Երևան եկան ներքին և արտաքին իրականություններ


Երևան եկան ներքին և արտաքին իրականություններ

  • 07-09-2012 01:12:53   | Հայաստան  |  Վերլուծություն

Ի՞նչ Կրնան Ընել ՀՀ Իշխանութիւնները (Առիթը Պատմական Է Եւ Հազուագիւտ) ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Հարցը անշուշտ կը վերաբերի Ռամիլ Սա‎‎Ֆարովի արտայանձնումով ստեղծուած նոր կացութեան: Կացութիւն մը, ուր երեւան եկան ներքին ու արտաքին բազմաթիւ իրականութիւններ: ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԱՐ Ներքին, հայաստանեան ճակատի վրայ, անգամ մը եւս երեւան եկաւ ՀՀ իշխանութիւններու վարած արտաքին քաղաքականութեան սնանկութիւնը՝ թէ՛ ըստ ձեւի եւ թէ ըստ էութեան: Բացատրենք: Պուտափեշտի եւ Պաքուի միջեւ նման գործարքի մը (ինչպէս նաեւ նմանօրինակ գործարքներու) յաջողութեան բանալին ծայր աստիճան գաղտնապահութիւնն է: Հիմա երեւան կու գայ, որ Հունգարիոյ Հայ Ազգային Ինքնավարութիւնը դէպքէն 11 որ առաջ տեղեակ պահած է ՀՀ իշխանութիւնները ՍաՖարովի հաւանական արտայանձնումին մասին: ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Է. Նալբանդեան ինք եւս յայտարարեց, թէ Օգոստոս 24ին, Հունգարիոյ իշխանութիւնները իրեն հաւաստիացումներ տուած են, որ արտայանձնումի խնդիր չկայ: Նման կացութեան մը դիմաց, Նալբանդեանի կը մնար այս հարցով ոչ թէ իր գաղտնապահութեամբ մրցիլ պաշտօնական Պուտափեշտի եւ Պաքուի հետ (դիւրացնելով անոնց գործը), այլ՝ հրապարակէր ՍաՖարովի հարցով իր կատարած հարցապնդումները եւ իր ստացած պատասխանները: Եթէ իսկապէս նման բան չկար, Հայաստան կորսնցնելիք չունէր. իսկ եթէ մութին մէջ «բաներ մը կային» Պաքուի եւ Պուտափեշտի միջեւ, այդ պարագային դաւը կը ձախողէր: Առնուազն ժամանակաւորապէս: Փաստ է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կարգ մը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ արդէն իսկ տեղեկութիւններ ստացած էին ՍաՖարովի հաւանական արտայանձնումին մասին՝ բուն դէպքէն օրեր առաջ: Հետեւաբար, բուն հանելուկը դէպքէն առաջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան պախարակելի եւ դատապարտելի գաղտնապահութեան մէջ կը կայանայ: Չհասկցանք, Է. Նալբանդեան իսկապէս Հայաստանի՞ արտաքին գործոց նախարարն է: ՀԱՇՈՒԵՑՈՅՑԸ Միջազգային քաղաքական ուժի կեդրոնները (ՆԱԹՕ, Ուաշինկթըն, Մոսկուա, Պրիւքսէլ-ԵՄ-ԵԽ, ԵԱՀԿ եւայլն) քսանամեակ մը առաջ արդէն քաղաքական գնահատական չէին տուած Սումկայիթի եւ Պաքուի հայերու ջարդերուն կապակցութեամբ: Լաւագոյն պարագային, օրին «խոր մտահոգութիւն» յայտնեցին ու նստեցան Պիղատոսին կողքը: Նոյն շրջանակները ոչ մէկ քայլ առին քանի մը տարի առաջ Ատրպէյճանի կողմէ Նախիջեւանի հայկական յուշարձաններու օր ցերեկով քանդումին կապակցութեամբ: Եւրոպական շրջանակներ (չենք յիշեր՝ ԵԱ՞ՀԿը, թէ ԵԽը) որոշեցին փաստահաւաք առաքելութիւն մը ուղարկել…ամիսներ ետք, իբրեւ հարցը թաղելու լաւագոյն միջոց: Հայաստանի Հանրապետութեան ու հայութեան արժանապատուութիւնը անգամ մը եւս ոտնակոխուեցաւ: Հիմա, Ռամիլ ՍաՖարովի հարցով, Ուաշինկթըն «խոր մտահոգութիւն» կը յայտնէ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա կիսատ-պռատ, վախվխելով բաներ մը կÿըսեն՝ միաժամանակ «մտահոգութիւն» յայտնելով, որ չըլլայ թէ այս դէպքը վնասէ «բանակցային գործընթացին», որ ի դէպ՝ առանց ատոր արդէն ականահարուած-կաթուածահար եղած էր Ատրպէյճանի կողմէ: Մէկ խօսքով՝ դատապարտումի ոչ մէկ արտայայտութիւն կամ կեցուածքը: Դեռ չենք խօսիր պատժական քայլերու մասին: Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք այն փաստը, որ Արեւմուտքը Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք, տասնամեակներով ամբողջ, լռութեան պարիսպ մը հիւսեց հայութեան արդար իրաւունքներու հարցին շուրջ ու հիմա, ՍաՖարովի հարցով եւս կը շարունակէ նոյն վարքագիծը, պատկերը կը դառնայ ամբողջական: Այն պատկերը, ուր երեւան կու գայ, որ նոյն Արեւմուտքը վճարելիք հաշուեցոյց մը ունի Հայաստանի ու հայութեան: Արեւմուտքը պարտական է մեզի եւ այս հաստատումով, նոր գիւտ մը ըրած չենք: «ԻՄ ՓՆՏՌԱԾՆ ՈՒՐԻ՛Շ ԴԻՂ Է…» Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ի՞նչ կրնայ եւ պէտք է ընել՝ ի տես այս ընդհանուր պատկերին: Ճիշդ է, դէպքին օրն իսկ նախագահական նստավայր հրաւիրուած 30-40 օտար դեսպաններուն իր ուղղած խօսքը (իբրեւ կեցուածք) լուրջ էր եւ հատու: Սակայն ան պարտաւոր է վարքագծային հիմնական կեցուածքներ եւս դրսեւորել՝ մեր վերը նշած պարունակին մէջ: Անկեղծօրէն, մեր կարծիքով, շատ ալ կարեւոր չէ, թէ ՆԱԹՕն, ԵԱՀԿը եւայլն կը դատապարտե՞ն եղածը թէ ոչ: Նման խօսքեր անցեալին եւս շատ լսած ենք թէ՛ մենք եւ մեզի նման իրաւազրկուած բազմաթիւ ժողովուրդներ: ՀՀ նախագահը իր արտաքին խօսակիցներուն (յատկապէս Արեւմուտքի) հետ բանակցութեանց սեղանին պէտք է դնէ մեր վերը նշած հաշուեցոյցը: Ոչ աւելի, ոչ պակաս: Որովհետեւ մեզի ներկայացած առիթը թէ՛ պատմական է եւ թէ հազուագիւտ: Եւ առ այդ, առաջին հերթին, ան պէտք է Հայաստանի ստորագրութիւնը ետ քաշէ տխրահռչակ փրոթոգոլներէն, անոր արեւմտեան դայեակներուն ու Թուրքիոյ յղելով յստակ պատգամ մը, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը լուրջ են իրենց իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու առումով: Միաժամանակ անոնց ըսելով՝ բաւակա՛ն է: Երկրորդ, հաշուեցոյցը, որուն մասին ակնարկեցինք վերը, իր բնոյթով ծանրակշիռ է եւ հետեւաբար նաեւ, քաղաքական չափազանց մեծ դրամագլուխ է: Նման դրամագլուխ մը կարելի չէ շրջանառութեան մէջ դնել Հայաստանի ու հայութեան պարզած ներկայ իրականութեան լոյսին տակ, երբ ջլատուած է մեր ազգային հաւաքական կամքը, երբ որեւէ ատենէ աւելի այսօր խորացած է խրամատը իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ: Ու շատ կը խնդրենք ՀՀ իշխող, Հանրապետական քաղաքական շրջանակներէն, որ հակաճառելու կարգով մեր երեսին թող չի թափահարեն խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններու արդիւնքները, որովհետեւ նաեւ հո՛ն թաղուած է շան գլուխը: Իսկ այսօր, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու նախընտրական մթնոլորտը, իր փողոցային-գռեհիկ դրսեւորումներով ու իբրեւ տրամաբանական շարունակութիւնը ԱԺ ընտրութիւններու մեթոտաբանութեան, աւելի՛ եւս կը խորացնէ այդ վիհը եւ ՀՀ քաղաքական համակարգի ձախողած ըլլալու նորագոյն վկան կը հանդիսանայ: Հայաստանը այսօր, իշխող համակարգի վարած քաղաքականութեան հետեւանքով, վերածուած է ձախող պետութեան մը: Ձախող պետութիւն մը չի կրնար լուրջ գործեր յաջողեցնել, չի կրնար զարգանալ, չի կրնար բարգաւաճիլ: Իսկ ազգային հաւաքական իղձերու եւ հետապնդելի իրաւունքներու մասին կարելի է առհասարակ մոռնալ նոյնիսկ: Այս ծանր բեռով կարելի չէ հաշուեցոյց-հաշուեցոյց խաղալ: Ուրեմն, պէտք է ձերբազատուիլ այդ բեռէն, որ խարանի նման փակած է Հայաստանի ու հայութեան ճակտին: Նախ պէտք է մեր աւերուած տունը կարգի դնենք: Իրերու այս դրութեան մէջ, ՀՀ նախագահը պարտաւոր է արտակարգ քայլերու դիմել: Մեր կարծիքով, այս արտակարգ քայլերէն են հետեւեալները.- Առաջին, կազմել ազգային միասնութեան կառավարութիւն մը, որուն հիմնական առաջադրանքը պիտի ըլլայ առողջ հիմերու վրայ դնել ժողովուրդ-իշխանութիւն յարաբերութիւնները, հետամուտ ըլլալ օրէնքի գերիշխանութեան, որպէսզի աստիճանաբար վերականգնի ժողովուրդին վստահութիւնը պետութեան նկատմամբ: Մեզի պէտք չէ նէօ-ազատական տնտեսական մտածողութեամբ առաջնորդուող կառավարութիւն մը, որ հլու-հնազանդ կամակատարը ըլլայ է IMF-ին կամ Համաշխարհային դրամատան: Մեզի պէտք է նկարագրով ու բնոյթով էապէս ազգային կառավարութիւն մը, որ կարենայ ամբողջական տիրութիւն ընել մեր կողմէ վերը նշուած հաշուեցոյց-օրակարգին: Երկրորդ, կառավարութիւնը, որպէսզի կարենայ ամբողջ հայութիւնը քաղաքական առումով օգտագործելի լուրջ ուժի, resource-ի վերածել, անհրաժեշտ է որ ազգային համախոհութեան մթնոլորտ ստեղծէ երկրին մէջ՝ առ ի նախապատրաստութիւն նոր խորհրդարանական ընտրութիւններու: Այնպիսի խորհրդարանի մը ու այնպիսի արդար ձեւով, որ նոր ԱԺը դառնայ հարազատ արտայայտիչը մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքին, ոչ թէ անոր 1 տոկոսանոց հայախօս հատուածին, որ իրականութեան մէջ հոգեղբայրն է Արեւմուտքի այն 1 տոկոսին, որուն միակ շահագրգռութիւնը ագահ «դրամադիզութիւնն» է, եթէ կÿուզէք: Այս կը նշանակէ համակարգային-խորքային փոփոխութիւն: Յեղափոխութիւն, եթէ կÿուզէք: Արցախի ազատագրումէն մօտաւորապէս երկու տասնամեակ ետք, ահաւասիկ առաջին անգամն է, որ Հայաստանի ու հայութեան դիմաց կը բացուին լուրջ պատեհութիւններ: Մ. Արեւելքը եւ անոր յարակից տարածաշրջանները կÿեռեւեփին: Սահմաններու փոփոխութեան թեման, ահաւասիկ երկու տասնամեակէ ի վեր, դադրած է թապու ըլլալէ: Քարտէսներ փոփոխութեան կÿենթարկուին, նոր պետութիւններ սկսած են ծնունդ առնել: Այս բոլորին պատրաստ ըլլալու համար, Հայաստանն ու հայութիւնը չեն կրնար ներկայ դրուածքով շարունակել: Հայ քաղաքական միտքը պէտք է ի վիճակի ըլլայ յառաջացնելու այնպիսի ղեկավարում մը, որ կարենայ ՍաՖարովի հարցի հետեւանքով վերարծարծել մեր Մեծ Օրակարգը: Այլապէս, յաջորդ շոգեկառքը կրնայ հարիւր տարի ետք գալ: Սեպտեմբեր 6, 2012 vproodian@gmail.com
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play