Համազգայինի 19-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն


Համազգայինի 19-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

  • 16-07-2013 12:59:48   | Հայաստան  |  Գիտություն եւ տեխնոլոգիաներ

Համազգայինի 19-րդ Ուսանողական հաւաքի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ, 13 Յուլիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Երեւանի մէջ, ներկայութեամբ` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մասիս Պաղտասարեանի:
Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Հայաստանի Համազգայինի հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Համազգայինի ծագումը, ամբողջ աշխարհի մէջ անոր տարածումն ու գործունէութեան լայնածաւալ դաշտը, ապա` հաւաքի պատմականը. ան շեշտը դրաւ նման հաւաքներ հայրենիքի մէջ կազմակերպելու կարեւորութեան վրայ:
2013-ի ուսանողական հաւաքի ընդհանուր պատասխանատու Նորա Թաշճեան խնդրեց ներկաներէն 1 վայրկեան յոտնկայս յարգել նախորդ տարուան հաւաքի ղեկավար՝ Սերժ Գալուստեանի մահուան յիշատակը: Ան ամփոփ կերպով խօսեցաւ հաւաքի յաջողութեան գլխաւոր բանալիին` կարգապահութեան ու օրէնքներու յարգումին մասին,ապա բացատրութիւններ տուաւ հաւաքի ծրագիրին գործադրութեան վերաբերեալ։ 
 Հաւաքի մասնակիցներուն բարի գալուստ մաղթեց նաեւ հաւաքի դաստիարակչական բաժինի վերահսկող անդամ Կարօ Յովհաննէսեան, որ օրինակներու ճամբով շեշտը դրաւ իւրաքանչիւր գաղութի ներդրումին կարեւորութեան վրայ՝ աշխատանք մը ամբողջական ձեւով յաջողեցնելու համար: 
 10-է աւելի շրջաններէ` Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, Թիֆլիսէն, ՄիացեալՆահանգներէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Անգլիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Պոլիսէն ժամանած հայ ուսանողները իրենք զիրենք ներկայացուցին։
 Ծանօթացման առաջին հանգրուանէն ետք բարձրացան փոխադրակառք ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ այցելեցին Երեւանի պատմութեան թանգարան, Սասունցի Դաւիթի արձան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Մայր Հայաստան յուշարձան: Իւրաքանչիւր վայրի մասին հետաքրքրական եւ օգտակար տեղեկութիւններ փոխանցուեցան:
 
Երկրորդ օրուան ծրագիրը սկսաւ Կարօ Յովհաննէսեանի «Հայ Դատ»ը խորագիրով դասախօսութեամբ, ուր ան սպառիչ կերպով անդրադարձաւ հայութեան ինքնութեան հարցին եւ Հայ Դատի հետապնդման ուղղութեամբ տարուած տարբեր գործունէութեան, ինչպէս՝ տարբեր երկիրներու մէջ Հայ Դատի գրասենեակներու աշխատանքներուն: Դասախօսը անդրադարձաւ Հայ Դատի անցած հիմնական հանգրուաններուն 1923-էն ի վեր: Յովհաննէսեան ընդգծեց ազգային գաղափարախօսութեան ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայացուց մոլեռանդ հայու հասկացողութիւնը:
Դասախօսութենէն ետք, ուսանողական հաւաքի մասնակիցները յաջորդաբար այցելեցին Սաղմոսավանք, Տառերու պուրակ, Արագած լեռ եւ Ամբերդ ամրոց: Ամբողջ ուղեւորութեան ընթացքին Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան ընկերակցեցաւ մասնակիցներուն ու մասնագիտական մօտեցումով ներկայացուց՝ 13-րդ դարու կառուցուած Սաղմոսավանքի արտաքին եւ ներքին ճարտարապետական մանրամասնութիւններ, Արագած լերան կազմութեան եւ դիրքին վերաբերող տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ Ամբերդ ամրոցի կառուցումի ու ապրած հոլովոյթին մասին բացատրութիւններ փոխանցեց:
 Ուսանողական հաւաքի երրորդ օրը ուսանողները այցելեցին Երեւանի պետական համալսարան, ուր հանդիպում ունեցան համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ, որ ներկայացուց համալսարանի պատմականը, ընդգրկած մասնագիտութիւնները, արձանագրած յաջողութիւնները եւ ապագայի հեռանկարները: Այնուհետեւ խօսք առաւ Լիլիթ Գալստեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ համալսարանի գրադարանին նուիրեց  Համազգայինի հրատարակութիւններէն:
 
Ապա հաւաքի մասնակիցները ուղղուեցան Սերկէյ Փարաջանովի տուն-թանգարան ու ծանօթացան անոր բարձր արուեստին: Ապա անոնք գացին Ճատրակի տուն, ուր մրցեցան անմրցելի պատանիներու դէմ:
 
Հաւաքի իւրաքանչիւր օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ մշակութային կամ ընկերային ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ճոխ մթնոլորտի մէջ աւելի եւս ամրապնդուեցաւ աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու երկիրներէ եկած մասնակիցներուն կապը:
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Գիտություն եւ տեխնոլոգիաներ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play