Միջազգային լուրեր մի քանի տողով


Միջազգային լուրեր մի քանի տողով

  • 09-03-2013 13:28:27   |   |  Միջազգային

 

ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱ­ՅԻ նա­խագահ՝ Հու­կօ Չա­վէզ, Մարտ 5ին, Քա­րաքա­սի մէջ մա­հացաւ, 58 տա­րեկա­նին, յետ եր­կա­րատեւ հի­ւան­դութեան: Մարտ 6ին, տաս­նեակ հա­զարա­ւոր հա­մակիր­ներ անոր դա­գաղին ըն­կե­րացան, հի­ւան­դա­նոցէն՝ երկրին զի­ն-
ւո­րական գլխա­ւոր վար­ժա­րանին ճամ­բուն վրայ: Աճիւ­նը հոն կը մնար երեք օր, մինչ պատ­րաստու­թիւններ կը տես­նուէին մեծ շու­քով կա­տարե­լու հա­մար նա­խագա­հին յու­ղարկա­ւորու­թիւնը: Ան աւե­լի քան եր­կու տա­րի պայ­քա­րած էր քաղցկե­ղի դէմ: Ջա­տագովն էր Լա­տին Ամե­րիկա­յի եր­կիրնե­րուն մի­ջեւ քա­ղաքա­կան եւ տնտե­սական հա­մար­կումին, մա­նաւանդ խիստ քննա­դատող մը՝ կայ­սե­րապաշ­տութեան, հա­մաշ­խարհայ­նացման ու Միացեալ Նա­հանգնե­րու դրա­մատի­րական կար­գե­րուն: Վե­նեզուե­լա­յի կա­ռավա­րու­թիւնը եօթ­նօ­րեայ սուգ հռչա­կած էր եւ ըստ սահ­մա­նադ­րութեան՝ նա­խագա­հական ընտրու­թիւններ պէտք է կա­տարուին ամիս մը ետք: Օպա­մա յայ­տա­րարած է, որ Չա­ւէզի մա­հէն ետք, Ուա­շինկթըն «շա­հագրգռուած է Վե­նեզուելա­յի հետ կա­ռու­ցո­ղական յա­րաբե­րու­թիւննե­րով»: Նա­խագահ Ս. Սարգսեան ցա­ւակ­ցա­կան հե­ռագիր մը յղած է Վե­նեզուելա­յի փոխ­նա­խագահ՝ Նի­քոլաս Մա­տու­րօ Մո­րոսին՝ Չա­վէզի մա­հուան կա­պակ­ցութեամբ:
 
ՍՈՒ­ՐԻՈՅ մէջ, ՄԱԿ-ի խա­ղաղա­պահ առա­քելու­թեան 20 դէ­տեր առե­ւան­գուած են Մարտ 6ին, Կո­լանի մէջ: Այս առե­ւան­գումէն ետք, ընդդի­մու­թեան մօտ աղ­բիւրներ հա­ղոր­դած են, թէ ՄԱԿ-ի խա­ղաղա­պահ­նե­րը առե­ւան­գուած են, որով­հե­տեւ անոնք կը նպաս­տէին շրջա­նը իշ­խա­նու­թեանց հա­կակ­շի­ռին վե­րադարձնե­լու փոր­ձե­րուն: Չո­րեք­շաբթի օր, Մարտ 6ին արաբ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար­նե­րը որո­շած են՝ Արա­բական լի­կային մէջ Սու­րիոյ աթո­ռը այ­սուհե­տեւ տրա­մադ­րել սու­րիական ընդդի­մու­թեան կազ­մած Ազ­գա­յին հա­մաձայ­նա­կան մար­մի­նին: Անոնք նաեւ ան­դամ պե­տու­թիւննե­րուն՝ ընդդի­մու­թեան զէն­քեր տրա­մադ­րե­լու ար­տօ­նու­թիւն տուած են: Միւս կող­մէ, Իս­րա­յէլ ալ ՄԱԿ-ի Ապա­հովու­թեան խոր­հուրդին յղած է բո­ղոքա­գիր մը, ըսե­լու հա­մար թէ իր համ­բե­րու­թիւնը սպա­ռելու վրայ է Սու­րիայէն ար­ձա­կուած ու Իս­րա­յէլ ին­կող հրթիռ­նե­րուն հար­ցով: Իսկ Ուա­շինկթըն ող­ջունած է Հա­լէպի նա­հան­գա­պետա­կան խոր­հուրդ ընտրե­լու սու­րիական ընդդի­մու­թեան քայ­լը: Ընդդի­մու­թիւնը, ան­ցեալ Կի­րակի, Հա­լէպի նա­հան­գին մէջ ընդդի­մու­թեան վե­րահսկո­ղու­թեան տակ գտնուող շրջան­նե­րու կա­ռավար­ման հա­մար 29 ան­դամնե­րէ բաղ­կա­ցած տե­ղական կա­ռավար­ման մար­մին մը ընտրած է: Ընտրու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցած է Թուրքիոյ մէջ:
 
ՅՈՒ­ՆԱՍՏԱ­ՆԻ վար­չա­պետ Ան­թո­նիս Սա­մարաս վեր­ջերս Թուրքիա կա­տարած այ­ցե­լու­թեան, թուրք իր պաշ­տօ­նակի­ցին՝ Էր­տո­ղանի հետ ու­նե­ցած հան­դի­պու­մի աւար­տին յայ­տա­րարած է, թէ իր եր­կի­րը կը զօ­րակ­ցի Թուրքիոյ՝ Եւ­րո­պական Միու­թեան ան­դա­մակ­ցութեան, «որով­հե­տեւ ատի­կա կը նպաս­տէ կիպ­րա­կան տագ­նա­պի լու­ծումին»: Սա­մարաս Թուրքիան նկա­տած է «լաւ դրա­ցի մը»՝ դրուատե­լով անոր իրա­գոր­ծած բա­րեփո­խումները: 
 
 
ՆՅ
Նոյյան տապան  -   Միջազգային

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play