Մարմարա. Դերսիմի հայերը դադարում են թաքցնել իրենց հայկական ինքնությունը


Մարմարա. Դերսիմի հայերը դադարում են թաքցնել իրենց հայկական ինքնությունը

  • 11-02-2012 18:09:50   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
«Թիւրքիյէ» թերթի մէջ թղթակից Մելիք Տուվաքլը, «Հայերը իրենց իրական ինքնութեան կը վերադառնան» խորագրեալ լուրի մը մէջ կը գրէ որ երկար տարիներէ ի վեր իրենց իրական ինքնութիւնը թաքցնող հայեր, այժմ, պայմաններու բարելաւման հետեւանքով, սկսան վերադառնալ իրենց իրական ինքնութեան։ Մինչ Հայկական Սփիւռքը աշխարհի ամէն կողմը կը շարունակէ արատաւորել Թուրքիան, կը գրէ թղթակիցը, Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ հայրենակիցները սկսան մէկ առ մէկ վերադառնալ իրենց հայկական ինքնութեան։ Հայ հայրենակիցներ որոնք »Գրիփթօ հայեր« այսինքն »գաղտնի հայեր« կþանուանուէին, այլեւս իրենց ինքնութիւնը պահելու պահանջք մը չեն զգար։ Եկեղեցիներու մէջ կը մկրտուին, իրենց հայկական անուններուն կը վերադառնան։ Այսպէս, իրենց իրական ինքնութեան վերադարձող հայերը երկու տարիէ ի վեր Միութիւն մըն ալ հիմնեցին ու կը գործեն այդ Միութեան երդիքին տակ։ Միութիւնը կը կոչուի »Տէրսիմցիներու Հաւատքի Ու Ընկերային Օգնութիւն« եւ անցեալ ամիս այս Միութեան կողմէ սարքուած ճաշկերոյթին մասնակցեցան մօտաւորապէս 550 հայեր։ Տէրսիմցի Հայերու Միութեան Նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթէքին խօսեցաւ »Թիւրքիյէ« թերթի թղթակցին եւ պատմեց որ ան նախապէս Սէլահատտին կը կոչուէր, հիմա եկեղեցիի մէջ մկրտուեցաւ, իր անունն ալ փոխեց որպէս Միհրան Փրկիչի։ Ըստ Փրկիչի, Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւով հայեր կան, որոնք իրենց բուն ինքնութիւնը կը պահեն եւ դերակատարութիւն կþընեն։ Փրկիչի համաձայն ասիկա այլեւս անիմաստ է։ »Կը կարծեմ որ այսօր այլեւս վախնալու բան չկայ, մենք երկու տարիէ ի վեր հրապարակային գործունէութիւն ցուցաբերող Միութիւն մըն ենք, որեւէ հակազդեցութիւն ալ չտեսանք մեր դիմաց« ըսաւ ան։ Միհրան Փրկիչ Կիւլթէքին 1960ին ծնած է Թունճէլիի մէջ, մօտաւորապէս յիսուն տարի ապրեցաւ Սէլահատտինի անուան ինքնութեամբ։ Երկու տարի առաջ է որ ան վերադարձաւ իր իսկական ինքնութեան եւ իրեն նման հայկական ինքնութեան վերադարձող 70 հայերու հետ միասին հիմնեց այս Միութիւնը։ Երբ իր հայկական ինքնութեան կը վերադառնար, զինքը շրջապատող կարգ մը հայեր վախցան, զինքը մեղադրեցին ըսելով որ ան հիմա գաղտնի հայերուն գոյութիւնը մէջտեղ կը հանէ ու անոնց բուն ինքնութիւնը կը հրապարակէ։ Մինչդեռ ինք ճիշդ հակառակը կը մտածէ։ Ան կը պատմէ որ ինք ապրած ու մեծցած է Թունճէլիի Ճումհուրիյէթ թաղամասին մէջ, որուն նախկին անունը Կազիկ էր եւ ուր մեծամասնութեամբ հայեր կþապրէին։ Երբ մանուկ էր, իր ընկերները, անոնց հետ կռիւ ընելու պարագային, զինքը հայ անուանելով կը նախատէին, այսպէս է որ ան սորված էր որ հայկական ինքնութիւն ունի։ ՍԽԱԼ Է ՔՕՂԱՐԿԵԼ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ Փրկիչ Կիւլթէքին կը պատմէ որ անցեալ ամիս կազմակերպուած ճաշկերոյթին մասնակցող 550 հոգիին միջեւ կային մօտաւորապէս 200 Սասունցի Հայերու կարգին Հէմշինցի, Վագըֆլըցի, Մալաթիացի հայեր։ Ասոնք միշտ իրենց ինքնութիւնը քօղարկող հայեր են, բայց մենք ալ իրենց յանձնարարեցինք վերադառնալ իրենց բուն ինքնութեան։ »Ասոնք իրենց հայկական ինքնութիւնը կը պահեն ու դերակատարութիւն կþընեն, ամէն բան կը դառնան բացի հայ դառնալէ, այսինքն ամէն բան կþըլլան բացի իրենց բուն ինքնութեան տէր կանգնելէ։ Բայց, կþըսէ Կիւլթէքին, քանի որ հայ ես, պիտի չթաքցնես քու ինքնութիւնը։ Հայերը այլեւս պէտք է փրթին ալէվիներու կամ ուրիշ հաւաքականութիւններու մշակոյթներէն։ Պէտք է որ ապրին որպէս հայ։ 500 ՀԱԶԱՐ ԳԱՂՏՆԻ ՀԱՅԵՐ Թէ Անատոլուի մէջ 500 հազար գաղտնի հայեր կան, այս մասին հրապարակում ըրած էր Թուրք Պատմութեան Կաճառի նախկին Նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու։ Ան ըսած էր որ մեծ թիւով հայեր, որոնք իրենց հայկական ինքնութիւնը կը թաքցնեն, կþապրին որպէս Քիւրտ կամ Ալէվի։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը