Փարիզում նշվեց «Արարատ» միջազգային ակադեմիայի 25 ամյակը


Փարիզում նշվեց «Արարատ» միջազգային ակադեմիայի 25 ամյակը

  • 15-02-2012 09:07:55   | Ֆրանսիա  |  Գիտություն եւ տեխնոլոգիաներ
Փարիզի 9րդ շրջանի թաղապետարանի «Ռոսինի» սրահին մէջ, հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ «Արարատ» միջազգային Ակադեմիայի կազմակերպած երկօրեայ գիտաժողովին։ Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք Յունուար 19ի մեր թիւով (315), այս միջոցառումը նպատակ ունէր տօնելու Ակադեմիայի հիմնադրման 25ամեակը։ Ակադեմիա, որ կը միաւորէ աշխարհի զանազան երկիրներէ՝ աւելի քան հարիւր անդամներ, գլխաւորաբար՝ ճշգրիտ եւ բնական գիտութիւններու ներկայացուցիչներ, բայց նաեւ՝ մարդկային գիտութիւններու։ Միջազգային այս գիտաժողովը, որ 5րդն էր, կը նուիրուէր միաժամանակ նշանակալից հինգ տարեդարձներու. հայ տպագրութեան 500ամեակին, Սայեաթ Նովայի եւ Ժան-Ժագ Ռուսոյի ծննդեան 300ամեակին, Ֆրիտեոֆ Նանսէնի ծննդեան 150ամեակին եւ Հայաստանի վերանկախացման 20ամեակին։ Գիտաժողովի բացումէն ետք, շնորհահանդէսի քոքթէյլի մը ընթացքին, մասնակիցները եւ հիւրերը կարելիութիւնը ունեցան ծանօթանալու միմեանց հետ եւ մտքեր փոխանակելու գիտական տարբեր թեմաներու շուրջ։ Այնուհետեւ՝ ժամը 14.30ին սկսաւ միջոցառման բուն՝ գիտական մասը։ Առաջին օրը, ինչպէս նախապէս ալ ծանուցուած էր յայտագրին մէջ, զեկուցողները կ?արծարծէին երկրաբանութեան, ջրաբանութեան, բնապահութեան, տարրաբանութեան (քիմիա) եւ ֆիզիքի առընչուող նիւթեր։ Նիստին նախագահողը Նանթէն փրոֆէսէօր՝ Ժերար Պոսիէրն էր։ Առաջին զեկուցման մէջ՝ Օրլէանի համալսարանէն Ֆրանսուազ Արտիլիէ Գարաս եւ Լիմոժէն՝ Օլիվիէ Պալապանեան, ներկայացուցին մանրամասնութիւններ ֆրանսացի հետազօտող Փիէր Պոնէի գործունէութենէն, որ Հարաւային Կովկասի մէջ աշխատած առաջին երկրաբաններէն էր (1909-1914 թուականներուն)։ Այնուհետեւ Նիսի համալսարանէն Մարք Սոսոն, որ հետազօտութիւններու տնօրէն է, գիտականօրէն պարզաբանեց Փոքր Կովկասի լեռնահամակարգի երկրաբանական շերտերուն պատմութիւնը։ Այս լեռնահամակարգին, ինչպէս ծանօթ է, մաս կը կազմեն նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեանց լեռնաշղթաներուն մեծ մասը։ Երրորդ զեկուցումը կը վերաբերէր Հայաստանի ջրաբանութեան (hydrologie). անոր հեղինակը Ավինեոնի համալսարանէն Իվ Թրավին էր։ Ան գլխաւորապէս պատմեց Հայաստանի եւ մասնաւորաբար՝ Արարատեան դաշտի ստորգետնեայ ջրային պաշարներու ներկայ վիճակին մասին։ Այս նիստին վերջին զեկուցողը ստորջրեայ եւ քարանձաւային հետազօտութեանց մասնագէտ Գլօտ Թուլումճեանն էր. անոր նիւթը կը վերաբերէր Սեւանայ լիճին յատակին (ափամերձ հատուածներուն վրայ) 2010 եւ 2011 թուականերուն կատարուած ուսումնասիրութիւններուն։ Պատկերներով եւ տեսանիւթերով համեմուած զեկուցումը ընդհանուր գաղափար կու տար Սեւանի բուսական եւ կենդանական աշխարհներուն մասին։ Ըստ Թուլումճեանի՝ իրենք Սեւանի յատակը առաջին անգամ տեսախցիկներով վաւերագրած ըլլալով, վերջնական նպատակ մը ունին՝ շարժանկար մը պատրաստելու այդ նիւթերով։ Կարճատեւ ընդմիջումէն յետոյ սկսաւ օրուան երկրորդ նիստը, որուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահութեան նուիրուած զեկուցումով հանդէս եկաւ Ժագ Փէրիկօ։ Այնուհետեւ Պրըթանեըէն հնագէտ Սթեֆան Տէշան ունկնդիրներու ուշադրութեան ներկայացուց Երեւանի ուրարտական հին քաղաքատեղիի՝ Էրեբունի բերդ-քաղաքի տարածքի հնագիտական պեղումներու վերաբերեալ իր պրպտումները։ Անկէ ետք, Նանթի համալսարանէն Վեհարի Սաքայեանի զեկուցումն էր։ Նիստի աւարտին, Փարիզ-6 համալսարանէն Գրիգոր Սահեչեան, որ նաեւ Գիտական հետազօտութեանց ազգային կեդրոնին մէջ հետազօտութեանց տնօրէն է, զեկուցեց թրոփոսֆերայի օզոնի ֆիզիքա-տարրաբանական ձեւաւորման մասին։ Շաբաթ երեկոյեան, գիտաժողովի մասնակիցները հրաւիրուած էին «Տիամանթէր» ճաշարան, ուր հանդիսաւոր ընդունելութեան մը ժամանակ երեք մասնակիցներ պարգեւատրուեցան։ Անոնց յանձնուեցան նկարիչ Ժերանեանի երեք կտաւները։ Գիտաժողովի երկրորդ մասը, որ մեծ մասամբ կը վերաբերէր լեզուական խնդիրներու, տեղի ունեցաւ Կիրակի, նոյն թաղապետարանին այլ մէկ սրահին մէջ։ Այս անգամ արդէն գրէթէ բոլոր ելոյթները հայերէն էին։ Նիստին նախագահողը Արի Թոփուզխանեանն էր։ Առաջին զեկուցողը բանասէր Նորա Պարութճեանն էր, որուն նիւթը խորագրուած էր՝ «Զոհի իրավիճակ եւ արեւմտահայերէն»։ Զեկուցողը գլխաւորաբար խօսեցաւ ֆրանսահայ համայնքին խնդիրներուն շուրջ, քանի մը օրինակներ բերելով նաեւ ԱՄՆ-ու հայ գաղութէն։ Ն. Պարութճեանի գլխաւոր եզրայանգումը այն էր, որ շատ կարեւոր է մայրենի լեզուին կապը հայրենի հողին հետ, բայց քանի արեւմտահայերը ունին կորսուած բնօրրանի խնդիրը, պէտք է այլ միջոցներ գտնել ինքնութեան պահպանման համար։ Ըստ անոր՝ արեւմտահայուն համար լեզուն այն վայրն է, ուր ինք իր ճակատագրի տէրն է, եւ ուր որ ուրիշները չեն կրնար խաղալ իր բախտին հետ, ինչպէս որ յաճախ կ?ըլլայ մեծ քաղաքականութեան մէջ։ Եթէ Հայը իր կամքով չնահանջէ եւ չյանձնէ իր լեզուն, ոչ մէկը կրնայ իրմէ խլել զայն։ «Ոչ թէ մենք ենք, որ կը պահպանենք արեւմտահայերէնը, այլ արեւմտահայերէնն է, որ մեզի կը պահէ որպէս Հայ»։ Ամենէն կարեւորը, Պարութճեանի համաձայն, այն է, որ դուրս գանք պարտուածի կրաւորական հոգեբանութենէն։ Քանի որ ծնողքը եւ ընտանիքը չեն կրնար ապահովել լեզուին բնականոն ժառանգումը, եւ քանի որ լիարժէք լեզուն ոչ թէ տունի, ոչ թէ ընտանեկան երեւոյթ մըն է, այլ ընկերային իրողութիւն, ուստի անոր պահպանման եւ զարգացման համար անչափ կարեւոր է ամենօրեայ դպրոցներուն դերը։ Պարութճեան նշեց, որ անհրաժեշտ է հայերէնի դասաւանդման յստակ քաղաքականութիւն մը որդեգրել, եւ այդ դերը պէտք է ստանձնէ կրթական ընդհանուր մարմինը։ Ըստ իրեն, ինչ որ կը կատարեն օտարները Հայոց լեզուին ուսումնասիրման համար՝ թարգմանութիւններ, ցուցադրութիւններ եւլն., բաւական որակաւոր են ու գրաւիչ։ Մինչդեռ այն աշխատանքները, որ մենք կը կատարենք՝ յաճախ հեռու են բաւարար ըլլալէ։ Աշխատողներուն մեծ մասը սիրայօժար կը գործեն, եւ անոնց պէտք է գոնէ ոգի ներշնչել, որպէսզի կարենան առաւել մեծ եռանդով շարունակել իրենց գործը, նշեց զեկուցողը։ Այնուհետեւ, երկրորդը՝ Կիպրոսի Նիկոսիոյ համալսարանէն Արտա Ճէպէճեան-Պոյնէրեան ներկայացուց իր զեկուցումը, որ խորագրուած էր «Արեւմտահայերէն՝ վտանգուած մայրենի լեզուի մը վերակենդանացումի եւ պահպանումի անյետաձգելի զոյգ մարտահրաւէրները»։ Այս նիւթը առաւելապէս լեզուա-ընկերաբանական ուղղութիւն ունէր։ Զեկուցողը, բաղդատութեան որպէս օրինակ, բերաւ Գերմանիոյ Թուրքերու պարագան, որոնք իրենց դպրոցներուն մէջ թրքերէն աւելի լաւ կը սորվին, քան գերմաներէն։ Ապա, հոգե-լեզուաբան (psycholinguiste) Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան խօսեցաւ իր հանրածանօթ նիւթին՝ հայերէնի դասական եւ նոր ուղղագրութիւններուն մասին, դարձեալ նշելով, որ ատոնց գոյակցութիւնը արգելք է մեր ազգային միասնութեան։ Ըստ Տիկին Գալֆայեանի՝ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ պետութիւնը պատասխանատւութիւն կը կրեն ուղղագրական այս բաժանումին տեւականացման մէջ։ Ինչպէս միշտ, այս անգամուն ալ նշուած խնդիրը բաւական բուռն քննարկումներու առիթ տուաւ։ Յաջորդ զեկուցման մէջ, Փրովանսի համալսարանէն Ռոպէր Տէր Մերկերեան, որ Մարսիլիոյ համալսարանին մէջ հայագիտական ամպիոնի հիմնադիրն է, ինչպէս եւ արդի արեւմտահայերէնի բառեզրաբանական խորհուրդին (ԱԱԲԽ) ստեղծողներէն մէկը, ֆրանսերէնով պատմեց Հայոց լեզուին եւ ինքնութեան մասին, թէ ինչպէս կը փոխանցուին ազգային ինքնութեան մշակութային արժէքները։ Անկէ ետք, Փարիզի Կաթոլիկ հիմնարկէն ծանօթ հայագէտ, կովկասագէտ Պերնար Ութիէ կիսեց իր հետաքրքրական հետազօտական դիտարկումները հայկական միջնադարեան ձեռագիրներուն շուրջ։ Զուիցերիայէն Ֆրանսիս Թեսար ալ, որուն զեկուցումը խորագրուած էր «Մտորումներ Ժան-Ժագ Ռուսոյի երեքհարիւրամեակին առթիւ», ուշագրաւ մանկավարժական դիտարկումներ ըրաւ։ Յաջորդը՝ Արի Թոփուզխանեանն էր, որ «Բանբեր» ամսագրին խմբագիրն է եւ ԱԱԲԽ-ի համա-հիմնադիրը։ Ան ներկայացուց «համակարգչային Աստուածաշունչ»ը. զեկուցողը քանի մը տարի առաջ, Հայաստանի Քրիստոնէացման 1700ամեակին առթիւ, խմբային թարգմանութեան մաս կազմած է՝ Աստուածաշունչը թարգմանելով արեւմտահայերէն։ Յետագային այդ տարբերակը ընդգրկուած է խտասալիկի մը վրայ վեց լեզուներով (լատիներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, սպաներէն եւ հայերէն) արձանագրուած Աստուածաշունչի տարբերակներուն մէջ։ Երաժշտագէտ, «Այբ-Էֆ.Էմ.» ձայնասփիւռի կայանի հաղորդավար Եդուարդ Բարսեղեան հանդէս եկաւ հետաքրքրական նիւթով մը, որ կը վերաբերէր միջնադարեան մանրանկարներուն մէջ երաժշտական գործիքներուն՝ նուագարաններուն վկայութիւններուն։ Եւ վերջապէս, Լոս Անճըլըսէն Մարինա Կեւրեքեան պատմեց գիտական ողիմպիական մրցումներուն մասին, որ կազմակերպած է ինքը երիտասարդ Հայերուն համար։ Երկօրեայ գիտաժողովին ամփոփումը կատարեց «Արարատ» Ակադեմիայի նախագահ Յակոբ Գրքիաշարեան։ Կազմակերպիչներէն միւսը՝ Արի Թոփուզխանեան ալ, հայագիտական-լեզուբանական բաժնին բոլոր մասնակիցներուն յայտնած է, որ կը նախապատրաստուի իրենց զեկուցումներուն ժողովածոյի մը հրատարակումը։ Գիտաժողովին մշակութային ամփոփում կար նաեւ, որ մօտ մէկ ժամ շարունակ՝ հաճելի պահեր պարգեւեց ներկաներուն։ Նայիրի եւ Մելանի Պատալներ դաշնակով եւ թաւջութակով դասական գործեր կատարեցին Ջրբաշեանէն, իսկ անոնց հետեւեցաւ ճազ քառեակի մը հոգեպարար կատարումը։ Արժանայիշատակ է, որ միջոցառման աւարտին՝ բոլոր մասնակիցները ստացան մասնակցութեան վկայականներ, ինչպէս նաեւ օրինակ մը «Ամենայն սիրով» բանաստեղծութիւններու ժողովածոյէն, որ հեղինակած է ամերիկահայ բժիշկ Վարդան Թաշճեան։ Ան ալ, որպէս «Արարատ» Ակադեմիայի անդամ, ներկայ էր գիտաժողովին։ Մասնակիցները որպէս նուէր ստացան նաեւ Ժան Կիւրեղեանի ֆրանսերէն «Հայաստանի պատմութիւն»ը։
Նոյյան տապան  -   Գիտություն եւ տեխնոլոգիաներ