ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ՆԱԽԿԻՆ ՀԵՀՈՄ–ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ


ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ՆԱԽԿԻՆ ՀԵՀՈՄ–ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

  • 17-11-2012 15:52:00   | Լիբանան  |  Հասարակություն
 ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրին, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամները Ուրբաթ երեկոյեան հաւաքուեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին շուրջ: Խօսք առնելով նախկին ՀԵՀՈՄ–ական Յակոբ Հանտեան, անդրադարձաւ անցնող շուրջ յիսուն տարիներուն ՀԵՀՈՄ–ի կատարած աշխատանքին: Իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ, ան շեշտեց համալսարանական ուսանողները քով–քովի բերելու եւ մեր գաղութի կեանքէն ներս անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու գծով ՀԵՀՈՄ–ի կարեւոր դերը, եւ ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ նախկին ՀԵՀՈՄ–ականներ հաւաքուած են նոյն միութեան ծննդավայրը դարձած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնին մէջ, այս անգամ շրջանաւարտ ՀԵՀՈՄ–?ականներու միութիւն մը յառաջացնելու հեռանկարով: Վեհափառ Հայրապետը նախ ողջունեց այս գեղեցիկ երեւոյթը, երբ «համալսանաւարտ երիտասարդներ քով–քովի գալով կը փորձեն միասնաբար մտածել, ծրագրել, աշխատիլ ու կազմակերպել, որպէսզի հայ համայնքը իր կառոյցներով ու հաւաքական կեանքով դառնայ աւելի կազմակերպ ու կենսունակ»: Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց համալսարանաւարտներու դերը մեր կեանքէն ներս: «Ներկայ աշխարհը մասնագիտութեան աշխարհ է: Հարցերուն կամ ծրագիրներուն մակերեսային, հապճեպ, սիրողական մօտեցումները ընդունելի չեն ընկերութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Մեր կեանքէն ներս եւս յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի մասնագիտական մօտեցումներու՝ քաջալերելով երիտասարդ մասնագէտներու պատրաստութիւնը»: Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ «գաղութներուն տուած իմ հովուապետական այցելութիւններուս ընթացքին, առաջնահերթ կարեւորութիւն տուած եմ հանդիպելու երիտասարդներու, մանաւանդ համալսարանականներուն հետ, որովհետեւ անոնք կÿապահովեն մեր գաղութին կենսունակութիւնը, զարգացումը ու յառաջդիմութիւնը: Հարկ է ամէն ճիգ թափել, որպէսզի մեր համալսարանականները հեռու չմնան մեր կեանքէն: Անոնք իրաւունք չունին հայ կեանքի լուսանցքին վրայ ըլլալու. անոնց տեղը մեր կեանքի մայր էջին վրայ է, եւ մասնակցողի ո՛չ դիտողի, գործողի եւ ո՛չ սոսկ թելադրողի, առաջնորդողի եւ ո՛չ հետեւողի դերով»: Ապա Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ տարի մը առաջ նախկին ՀԵՀՈՄ–ականներէ բաղկացած խումբ մը իր թելադրութեամբ աշխատանք մը կատարած էր՝ ընդհանուր ուղեգիծ մը պատրաստելու: «Մեր նպաստակն է,– ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը,– առաջին հերթին Լիբանանի մէջ հաստատուած նախկին ՀԵՀՈՄ–ականները ի մի համախմբել, ապա մեր զանազան գաղութներուն մէջ հաստատուած նախկին ՀԵՀՈՄ–ականները մասնակից դարձնել այս գործընթացին, եւ վերջապէս, այս շարժումին ծիրը ընդլայնելով՝ բոլոր հայ համալսարանաւարտները ներառել նոյն գործընթացին մէջ: Անհրաժեշտ է հանգրուանային կերպով յառաջանալ,– շեշտեց Վեհափառը,– եւ աւելին՝ մեր նպատակը միութիւն կամ կառոյց կամ կազմակերպութիւն յառաջացնել չէ, այլ՝ համալսարանաւարտները մղել է ու քաջալերել միասին մտածելու, ծրագրելու ու աշխատելու մեր գաղութներէն ներս»: Ապա ներկաները խօսք առին եւ իրենց ուրախութիւնը ու մանաւանդ պատրաստակամութիւնը յայտնեցին մասնակից դառնալու Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութեամբ նախկին ՀԵՀՈՄ–ականները հաւաքական աշխատանքի մղող այս յոյժ կարեւոր ծրագրին: Հաւաքին ներկայ էին շուրջ հարիւր նախկին ՀԵՀՈՄ–ականներ: Յայտնենք, որ ՀԵՀՈՄ–ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ յառաջացած շարժում մըն է 1963–ին, եւ ՀԵՀՈՄ–ին առաջին հոգեւոր պատասխանատուն եղած է Գարեգին Վարդապետ (ապա Կաթողիկոս) եւ յաջորդաբար միաբան հայրեր ստանձնած են հոգեւոր խորհրդատուի պաշտօնը:
Նոյյան տապան  -   Հասարակություն