Գերսամ Ահարոնեանը Դպրոց, Հնոց, Դարբնոց


Գերսամ Ահարոնեանը Դպրոց, Հնոց, Դարբնոց

  • 25-01-2012 23:20:13   | Լիբանան  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Կ′ըսեն՝ մեծերուն մասին արտայայտուիլը ու զանոնք արժեւորելը մեծութիւն է։ Մենք ալ կ′ըսենք՝ մեծերուն հետեւիլը ու անոնցմէ օրինակ առնելը առաքինութիւն է, իսկ զանոնք մեծարելը՝ կրկնակի բարեմասնութիւն։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան, յատկապէս ներկայ իրականութեան մէջ, մեծերը արժանի է որ մեծարուին համապատասխան մեծադրութեամբ, մեծերու յատուկ մեծութեամբ, մեծարանքի յիշատակելի մեծարարութեամբ։ Բնական է, երբ կը խօսինք մեծերու մեծութեան մասին, իւրաքանչիւրը իր կալուածէն, մարզէն կամ բնագաւառէն ներս, պէտք է տալ անոր արժեւորումը ու կատարել գնահատումը լայնահունչ դերակատարութեան մը աշխատանքային տուեալներով ու ներդրումային իրագործումներով, ոչ միայն ժամանակագրական հետեւողականութեամբ, այլեւ՝ ապագայական արձանագրութեամբ։ Գերսամ Ահարոնեանը, որոշապէս կ′իյնայ այն մեծերու շարքին, որուն կեանքն ու գործը եղան այնքան ուսանելի եւ օրինակելի, որ դարձաւ ինքնատիպ դպրոց մը հայրենասիրութեան, գաղափարապաշտութեան, ազգանուիրուածութեան ու մամլոյ ծառայութեան։ Միտքի ու գրիչի, սկզբունքի ու հաւատամքի թռիչքով, Գերսամը դարձաւ իր ժամանակի տիրական ներկայութիւններէն մէկը, եղաւ տոկուն անհատականութեան մտաւորականներէն, դարձաւ աչքառու գործիչներէն, ճանչցուեցաւ աննահանջ պահանջատէրերէն։ Մեր կարծիքով, Գերսամ Ահարոնեան մարդը, իր հայեցիութեամբ, գաղափարախօսութեամբ, տեսլապաշտութեամբ ու սերնդակերտութեամբ, անտարակոյս, հանդիսացաւ «շնչող ու շնչեցնող» երեւոյթ մը, իր պատմագէտութեամբ, դաստիարակութեամբ ու հրապարակագրութեամբ, մնալով այդպիսին, նոյնիսկ իր վաղաժամ մեկնումէն ետք։ Ահա թէ ինչո՛ւ՝ Գերսամին մասին արտայայտուիլը, ինչպէս կ′ըսէի յատուկ առիթով մը, թէ՛ դիւրին է, թէ՛՝ դժուար։ Դիւրին է, որովհետեւ ունէր հաղորդական անմիջականութիւն, անկեղծ մտերմութիւն, հարազատ յարաբերութիւն բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք իրենց ազգային-գաղափարական ծառայութիւններուն մէջ, անսակարկելի, անհամեմատելի եւ անխորշելի չափանիշերով կը գործեն, իսկ աններող եւ անզիջող էր բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք պատեհապաշտաբար, հաշուենկատաբար ու չարամտաբար կը միջամտեն։ Դժուար է, որովհետեւ խստապահանջութեան ու զգաստութեան կարծր անհատականութեան տէր Գերսամին, հազիւ թէ մէկը կարենար իր վրայ ազդեցութիւն գործել, ի մասնաւորի երբ հարցը կը վերաբերէր գաղափարական ուղղութեան, հայ եկեղեցւոյ տագնապին, հայկական պահանջատիրութեան, յատենի հայրենի իրականութեան եւ առ հասարակ ազգային փշոտ խնդիրներուն, ուր Գերսամին հետ «վիճիլ»ը կամ «մրցիլ»ը կը դառնար անիմաստութեան համազօր… անիմաստութիւն մը։ Պատահական չէր որ՝ Գերսամ Ահարոնեան, տակաւին դպրոցական-երիտասարդական, ապա՝ չափահասական տարիներուն, ապրեցաւ իր ժողովուրդի յոյզերով ու տագնապներով, ելեւէջներով ու վերիվայրումներով, սակայն, մի՛շտ վճռակամութեամբ, համոզումով ու հաւատքով, թէ հայը իրաւունք չունի ընկրկելու կամ տեղի տալու, այլ մնալու պատնէշի վրայ, պայքարի մարտունակութեամբ, ոգիով ու լիցքով դիմագրաւելու պարտուողական ծրագիրները ու յաղթահարելու արուեստական խոչընդոտները։ Գերսամը կանուխէն ընտրած էր իր ազգային կիզակէտերը. - Գաղափարախօսական երթը՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ճամբով - Համախմբուածութեան երթը՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ճանապարհով - Մշակութապահպանութեան երթը՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ուղիով - Հաւատաւորութեան երթը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջական միութեան ու նուիրապետութեան կարգով - Հայկական պահանջատիրութեան երթը՝ «Գալ տարի Վանի մէջ» նշանախօսքով. - Նոր սերունդի դաստիարակութեան երթը՝ հայ դպրոցի ու ուսումնառութեան բովով։ Այս քիչ ըսուած, սակայն, շատ հասկնալիութեան գործունէութեանց դաշտը ո՞ւր կրնար ըլլալ, եթէ ոչ հայ մամուլը, որ ամենէն կարճ, արագ ու հարազատ միջոցն էր, ամրակուռ կամուրջը ու կենսունակ խօսափողը։ Գերսամը, ի շարս իր բազմաբնոյթ ու բազմակողմ յատկութիւններուն ու շնորհներուն, կը մնայ իր ժամանակի նորօրեայ հայ լրագրութեան պատմութեան նշանակելի կերտիչներէն, որուն ամբողջ հրապարակագրութիւնը չի դադրիր այսօր ու նոյնիսկ վաղը իր հնչեղութիւնը կորսնցնելու հմայքէն։ Գերսամը ամէն ինչի մէջ ինքնատիպ ըլլալով, հոս եւս կը պահէր իր իւրօրինակութիւնը, որովհետեւ, եթէ ընդհանրապէս հայ մամուլին ծառայողները նախ կ’ըլլան լրագրող կամ յօդուածագիր, ապա՝ խմբագիր, Գերսամի պարագային, ան գերազանցապէս խմբագիրի պատմուճանով մուտք գործեց հայ մամուլի անդաստան, դառնալով նոյնքան անուանի հրապարակագիր։ Թերեւս ոմանց համար քիչ մը նորութիւն, քիչ մըն ալ տարօրինակ է այս տարազումը, սակայն, պերճախօս իրականութենէն ի՞նչ կը փոխուի, երբ մամուլը ուսումնասիրողը հարկադրուած կ′ըլլայ ընդունելու զայն կամ այլ բացատրութիւն չգտնելու։ Գերսամ լրագրութիւն չէր ուսանած, ոչ ալ տիրացած համալսարանական վկայականի, բայց, անտարակոյս, ան ծնած էր խմբագիր, ձիրքի ու կոչումի իր լրիւ երանգներով եւ արտայայտամիջոցներով։ Ասով պէտք է արդարացնել այս մեծ մարդուն հայ մամուլին մէջ յաջողելու բարենշային գրաւականը, որուն մէջ «հրաբխայ»ին լրացուցիչ դեր ունեցան նաեւ անոր անյագ ընթերցումները, գիտելիքներու պաշարը, մեկնաբանական ոլորտները, տրամաբանական վերլուծումները եւ ճիշդ կողմնորոշուելու ընտրանքները։ Անոր սուր գրիչը, հատու ոճը, շատ յաճախ խարազանող ըլլալու աստիճան, զինք դարձուցած էին փնտռուած հեղինականութիւն, նոյնիսկ իր գաղափարական հակառակորդներէն, բոլորն ալ սպասելով անոր գրութիւններուն, մանաւանդ ազգային կեանքին մէջ «ցնցող» հարցերու առընչութեամբ։ Ահարոնեանի հրապարակագրութիւնը առարկայական էր ու ճակատային, հեռու զգացական ու պարագայական զեղումներէ, քանի իր արտայայտած միտքերը կը բխէին գաղափարախօսական խոր համոզումներէ, աշխարհայեացքային վճիտ ակունքներէ եւ հայրենասիրական անշեղ դիտարկումներէ։ Եթէ ՌԱԿը էր իր ազգային դաւանանքի ու գաղափարական աւիշի ոգին, ապա՝ «Զարթօնք»ը իր հոգեկան տունն ու ներշնչման աղբիւրն էր, ինք դառնալով անոր աննկուն «նաւապետ»ը, զայն հասցնելով մինչեւ սփիւռքահայ ու հայրենի ընթերցողներ։ Հոս պէտք է արձանագրել, որ Ահարոնեանը՝ իբրեւ ներհուն խմբագրապետ, հաւատալով արժանաւոր երիտասարդներուն քաջալերելու հրամայականութեան, տեղ կու տար անոնց, կը կոփէր, կ′ուղղէր, յուսալով որ անոնք օր մը կը շարունակեն այս գործը։ Այսօր, կա՞ն այդ տեսիլքով զինուած ղեկավարներ, պատասխանատունե՛ր, որոնք կը գիտակցին հայ թերթի անփոխարինելիութեան, անհրաժեշտութեան կամ կարեւորութեան, իր խմբագրական կազմով, աշխատակցային ցանցով ու մակարդակային պահպանումով։ Պատասխանները այս հարցադրումներուն մեր չորսդին են, մեր շրջապատին մէջ են, որ տխուր ըլլալու ու վայրէջքի մէջ գտնուելու ընթացքի մէջ է, որովհետեւ՝ նախ մամուլի դերակատարութիւնը գնահատողներուն թիւը քիչ է, մամուլի հասկացողութիւնը խեղաթիւրուած է, մամուլի նոր գործիչներ պատրաստելու նախանձախնդրութիւն չկայ, իսկ ամենէն վտանգաւորը՝ մամուլը սկսած է վերածուիլ միջակութիւններու ու պատահականութիւններու անհաճոյ բեմի։ Պէտք է ընդունիլ այս դառն ճշմարտութիւնը, իր ընդհանրական, բայց անխուսափելիական բովանդակութեամբ։ Գերսամ Ահարոնեան հպարտանալու շատ բան ունենալու է, որ կրցաւ զինք յաջորդողներու կամ շարունակողներու ընտրանի մը մէջտեղ բերել, բայց, այսօր հպարտանալու ի՞նչ մնացած է, երբ անոնք կան-չկան, ներկայ-բացակայ են, իսկ անդին՝ ի՞նչ մնացած է Գերսամական դպրոցի ցանքէն ու բերքէն։ Այսօր, քիչ մը որոշ տեղեր, կը լսենք Գերսամ Ահարոնեանին անունը եւ անոր կարգ մը կարգախօսողները գործածողներ, որոնք, շատ յաճախ ալ, առանց գիտնալու անոր ինքնութիւնը, պատմութիւնը կամ էութիւնը, կը փորձեն ինչ որ բան ապացուցել (՞), մինչդեռ, լաւ կ′ըլլար որ Գերսամին խօսքն ու կտակը զանոնք ստիպէր դիմելու խորհրդածութեան, խորհրդածութիւն, որ առաջնորդէր վերականգնումի ու վերանորոգումի գործօններուն։ Գերսամը եւ իր գաղափարակից փաղանգը, գործեցին ու պատրաստեցին, մշակեցին ու արդիւնաւորեցին, յանուն ազգային փայփայելի գերխնդիրներու պաշտպանութեան, պահպանութեան ու զօրակցութեան, որուն մէջ մամուլը ունէր կենսական առաջնորդութիւն եւ ուղղուածութիւն, իսկ ինք կը հանդիսանար անոր համադրողը, ներդաշնակողն ու հուանաւորողը, խիստ հեզասահական, գրաւչական ու հաղորդական մօտեցումով։ Մենք եւս՝ մեր սերնդակիցները, աներկբայօրէն, գերսամական դպրոցէն շրջանաւարտ եղանք, զինուորագրուեցանք, պայքարեցանք, սատարեցինք, կոչումի եւ առաքելութեան կառչածութեամբ ու ձեռնհասութեամբ, նոյն ուղեգիծը՝ գաղափարական, հրապարակագրական ու խմբագրական, շարունակելով ու դրսեւորելով։ Համեստաբար, այս առիթով կ′ուզեմ հոս արձանագրել, որ հայ մամուլի ասպարէզէս ներս, 1970 Դեկտեմբերէն սկսեալ, իմ հրապարակագրական ելիցս սկսած է Յովհաննէս Աղպաշեանի հօրենական ժառանգութեամբ, ապա, անոր կնքահայրութիւնը՝ Գերսամական օրհնութեամբ, իսկ մկրտութիւնը՝ «Զարթօնք»եան խորանով, որուն նուիրուելու քառասուն տարուան հրապարակագրական-խմբագրական ծառայութեան մէջ գտնուելու պատիւն ունեցած եմ (եւ ունիմ)։ Բաց աստի, յայտնաբերեցի նաեւ, որ իմ խմբագրական երկարատեւ գործունէութեանս շրջանին, մշակած եմ, այսպէս ըսած, գերսամական գրականութիւն, որ այս մեծին մեծութիւնը մեծարելու համար, մեծարանքով լի մեծարանքի արժանի մտորումներ ըրած եմ, անպաճոյճ եւ անսեթեւեթ հպումներով։ Ասկէ ալ՝ մղձաւանջային մտահոգութիւն մը, աղաղակելի պոռթկումով, զոր առաջին անգամ կը յայտարարեմ. Հայրենի իշխանութիւնները ինչո՞ւ այս մեծ մարդուն անունը յաւերժացնող մնայուն իրագործումով մը հանդէս չեն գար։ Եթէ չեն ճանչնար Գերսամը եւ անոր բերած գերգնահատելի նպաստը, ուղղակի աններելի է, իսկ եթէ չեն գիտեր՝ այդ ալ ուրիշ աղէտ է։ Ժամանակն է որ, ինչպէս Ահարոնեանը եւ իր գաղափարի ղեկավարները, արժանիօրէն եւ արժանաբար գնահատուին իրենց հայրենիքին մէջ, եւ ասիկա՝ եթէ կայ ազգային արժանապատուութեան եւ ազգային գիտակցութեան սթա՛փ յանձնառութիւն։ Վերջին հաշուով, չի բաւեր միայն հպարտանալ մեր մեծերով, ոգեկոչել զանոնք, վկայակոչել, եւ՝ վերջ։ Հաւատացէք, Գերսամները անհունօրէն արժանի են շօշափելի ներկայութիւններու, թէ Սփիւռքի, թէ՛ հայրենիքի մէջ։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը