Անատոլիայի հայկական լքեալ եկեղեցիները և հուշարձանները


Անատոլիայի հայկական լքեալ եկեղեցիները և հուշարձանները

  • 13-08-2013 17:33:27   | Թուրքիա  |  Մշակույթ

Մինչ մէկ կողմէ կը փլցուին, միւս կողմէ կը վերանորոգուին։ Խօսքը կը վերաբերի Անատոլուի զանազան վայրերուն  մէջ գտնուող Հայկական լքեալ ու կործանեալ եկեղեցիներուն։ Տասնամեակներ շարունակ ամէն ինչ լքուեցաւ փլուզումի ու քանդումի, իսկ հիմա տեղ տեղ կը սկսի վերանորոգութեան աշխատանք մը, որուն վերջնական նպատակը զբօսաշրջական է։ Բայց հիմնուեցան Հայկական Միութիւններ ալ որոնք աշխատանք կը տանին Հայկական հին եկեղեցիներն ու յուշարձանները փրկելու համար։ Սասունցի Հայերու, Մալաթիացի Հայերու, կամ Սվասցի հայերու Միութիւնները այսպիսի աշխատանքի մը մէջ են։ 
 
Սասունցի Հայերու Միութեան Ատենապետ Ազիզ Տաղճը երկար ժամանակէ ի վեր կþաշխատէր որպէսզի նորոգուի Մէրէթոյի լերան վրայ գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։ Վերջին տարիներուն տարին մէկ օր այցելութիւն կը տրուէր Մէրէթօ, բայց Ազիզ Տաղճը դիմում կատարած էր Մշակոյթի Նախարարութեան, որպէսզի այս պատմական եկեղեցին վերանորոգութեան ենթարկուի։ Այժմ կը թուի թէ դրական պատասխան մը ստացուած է։
 
Պաթմանի շրջանային թերթին մէջ հրատարակուած լուրի մը համաձայն Մշակութային Յուշարձաններու Պաշտպանութեան Շրջանային Մարմինը առաջին քայլը առաւ ու սկսաւ կատարել եկեղեցիին չափագրութիւնները։ Ազիզ Տաղճը ըսաւ որ ասիկա առաջին քայլ մըն է, չափագրութիւնը կատարուեցաւ, հիմա կարգը եկաւ վերանորոգութեան հանգրուանին։
 
Մ
Նոյյան տապան  -   Մշակույթ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play