Օհան Պոտրումեան. Տպագիր Գիրքը՝ Հայուն Ուղեկիցը


Օհան Պոտրումեան. Տպագիր Գիրքը՝ Հայուն Ուղեկիցը

  • 02-08-2012 18:08:24   | Լիբանան  |  Վերլուծություն

Հաւատարիմ իր սովորութիւններուն, այս տարի եւս հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, ոգեկոչեց ու կը շարունակէ ոգեկոչել իր արժանաւոր զաւակներու ծննդեան եւ մահուան տարեդարձները, արժեւորելի գտնելով անոնց անունին ու գործին վայել յոբելեաններն ու հանդիսութիւնները: Այո՛, հաւատացողն ենք, որ այս սովորութիւնը պիտի շարունակուի սերունդներուն մօտ, գնահատելով եւ արժանին մատուցանելով երէկի եւ այսօրուան բոլոր արժանաւորներուն, եւ ասիկա աննպատակ չէ, այլ՝ յարգանքի զգացումը փոխանցելու հերթափոխի սերունդներուն, որպէսզի անոնք եւս իրենց կարգին փոխանցեն իրենց յաջորդներուն: Որովհետեւ այն ժողովուրդը որ չի գիտեր յարգել իր արժանաւորները դատապարտուած է անհետանալու: Այս իմաստով ահա, կու գանք այս հանդիսութեամբ մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու հայ ժողովուրդի փայլուն դէմքերէն մէկուն՝ Յակոբ Մեղապարտին՝ անոր ասկէ 500 տարի առաջ, առաջին հայ տպագիր գիրքը հրատարակած ըլլալուն առիթով: Արդարեւ, մեր նպատակն է ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնել թէ ե՞րբ, ինչպէ՞ս, ո՞ւր, եւ ի՞նչ պայմաններու տակ հրատարկուեցաւ տպագիր առաջին հայ գիրքը, պատմական ի՞նչ նշանակութիւն ունեցաւ ան մեր ժողովուրդին համար եւ վերջապէս, ի՞նչ տեղ գրաւեց համաշխարհային տպագրութեան մէջ: Տպագրութեան արուեստը, որ իր բարձրագոյն մակարդակին հասած է այսօր միջազգային առումով, իր գոյութիւնը կը պարտի տպարաններուն, որոնց առաջինը հիմնուած է շուրջ 560 տարի առաջ: Տպագրութեան գիւտը, որ գրականութեան, լուսաւորութեան, եւ գիտութեան տարածման նպաստեց, յաղթահարելով բազում դժուարութիւններ, որոնցմէ առաջինն էր ձեռագիր գիրքերու սխալները, կը պարտինք Գերմանացի՝ Եոհան Կանսգլաշ Կիւթէնպէրկի: Առաջին տպագիր գիրքերը լոյս տեսած են 1452-55 թուականներուն, Գերմանիոյ Մայնց քաղաքին մէջ, ուրկէ տասը տարի ետք միայն տարածուած է Գերմանական այլ քաղաքներ, ինչպէս՝ Սթրազպուրկ, Պամպերկ եւ Գոլոն: 1465-ին սկսած է գործել Սուպիագոյի, Հռոմի եւ Վենետիկի տպագրատուները, հետագային տարածուելով Հոլանտա, Ֆրանսա, Ֆինլանտա, Անգլիա, Զուիցերիա, Սպանիա, Փորթուգալ, եւ այլ վայրեր: 15-րդ դարու աւարտին եւ 16-րդ դարու սկիզբը, տպագրութեան արուեստը գրեթէ ամբողջ արեւմտեան Եւրոպայի մէջ տարածուած էր: Հոս տեղին է յիշել, որ տպագրութեան զարգացումը զուգադիպեցաւ Գերմանիոյ բարենորոգումներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի վերածնունդին: Տպագրութիւնը նպաստեց նոր միտքերու եւ գաղափարներու արագ տարածման: Այդ շրջանին է, որ Թափ առաւ ու սկսաւ հրատարակուիլ մեծ քանակով կրօնական գրականութիւն: 16-րդ դարու սկիզբը, երբ տպագրութեան արուեստը արագընթաց կը շարունակուէր Եւրոպական երեւոյթ մը հանդսանալ, անդին հիւսիսային Ամերիկան տպարան չունէր: Ամերիկեան հողամասին վրայ առաջին տպարանը սկսած է գործել 1530 թուականին, Մեքսիքոյի մէջ, իսկ Ռուսաստանի մէջ՝ 1562 թուականին: 1512-13-ին, երբ տակաւին Վաթսուն տարի չէր ամբողջացած Կիւթէնպէրկի գիւտէն, Վենետիկի մէջ կը հրատարակուի առաջին հայ գիրքը: Սակայն, ի՞նչ պայմաններու տակ հրատարակուեցաւ եւ ո՞վ եղաւ այս մեծ գործին հեղինակը: 11-րդ դարուն կորսնցուցինք Մեծ Հայքի անկախութիւնը, իսկ 1375 թուականին՝ Կիլիկիան: Թրքական եւ Պարսկական 500-ամեայ տիրապետութեան ընթացքին եւ անկէ ետք ալ, Հայաստանը՝ գիր-գրականութեան, ճարտարապետութեան, մանրանկարչութեան, արուեստներու երկիրը ապրեցաւ խաւարի մէջ: Տառապանքի ու զուլումի այդ տարիներուն, բազմաթիւ հայեր ստիպուեցան հեռանալ մայր հողէն, լքելով տուն-տեղ եւ ապաստան փնտռել օտար երկինքներու տակ: Անոնցմէ մաս մը հաստատուեցաւ Գերմանիա եւ Լեհաստան, ուրիշ մը՝ Մոլտովիա, Իրան, Հնդկաստան, Իտալիա, եւայլն: Մայր հողէն հեռու օտար երկինքներու տակ թէեւ գաղութներ ստեղծուեցան, սակայն հայը միշտ կառչած մնաց իր ակունքներուն, պահպանեց իր ինքնութիւնը, բայց մանաւանդ՝ զարգացուց իր մշակոյթը: Բաց աստի, որպէս աշխատասէր ու պրպտող, իր բնական երկիրներուն փորձառութիւններէն օգտուելով եւ ասոր վրայ հայկական ձիրքը օգտագործելով, յառաջդիմեց ու ստեղծեց այնպիսի ձեռնարկներ, որոնց իրագործումը անկարելի պիտի ըլլար Հայաստան աշխարհի մէջ, 15-18-րդ դարերուն: Մեր դարաւոր ու հարուստ մշակոյթը արձանագրած է յատկանշական երեւոյթներ, որոնք կարելի է իսկական յեղարջումներ նկատել հայ ժողովուրդին համար: Օրինակ, 405-406-ին՝ գիրերու գիւտը, 1512-ին՝ հայ տպագրութեան ծնունդը եւ 1794-ին՝ հայ մամուլի ստեղծումը: Վերոյիշեալներէն երկուքը իրագործուած են Հայաստանէն դուրս, առաջինը՝ տպագիր գիրքը,Վենետիկի մէջ, իսկ՝ առաջին թերթը՝ «Ազդարար» Մատրասի մէջ: Կիւթէնպէրկի գիւտէն ետք, Վենետիկը դարձաւ համաշխարհային տպագրութեան կեդրոններէն մէկը, իր երկու հարիւր յիսուն տպարաններով: 12-րդ դարուն, Վենետիկի պետութիւնը, առեւտրական յարաբերութիւն չէր ունեցած արեւելեան Միջերկրականի երկիրներուն, ներառեալ Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան հետ: Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, ինչպէս վերը յիշեցինք բազմաթիւ հայեր իրենց տունն ու տեղը ձգելով հաստատուեցան օտար երկիրներ եւ հաստատեցին գաղութներ: Ուստի, Ադրիականի եզերքին գտնուող Վենետիկն ալ, որպէս առեւտրական եռուն կեդրոն, հայութիւնը հոն եւս հաստատեց իր գաղութը. Սակայն իր հոգեկան կապը միշտ վառ պահելով մայր հողին հետ: Հոս, Վենետիկի այս գաղութն էր, որ լոյս աշխարհ բերաւ առաջին հայ տպագիր գիրքը, շնորհիւ համեստ հայ հոգեւորի մը՝ Յակոբ անունով, որ իր հայրենակիցներուն նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ հիմնեց տպարան՝ Վենետիկի գիր հնարող վարպետներու կողմէ պատրաստուած բոլորագիր գիրերով: Յակոբին տպարանը գործեց միայն երկու տարե 1512-13: Այդ կարճ ժամանակամիջոցին Յակոբ հրատարակեց հինգ գիրքեր, «Ուրբաթագիրքը», «Աղթարքը», «Պատարագատետր», «պարզատումար», եւ «տաղարան», իւրաքանչիւրը կ'ըսուի թէ 300-500 տպաքանակով: «Ուրբաթագիրքը» եւ «Աղթարքը» կը պարունակէին բժշկական, ինչպէս նաեւ մաղթանքային ձեւակերպումներ ընդդէմ չարի, դեւերու, գազանի եւ կախարդութիւններու, անոնցմէ ապահովութիւն ստանալու նիւթեր: «Պատարագատետրը» հայ եկեղեցուոյ նիւթեր, «Պարզատոմարը» օրացոյց մըն էր, որ կը պարունակէր հայ եկեղեցուոյ կարեւոր Տօնակատարութիւնները, իսկ «Տաղարան»-ը բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ մըն էր, ուր տեղ գտած էին Գ. Նարեկացիի, Ն. Շնորհալիի, Ֆրիկի, Յովհաննէս Թլկատնցիի, եւ Ն. Յովնաթանի գործերէն: Յակոբի հրատարակած այս գիրքերը մեծ համբաւ ու տարածում գտան շնորհիւ իրենց բովանդակութեան եւ գործածուեցան զանազան միջավայրերու մէջ: Եթէ հարց տանք, թէ ո՞վ էր Յակոբ Մեղապարտ, դժբախտաբար պատասխանը պիտի չըլլար Յակոբ Մեղապարտ (Յղացում՝ Վ. Զարդարեանի) ամբողջական, քանի որ իր մասին կցկտուր տեղեկութիւններ կան: Մեղապարտին տպագրած գիրքերուն վերջաւորութեան կայ տպարանանիշ մը, որ խաչակիր շրջանակ է երկգիծ քառակուսիի մէջ: Շրջանակը բաժնուած է չորս մասի, իւրաքանչիւրին մէջ կայ լատիներէն սկզբնատառ մը՝ D.I.Z.A: Ըստ բանասէրներու, այդ սկզբնատառերը կը վերծանուին այսպէս. D=Dei Senvus (Աստուծոյ ծառայ) I=Iacobus (Յակոբ) Z=Zanni (Ծաննի՝ Յովհաննէս «Եանց») A=Armenius (Հայ) Ուրեմն՝ Աստուծոյ ծառայ Յակոբ Յովհաննէսեանց Հայ: Հրատարակուած գիրքերէն «Պատարագատետր»-ը ունի հետեւեալ յիշատակարանը. «Գրեցաւ սուրբ տառա ի ՋԿԲ ի աստուծապահ քաղաքս ի վէնէժ որ է Վենետիկ ֆրանկստեան ձեռամբ Մեղապարտ Յակոբին ով որ կարդայք մեղաց թողութիւն խնդրեցէք Աստուծոյ»: Յակոբ փափաքին անսալով խնդրած է Աստուծոյ թողութիւնը եւ զինք շարունակած է կոչել «Յակոբ Մեղապարտ»: Յակոբ Մեղապարտէն ետք, շուրջ յիսուն տարի հայ գիրքը չէ հրատարակուած: Յիսուն տարի ետք, շնորհիւ Աբգար Թոխաթեցիի՝ ճանչցուած որպէս ազատագրական պայքարի կարեւոր անձնաւորութիւն, Վենետիկի մէջ հիմնեց նոր տպարան մը, հոն օգտագործելով Յակոբ Մեղապարտի հրատարակած հինգ գիրքերու զարդագիրերը: Տարի մը ետք, Թոխաթեցի իր տպարանը փոխադրեց Կ. Պոլիս, ուր հիմը դրուեցաւ հայկական տպագրութեան 1566 թուականին: Հետագային նոյն քաղաքին եւ ապա Վատիկանի մէջ Աբգարի զաւակը՝ Սուլթանշահ եւ անոր յաջորդները շարունակեցին տպագրական գործը շուրջ երկու հարիւր տարի, 16-18-րդ դարերուն: Նոյն շրջանին հիմնուեցան ուրիշ տպարաններ, այլ գաղութներու մէջ, 1660-ին Լվով, 1638-ին Նոր Ջուղա, 1660-ին՝ Ամսթերտամ, ապա Լիվորնս, Մարսէյլ, Մատրաս, եւ այլն: Վերջապէս, առաջին հայ գիրքի հրատարակութենէն երկու հարիւր վաթսուն տարի ետք, շնորհիւ Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսի ջանքերուն, հայրենի հողին վրայ հիմնուեցաւ առաջին տպարանը՝ 1771 թուականին: Այստեղ անհրաժեշտ է նշել նաեւ որ 1776-ին Էջմիածնի մէջ շինուեցաւ նաեւ թուղթ պատրաստող գործարանը: Հայերէն առաջին տպագիր գիրքը՝ «Ուրբաթագիրք»-ը, ըսինք լոյս տեսած է 1512 թուականին, Վենետիկի մէջ, Յակոբ Մեղապարտի ջանքերով: Անցած 500 տարիներուն աշխարհի չորս ծագերուն, լոյս տեսած է աւելի քան հարիւր քսան հազար անուն հայերէն գիրք՝ ըստ հարենի մասնագէտներու: 1512 թուականին մինչեւ 1800-ականները, լոյս տեսած է հազարէ աւելի անուն գիրք: Այդ գիրքերը կը կոչուին հնատիպ: 1801-1918՝ Հայաստանի հանրապետութեան ստեղծումը, լոյս տեսած է տասնըինը հազար անուն հայերէն գիրք, 1918-1997 թուականներուն հայաստանի մէջ տպագրուած է եօթանասուն հազար հայերէն գիրք՝ շուրջ կէս միլիար տպաքանակով: Այդ նոյն ժամանակաշրջանին, այսինքն՝ 1918-1997 սփիւռքի մէջ լոյս տեսած է շուրջ երեսուն հազար անուն գիրք: Այսպիսով, մինչեւ մեր օրերը, լոյս տեսած հայերէն գիրքերուն թիւը կ'անցնի հարիւրքսան հազար անունը, որուն կէսէն աւելին եւ տպաքանակի ութսուն տոկոսը տպագրուեցաւ հայաստանի մէջ: Մեզի յստակ չէ, թէ ինչ տպաքանակ ունեցէր է հայերէն առաջին տպագիր գիրքը՝ «Ուրբաթագիրք»-ը: Հաւանաբար ան լոյս տեսած է քանի մը հարիւր օրինակով: Մինչեւ 1918 թուականը՝ լոյս տեսած գիրքերը մեծ տպաքանակ չեն ունեցած: Այդ թիւը Վենետիկի ու Վիեննայի մէջ կը տատանուէր երեք հարիւր-երկու հազարի միջեւ: Համարեայ նոյն տպաքանակը ունեցած են հայերէն այն գիրքերը, որոնք լոյս տեսած են հայ տպագրութեան միւս կեդրոնները՝ Թիֆլիսի, Կ.Պոլսոյ, Երեւանի, Պաքուի, Մոսկուայի, եւ Աստրախանի մէջ: Այժմ ալ սփիւռքի մէջ հայերէն գիրքի տպաքանակը չէ անցած հինգ հարիւրը: Բացառիկ դէպքեր են եղած, երբ որեւէ հայերէն գիրք կը տպագրուէր հինգ հազար կամ աւելի տպաքանակով: Հայաստանի մէջ տպագրուած աւելի քան եօթանասուն հազար անուն գիրքը վիթխարի հրատարակութիւն է, որուն մէջ մեծ բաժին կը կազմէ հայ ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութիւնը: Քանի մը անգամ լոյս տեսած են Կորիւնի, Ագաթանգեղոսի, Փաւստոս Բիւզանդի, Եղիշէի, Մովսէս Խորենցաիի, Ղազար Փարպեցիի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Եզնիկ Կողբացիի, Դաւիթ Անյաղթի, Անանիա Շիրակացիի, Ստեփանոս Օրբելեանի, Մաթէոս Ուռհայեցիին եւ ուրիշ պատմիչներու, պատմագիրներու, ու գիտնականներու երկերը: Հարիւր հազարաւոր տպաքանակներով լոյս տեսած են Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի, Սայաթ Նովայի, խաչատուր Աբովեանի, Միքայէլ Նալպանտեանի, Պերճ Պռոշեանի, Մուրացանի, Ղ. Աղայեանի, Յ. Յովհաննէսեանի, Յ. Պարոնեանի, Պ. Դուրեանի, Ծերենցի, Մեծարենցի, Սիամանթոյի, Դ. Վարուժանի, Ե. Օտեանի, Վ. Թէքէեանի, երկերը: 1990-ականներուն լոյս տեսաւ հայագէտ ու գրականագէտ՝ Մանուկ Աբեղեանի երկերուն ութ հատորեակի ակադեմիական հրատարակութիւնը, իւրաքանիւչր հատորը եօթ հազար տպաքանակով: Վախթանք Անանեանի հրատարակած երկերուն ընդհանրուր տպաքանակը կ'անցնի կէս միլիոնը: Ատրպէտք, «Տժվժիկ»-ը լոյս տեսած է քանի մը անգամ, համարեայ ահրիւր հազար տպաքանակով: Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Գրականութեան ինստիտուտը լոյս ընծայած է Ակսէլ Բակունցի երկերուն չորս հատորեակը իւրաքանչիւրը քսան հազար տպաքանակով: Մեծ տպաքանակներով լոյս կը տեսնեն Սիլվա Կապուտիկեանի չափածոյ եւ արձակ երկերու ժողովածուները: Յովհաննէս Շիրազի երկերը լոյս տեսած են տասնեակ հազարաւոր քանակներով: «քնար Հայաստանի» բազմահազար ժողովածուն, «Առակս Զինչ Ցուցանի», Սիամանթօ եւ խչեզարէ եւ «Յուշարձան Մայրիկիս» գիրքերը յիսուն-վաթսուն հազար տպաքանակով լոյս տեսած են: Մէկ միլիոնի կը մօտենայ Շիրվանզադէի երկերուն ընդհանուր տպաքանակը: Վիթխարի տպաքանակներ ունին Չարենցի գիրքերը: Մեծ տպաքանակներով լոյս տեսած են Պ. Սեւակի, Համօ Սահեանի, Վ. Դաւթեանի, Հ. Յովհաննիսեանի, Մարօ Մարգարեանի, Հ. Մաթէսոեանի գիրքերը: Հայ գիրքի տպագրութեան լուսապսակ կարելի է համարել հայկական հանրագիտարանի տասներեք հատորները, որուն իւրաքանչիւր հատորը լոյս տեսաւ հարիւր հազար տպաքանակով: 1990 թուականին փլուզուեցան Խորհրդային Միութիւնը եւ Հայաստան դարձաւ անկախ հանրապետութիւն: Հայ ժողովուրդին համար պատմական նոր յաղթանակ մըն էր, որ նշանաւորուեցաւ նաեւ անով, որ Հայաստանի մէջ սկսաւ տպագրուիլ Ստալինեան բռնատիրութեան տարիներուն հայրենիքի մէջ արգիլուած զանազան գրողներու գործերը, ինչպիսիք էին Ա. Ահարոնեան, Շաւարշ Նարդունի, Նշան Պէշիկթաշլեան, եւ ուրիշներ: Երեւանը դարձաւ՝ Հայ գիրքի տպագրութեան իսկական համահայկական կեդրոն: 1988 թուականի Արցախեան շարժումէն ետք, հայ գիրքի տպագրութիւնը լուրջ ցնցումներ ունեցաւ: Մինչ այդ հայ գիրքի տպագրութեան գլխաւոր կեդրոնը Երեւանն էր, ուր լոյս կը տեսնէին հայերէն իւրաքանչիւր տասը գիրքէն եօթը: Բայց ահա 1988-էն ետք, Երեւանի մէջ հայկական գիրքի տպագրութիւնը զգալիօրէն կրճատուեցաւ չնայած քաղաքամայր Երեւանը այնուամենայնիւ կը մնայ հայ գիրքի տպագրութեան ամէնէն մեծ կեդրոնը: Արցախեան շարժումին ցնցումը իրօք արտասովոր էր: Մինչ այդ Երեւանի մէջ կը շարունակուէին տպագրուիլ մի քանի տասնեակ հազար տպաքանակ ունեցող գիրքեր: Եւ ահա այդ տարիներուն կտրուկ իջաւ տպաքանակները եւ գիրքերը սկսան լոյս տեսնել հինգ հարիւր կամ հազար տպաքանակով: 1989-ին մարեցաւ հայ գիրքի տպագրութեան նշանաւոր կեդրոններէն մէկը՝ Պաքուն: Արտասահմանի քաղաքներէն կը շարունակեն հայ տպագրութեան աւանդական կեդրոնը մնալ Պէյրութը, Թեհրանը, Հալէպը, Փարիզը, Վենետիկը, Լոս Անճելոսը, Նիւ Եորքը, Ֆրեզնոն, եւ ուրիշ քաղաքներ: Հայկական գիրքի տպագրութեան կեդրոն սկսած է դառնալ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտը: Գրասէր է հայ ժողովուրդը: 1962 թուականին Ամերիկացի նշանաւոր նկարիչ ու հասարակական գործիչ՝ Ռոքուել Քենտ տեսնելով, թէ Երեւանի գրախանութներուն մէջ Երեւանցիները ինչպէս կը գնեն նոր լոյս տեսած գիրքերը, ըսած է, «Հայերու գրքասիրութիւնը չափ ու սահման չունի: Հայաստանի մեծագոյն հրաշալիքներէն մէկն ալ այս է:» Օհան Պոտրումեան, Պէյրութ, 29 Յուլիս 2012 keghart.com
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play