Արսե Եարմանի նորագույն ուսումնասիրությունը


Արսե Եարմանի նորագույն ուսումնասիրությունը

  • 26-06-2013 15:09:32   | Թուրքիա  |  Նոր գրքեր

Վերջերս Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը հրատարակութիւններու իր մատենաշարի շրջագծով հրատարակեց Հոգաբարձութեան անդամներէն Արսէն Եարմանի հեղինակութեամբ ծանրածանր ու շքեղօրէն տպուած գիրք մը, որ կը ծանօթացնէ Հիւանդանոցի բարեյիշատակ հիմնադիր Գազազ Արթին Ամիրայի կեանքը, գործունէութիւնը ու մասնաւորաբար անոր Մահմուտ Բ. Սուլթանի հետ ունեցած անձնական բարեկամութիւնը։  Ծայրէ ի ծայր գունաւոր տպագրութեան արժանացած այս բազմածախս հրատարակութեամբ յարգանքի տուրք մըն է որ կը վճարուի Հիւանդանոցի հիմնադրին հանդէպ, անգամ մը եւս յաւերժացնելով անոր յիշատակը ու ի մի բերելով ինչ ինչ արժէքաւոր փաստաթուղթեր ու ապրումներ, որոնք մաս կը կազմեն Արթին Ամիրայի կեանքին ու գործունէութեան։ Արսէն Եարման այս տեսակէտէ անխոնջ պրպտող մը դարձած է եւ ան յաջողած է մէկտեղել ինչ ինչ տուեալներ, մէկ մասը արդէն ծանօթ, մէկ մասն ալ բոլորովին անծանօթ, զոր պէտք է գիտնայ ամէն Հայ մարդ որ հպարտ է Ազգային Հիւանդանոցի այսօրուան պատկերով։ 
 
Գիրքը կը բացուի Փրօֆ. Տքթ. Էտհէմ Էլտէմի նախաբանով, որ կը խոստովանի որ շատ բան չենք գիտեր անցեալի դէմքերու, մանաւանդ Գազազ Արթին Ամիրայի ու Մահմուտ Բ. Սուլթանի յարաբերութիւններուն մասին ու այսպիսի հրատարակութիւններ նոր լոյս կը սփռեն մօտիկ անցեալի պատմութեան վրայ։
 
Կը յաջորդեն երեք ուսումնասիրութիւններ Արսէն Եարմանի ստորագրութեամբ։
 
1_ Ամիրաներու յայտնութիւնը եւ անոնց վերելքի շրջանը։
 
2_ Մահմուտ Բ.ի եւ Գազազ Արթին Ամիրայի բարեկամութիւնը։
 
3_ Սուրբ Փրկիչ Հայոց Հիւանդանոցի Հիմնադիր Գազազ Արթին Ամիրա Պէզճեան։
 
Յայտնի է որ Արսէն Եարման շատ աշխատած է այս նիւթերուն վրայ եւ ոչ միայն վերակենդանացուցած է պատմութիւնը, այլ նաեւ ի մի բերած է գունագեղ փաստանկարներ ու փաստաթուղթեր, որոնք առանձին հարստութիւն մը կը կազմեն այս գրքին մէջ։ 
 
Գրքին մէկ մասն ալ յատկացուած է Արա Ակինեանի կողմէ անցեալի մէջ գրուած »Յաղթանակի ճամբայ« անուն պատմական վէպին, որ կը պատմէ Գազազ Արթին Ամիրա Պէզճեանի կեանքը։ Վէպը Թրքերէնի թարգմանուեր է Թովմաս Թէրզեանի կողմէ։
 
Գիրքի վերջաւորութեան տեղ տրուած է յօդուածներու Սօսի Անթիքաճեանի, Գէորգ Փամուքճեանի, Փրօֆ. Հայտար Գազկանի ու Յովհաննէս Պապէսեանի։
 
Իսկապէս շքեղ տպագրութիւն մը, որու համար կը շնորհաւորենք գիրքին հեղինակը՝ Արսէն Եարմանը։
 
Մ
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play