոսի զեղչ, ըստ իրենց նիւթական կարիքներուն: Ն.Տ.Ս.- Քանի մը տարիներէ ի վեր երկրի տնտեսութիւնը կը գտնուի վատ վիճակի մէջ եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ: Բարելաւման յոյսեր չկան մօտ ապագային: Այս կացութիւնը ինչպէ՞ս կ՛ազդէ դպրոցին վրայ: ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Ոչ միայն երկրի տնտեսական վատ իրավիճակը նեղ դրութեան կը մատնէ մեր եւ առհասարակ հայկական դպրոցը, այլեւ ուսումնական գիտելիքներ ջամբելու ուղղութեամբ դրուած նորանոր նիւթական պահանջները օրըստօրէ կը շատնան: Որակեալ ուսուցիչներ պահելու բարձր ամսավճարները, դպրոցի ընթացիկ ծախսերու բարձրացումը եւ «թեքնոլոճի»ի բերած պարտադրանքները կը ծանրացնեն դպրոցին նիւթեան բեռը: Աւելի՛ն՝ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու առնչուող առողջապահական, ապահովական եւ նմանօրինակ այլ կարիքներու բաւարարման ծանր բեռը: Բացայայտ է, որ ոչ-պետկան դպրոցներ, ինպիսին են հայկական դպրոցները, օժանդակութիւն չեն ստանար պետութենէն: Մեր դպրոցը կը գոյատեւէ՝ իրաքանչիւր աշակերտէ գանձելով տարեկան շուրջ 7500-8000 տոլար վճարում, անշուշտ առանց զեղչերու պարագան նկատի ունենալու: Մինչդեռ, Քալիֆորնիոյ կառավարութիւնը դպրոցներուն կը յատկացնէ շուրջ 11,000 տոլար՝ իւրաքանչիւր աշակերտի համար, իսկ այլ անձնական դպրոցներ, իւրաքանչիւր աշակերտէ կը գանձեն 10,000-30,000 ամերիկեան տոլար: Այս ընդհանուր պատկերը նկատի ունենալով՝ «Ֆերահեան»ը, կամ հայկական որեւէ այլ դպրոց, իրականութեան մէջ հրաշք կը գործէ, յատկապէս երբ բաղդատենք ցած եկամուտի աղբիւրները եւ արձանագրուած բարձր յաջողութիւնները: Իմ կարծիքով, յաջողութեան բանալին կը գտնուի հաստատուն եւ հետեւողական կերպով ուսումնական վիճակը առաւել եւս բարելաւելու մէջ: Նուազագոյն ընկրկումը կամ զիջումը ուսումնական մակարդակէն՝ նիւթականի խնայողութեան պատճառով՝ դպրոցը կրնայ մատնել նիւթական մեծ կորուստներու: Յստակացնեմ. երբ ծնողք մը ինչ-ինչ պատճառով ենթադրէ, թէ դպրոցը զիջած է ուսումնական իր մակարդակը կամ հարկ եղած ծառայութիւններէն, անմիջապէս իր զաւակը դուրս կրնայ բերել դպրոցէն: Նմանօրինակ, երկու-երեք ծնողքի կողմէ տրամադրուած կրթաթոշակը արդէն իսկ կրնայ շուրջ 20,000 տոլարի կորուստ պատճառել: Իսկ, այս միեւնոյն գումարով կարելի է կոկիկ ծրագիրներ կամ յառաջդիմութիւններ ապահովել: Այս իմաստով, նիւթականի խնայողութեան հեռանկարով ո՛չ մէկ ուսումնական զիջում արդարացուցիչ է: Պէտք է հետեւողական կերպով ծնողներուն ցոյց տալ դպրոցական ֆիզիքական վիճակի բարելաւումը, պահպանել ուսումնական յաջողութիւններու մակարդակը եւ փորձել ներառել նորանոր աշակերտներ: Մէկ խօսքով, հետեւողական վերելքը, թէկուզ դանդաղ, քայլ առ քայլ, ճակատագրական գործօնն է հայ դպրոցի պահպանման եւ գոյատեւման: Իրաւունք չունինք պակասը տալու, քան ինչ կու տան այլ հանրային թէ անձնական դպրոցներ: Ընդհակառակը, պէտք է գիտնանք քիչ գանձուածին դիմաց շատ աւելի յաջողցենել ու տալ: ՆԱԶ ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ «Ասպարեզ»
Նոյյան տապան  -   Հարցազրույցներ