Հրայր Ճէպէճեան. Պահանջատիրության «Նեղ Դուռը»


Հրայր Ճէպէճեան. Պահանջատիրության «Նեղ Դուռը»

  • 24-08-2012 16:26:56   | Կիպրոս  |  Վերլուծություն

Մակարայ վանք: Կիրակի, 13 Մայիս 2012: Ասիկա երրորդ անգամն է, որ կը մասնակցիմ Մակարայ վանքի ուխտագնացութեան` միանալով կիպրահայ իմ բարեկամներուս: Իւրաքանչիւր անգամ աւելիով կը հիանամ վանքի գեղատեսիլ վայրին ու բարձր բլուրին վրայէն անոր դիմաց բացուող Քայրինիայի ծովափին, որ միջերկրականեան գեղեցիկ շրջան մըն է, ուր կը զգաս շրջանի ընդհանուր հրապուրիչ մթնոլորտը… Բայց ամէն անգամ կ'ապրիմ նաեւ մտահոգութիւնը` տեսնելով վանքը քիչ մը աւելի փլած, բայց տակաւին հաստատ` իր պատմական տուեալներով եւ մուտքի ցուցատախտակին վրայ մեծ տառերով գրուած «Հայկական վանք», թէկուզ` ոչ հայերէն գրութեամբ: Բնութեան գեղեցկութեան մէջ Մակարայ վանքի բլուրին վրայէն կ'ապրիս զգացական պահը: Տաւրոսեան լեռներուն նայելով` հայեացքդ կ'երթայ դէպի աւելի հեռուն, հորիզոնին վրայ երեւցող պատմական Կիլիկիոյ շրջաններուն. պատմական հողերուն վրայ աչքդ սեւեռելով եւ Մակարայ վանքին մէջ կանգնած մէկ կողմէ կ'ապրիս ազգային հպարտութիւնը, բայց նաեւ պահանջատիրութիւնը` իր ամբողջական հասկացողութեամբ: Բայց այս անգամ կանգ առի աստիճաններէն վար` փոքր դրան առջեւ, որ անցք եւ միջոց է վանքը յարակից շրջափակին կապող: Դուռն ու անցքը ամուր են եւ խորհրդանշական: Բոլոր ներկաները չեն կրնար միասնաբար մտնել հոնկէ, այլ պէտք է առիթ տալ իրարու, որպէսզի մէկիկ մէկիկ կարելի ըլլայ անցնիլ այդ նեղ դռնէն: Կը շարունակեմ դիտել նեղ դուռը եւ անցքը: Անոնց նայելով` կը փորձեմ տեսնել հայուն դուռն ու անցքը, զոր ան (իմա՛ հայը) պիտի թակէ եւ ուրկէ ներս մտնէ դէպի հարիւրամեակ: Հարիւրամեակը` Ցեղասպանութեան, որուն գծով արդէն անցանք ճանաչումի մթնոլորտէն եւ իրաւական հետապնդումէն դէպի պահանջատիրութիւն: Իսկ պահանջատիրութեան գործընթացը «նեղ դուռ» է, զոր պիտի թակենք եւ մտնենք անկէ ներս: Նայելով Մակարայ վանքի դրան ու չորս կողմի աւերակներուն «պահանջատիրութեան», կը համոզուիմ, թէ «այո՛, նեղ է…»: Եթէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին ենք, եւ եթէ պահանջատիրութիւնը դարձած է մեր ազգային հաւաքական աշխատանքի օրակարգը, ուրեմն ասիկա կ'ենթադրէ, որ նաեւ նկատի ունենանք աշխատանքային նոր միտք եւ բանաձեւ: Իսկ այս նոր միտքն ու բանաձեւը պիտի ենթադրեն թակել նեղ դուռը եւ զինուիլ անկէ ներս մտնելու տրամադրութեամբ: Պահանջատիրութիւնը երկարաշունչ գործընթաց մըն է, որ մէկ կողմէ կը պահանջէ ներազգային իմաստով պատրաստուածութիւն եւ պատրաստակամութիւն, իսկ միւս կողմէ, արտաքին ճակատի վրայ, համազգային հիմնահարցերու նկատմամբ հաւաքական տեսադաշտ եւ օրակարգ: Պէտք է համոզուիլ եւ տեսնել, թէ նեղ դռնէն բոլորս միասին չենք կրնար մտնել, տեղ պէտք է տանք իրարու` կարգը զիջելով, համբերելով եւ հանդուրժողականութեամբ, որպէսզի բոլորս ալ կարելիութիւն ունենանք ներս անցնելու: Այս համբերութեամբ եւ զիջողութեամբ պէտք է օժտուինք, որովհետեւ ազգային օրակարգը` պահանջատիրութիւնը, մեր բոլորինն է… Կայ նաեւ այն, որ մտահոգութիւնները, ներազգային եւ մշակութային իմաստով, այսօր, աւելի քան երբեք, համահայկական են եւ համազգային: Կարելի չէ խօսիլ պահանջատիրութեան մասին` համաշխարհային քաղաքական համակարգին մէջ, առանց համադրելու եւ ունենալու ազգային յստակ կեցուածք եւ դիրքորոշում, որոնք պէտք է ստանան իրողական կարգավիճակ: Պէտք է շարունակել երթը: Կարելի չէ պահանջատիրութեան գործընթացին մէջ յարատեւել, երբ մեր արժէքները ներազգային իմաստով սկսած են վտանգուիլ եւ կամ` վտանգուած ու կորսուած ըլլալու վիճակին ենթարկուիլ: Մեր ազգային իւրաքանչիւր արժէք ինքնին հարստութիւն է եւ ոյժ, որ պիտի լիցքաւորէ պահանջատիրութեան երկար առաքելութիւնը: Եւ մեր արժէքներուն օղակներուն մէկիկ մէկիկ թափթփիլը պիտի նշանակէ մեր պահանջատիրութեան նժարը եւ անոր հաւասարակշռութիւնը խախտել: Ներքին եւ արտաքին գործօնները իրարու կամրջուած իրականութիւններ են, որոնց ամուր միութիւնը պիտի յաջողցնէ գործընթացը: Ստիպուած ենք թակելու «նեղ դուռը» եւ մտնելու անոր մէջէն: Հարիւրամեակի մեծ մարտահրաւէրն է այս: Կարելի չէ ներկայ օրերու համաշխարհային քաղաքական-տնտեսական եւ ընկերային վիճակներէն մեկնելով` մեր ազգային-պահանջատիրութեան օրակարգին նայիլ «հին» տուեալներով: Պէտք է ընդունինք «նորը» ընդգրկելու իրավիճակը, իսկ նորը լայն դուռը չէ. լայն չէ այնքան, որ իւրաքանչիւր միաւոր գործէ անջատ ու անկախ, որ ազգային արժէքները ենթարկուին սակարկութեան` էականէն ու հիմնականէն զիջումներ կատարելով: Ազգային մեր հիմքերը կորսնցնելով եւ անջատ ու անհամակարգ աշխատանքային գործելակերպ որդեգրելով` կը նուազի մեր պահանջատիրութեան ծանրակշռութիւնը` համաշխարհային օրակարգերուն վրայ: Նեղ դուռը զգաստութեան անցքն է: Զգաստութիւն` այն մասին, որ հարիւրամեակը «մէկ դար» հաշուող մեր ազգային գոյապայքարի եւ Ցեղասպանութեան համազգային հիմնահարցի անկիւնադարձն է: Եւ հոն է, որ պէտք է նայինք եւ վերանայինք անոր, թէ մեր համազգային եւ իրարու վրայ դիզուած մէկէ աւելի հիմնահարցերը ի՞նչ ձեւով պէտք է վեր առնենք` նոր մտայղացումով եւ մօտեցումներով: Նեղ դուռը ոյժ է` իմացական, տնտեսական, ֆիզիքական եւ նաեւ կարողականութեան իմաստով: Ոյժը, որ կը համախմբէ միտքը` պահանջն ու պահանջուելիքը, կարողականութիւնը, որ միջազգային «խաղաքարտեր»-ու եւ «հաշիւներ»-ու արշաւին մէջ կարենանք հաստատ ու միակամ ըլլալ: Կը շարունակեմ դիտել Մակարայ վանքին «նեղ դուռը». ան տակաւին ամուր կեցած է, անկախ անկէ, որ չորս պատերը փլատակ են: Այդ նեղ դուռին եւ անցքին ընդմէջէն կը փորձեմ դիտել մեր ազգային պահանջատիրութիւնը: Յստակ է, որ դժուար առաքելութիւն է մեր ազգային-հաւաքական մեծ իրականութիւնը դնել այս նեղ դրան ու անոր յարակից անցքին մէջ: Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը յստակ է. «Վասնզի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի»: Բայց հայը որոշած է ապրիլ եւ ոչ թէ կորսուիլ: Ապրիլ իր ազգային արժէքով եւ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեամբ: Այս արժէքին ու պահանջատիրութեան համար պէտք է մտնել նեղ դռնէն: Մակարայ վանքին ամուր կանգնած «նեղ դուռը» հայուն պահանջատիրութեան դուռն է… Չկայ ուրիշ դուռ մը, ուրկէ հայը պիտի կարենայ մուտք գործել եւ շարունակել ապրիլ: Պահանջատիրութեան «նեղ դուռը», անպայմանօրէն` կեանքի դուռը: Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, Կիպրոս
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play