Կիրակոս Գույումճեանի Կեանքի «Կայանները» Եւ Էութեան «Դիրքորոշումները»


Կիրակոս Գույումճեանի Կեանքի «Կայանները» Եւ Էութեան «Դիրքորոշումները»

  • 10-06-2013 14:35:13   | Լիբանան  |  Վերլուծություն

 
Արաբական ծոցի երկիրներու հայկական իրականութիւնը սկսած է դառնալ կազմակերպուած եւ մնայուն գաղութային կեանք: Գաղութը սկսած է ստանալ կազմակերպուածութեան պատկեր` եկեղեցի, դպրոց, մշակութային եւ հաւաքական կեանք:
 
Կիրակոս Գույումճեան աւելի քան քանի մը տասնամեակէ ի վեր կ՛ապրի Քուէյթի մէջ: Ան ծնած ու մեծցած է Հալէպ, ուր ստացած է ազգային-քրիստոնէական դաստիարակութիւն, կերտած է հայկական նկարագիր եւ տիրապետած` արաբերէնին: Ան այսօր Քուէյթի մէջ ունի լաւ ասպարէզ, յաջող գործարար է, բայց նաեւ կազմակերպած է իր կեանքի ազգային¬հասարակական եւ հրապարակագրական բնագաւառները: Ան կ՛ապրի հայութիւնն ու հայկականութիւնը, բայց նաեւ կը հաւատայ արաբական իրականութեան բացուելու անհրաժեշտութեան: Այս նպատակով ալ կը ստեղծէ հայկական¬արաբական բարեկամութիւն` միեւնոյն ատեն հայը, անոր տագնապը, իրականութիւնները ներկայացնելով արաբին:
 
Ահա թէ ինչո՛ւ Կիրակոս Գույումճեան դարձած է ծանօթ անուն մը արաբական հրապարակագրութեան մէջ, ուր իր յօդուածները, բաց նամակները յաճախ երեւցած են արաբական մամուլին մէջ, ինչպէս` քուէյթեան «Քապաս» եւ «Ուաթան», լիբանանեան «Նահար» թերթերուն մէջ: Թարգմանաբար նոյն, նաեւ տարբեր յօդուածներ հրատարակուած են նաեւ հայկական մամուլին մէջ` Լիբանան եւ այլուր:
 
Կիրակոս Գույումճեանի հրապարակագրութեան միտք բանիին ծանօթանալու համար պէտք է կարդալ արաբերէնով հրապարակուած հրապարակագրական-յօդուածներու հաւաքածոն հանդիսացող «Կայաններ եւ դիրքորոշումներ» գիրքը, հրատարակուած Քուէյթ, 2012-ին:
 
Երբ կը սկսիս կարդալ գիրքը, կը սկսիս ապրիլ Կիրակոս Գույումճեանին հետ` իր տարբեր «կայանները»… Կայաններուն առաջինը Կիրակոս հայն է, անոր ազգային նկարագիրն ու անոր հպարտութիւնը: Այդ կայանին մէջէն կը տեսնես Կիրակոսին «պահանջատէր»¬ի «դիրքորոշումները»: Գրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին` տարբեր ոգեկոչումներուն առիթով, բաց նամակներ յղած է  նախագահներու եւ Եւրոպական միութեան, երախտագիտութիւն յայտնած է այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս` Քանատա եւ Ֆրանսա: Ան կ՛ապրի Արարատ լերան սէրը եւ իր էութեան դիրքորոշումը կ՛արտայայտէ իր մտորումներուն ճամբով` վերահաստատելով պահանջատիրութեան հրամայականը: Կ. Գույումճեան կ՛ապրի նաեւ Քուէյթի թրքական դեսպաններուն հետ Հայկական հարցին առնչութեամբ եղած «քաշքշուքները»: Արաբական մամուլին մէջ լոյս տեսած այս նիւթով յօդուածները բնականաբար կ՛անհանգստացնեն թուրք դեսպանը, որ կը հակազդէ յօդուածներուն, որոնց եւս կը պատասխանէ Կ. Գույումճեան` բացայայտելով իր մտքին ու հոգիին էութեան մէջ գտնուող հրատապ եւ վճռական դիրքորոշումները:
 
Գիրքին մէջ կը շարունակես հետեւիլ Կիրակոս Գույումճեանի կեանքին յաջորդական կայաններուն, հայ մշակոյթի հպարտութեան, քրիստոնէական ինքնութեան` Նարեկացիի ու «Մատեան Ողբերգութեան»-ի ընդմէջէն, հայերէն տառերուն նկատմամբ ունեցած գուրգուրանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին Քուէյթ տուած այցելութիւններուն, որոնք կը հանդիսանան հպարտութեան առիթ:
 
Կիրակոս Գույումճեան կը սիրէ արաբը, կը հաւատայ ու կ՛ապրի հայ-արաբական յարաբերութիւնն ու պատմական բարեկամութիւնը: Թէեւ ինք Հայկական հարցին ջատագովն է, սակայն կառչած է նաեւ արաբական իրաւունքին, կառչած է Հալէպին, միեւնոյն ատեն երախտապարտ է վերջին տարիներուն միացած իր գաղութին եւ Քուէյթի պետականութեան, իր յարգանքը կ՛արտայայտէ անոր իշխանապետին` Ժապեր Ահմետ Ժապեր Սապահի:
Կիրակոս Գույումճեան կը հաւատայ, թէ` «այն, ինչ որ սրտէն կ՛ելլէ, կը հասնի սրտին»: Իր յօդուածներուն եւ գիրքին միտք բանին ալ ա՛յդ է` ընթերցողին սիրտին հասնելու փորձ մը:
 
Կիրակոս կը փոխանցէ իր սրտին «կայանները»` հատիկ-հատիկ: Ան դիտել կու տայ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ապրուած իրականութիւն ու փորձառութիւն է, Հայաստանն ու հայրենի անկախութիւնը հայուն հպարտութիւնն են` իր մշակոյթով ու պատմութեամբ: Ան անդրադարձած է սփիւռքահայութեան երախտագիտութիւնը` արաբ ժողովուրդին նկատմամբ, լուսարձակի տակ առնելով գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը:
Գիրքը հրատարակուած է Քուէյթի մէջ, հոն տեղ գտած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի խօսքը, հալէպահայ ծանօթ մտաւորական-գրող Թորոս Թորանեանի արժեւորումը, որուն մէջ կը մատնանշէ, թէ գիրքը արաբերէն գրուած է, որովհետեւ հայն ու արաբը վարպետ են կամուրջ կառուցելու արուեստին մէջ:
 
Կիրակոս Գույումճեանին աշխատանքը պէտք է տեսնել այս «կամուրջ կառուցելու» իրականութեան մէջ: Ան յաջողած է այս մէկը ընել, որովհետեւ կրցած է իր սրտէն բխածը հասցնել սրտին ընթերցողին` հայուն ու արաբին, կրցած է «կայանները» ամուր պահել հայուն կեանքին մէջ եւ հայկական իրականութեան մէջ: Անոր էութեան «դիրքորոշումները» դարձեալ անխախտ են, որովհետեւ կը հաւատայ հայուն արժէքներու պահպանման եւ փոխանցման իրականութեան:
Արդարեւ, հայուն յաջողութեան գրաւականը նոյնինքն այս «կայաններուն» եւ «դիրքորոշումներուն» շարունակականութեան մէջ է: Կիրակոս Գույումճեան կը յաջողի ընթերցողը կամրջել այս շարունակականութեան միտք բանիին եւ հրամայականին:
 
Վարձքդ կատար, գրիչդ դալար, Կիրակոս Գույումճեան:
 
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Ազդակ»
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն