Բարսեղ Թուղլաճեան հրատարակել է Արևմտահայերի պատմության 5-րդ հատորը


Բարսեղ Թուղլաճեան հրատարակել է Արևմտահայերի պատմության 5-րդ հատորը

  • 27-12-2013 17:11:59   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Լոյս տեսաւ ու մեր սեղանին վրայ դրուեցաւ Բարս Թուղլաճըի ¤Բարսեղ Թուղլաճեան_ »Թարիհ Պօյունճա Պաթը Էրմէնիլէրի« ¤Պատմութեան Մէջ Արեւմտահայերը_ կոչուած շարքի հինգերորդ կոթողային հատորն ալ։ Թէեւ գրքին առաջին էջին վրայ տպուած է 2010 թուականը, բայց գիրքը, հաւանաբար տպագրութեան յապաղումի հետեւանքով, այսօր է որ կը հանուի հրապարակ։
 
Ինչպէս աւելի առաջ առիթը ունեցած ենք գրելու, Բարսեղ Թուղլաճեան իր անհամար հրատարակութիւններուն, բառարաններուն ու համայնագիտարաններուն վրայ աւելցուցած էր նոր շարք մը որ թուական առ թուական կþարձանագրէր Արեւմտահայ աշխարհէ ներս պատահածները։ Ամէն ինչ կար այս պատահարներուն մէջ, կարծես օրացոյց մըն էր ո՛չ թէ գալիք օրերու, այլ ապրուած օրերու։ Բացի իւրաքանչիւր թուականի համար տրուած տեղեկութենէ, կը տրուէին նաեւ լուսանկարներ, գիրքերու առաջին էջեր, ձեռնարկներու կամ երաժշտահանդէսներու յայտագիրներ, ամէն ինչ։ Այս շարքով Թուղլաճեան անգամ մը եւս ընթերցողներու տրամադրութեան տակ կը դնէր իր շատ հարուստ արխիւը։
 
Նախորդ չորս հատորները եկած էին մինչեւ 1967։ Այս հինգերորդ հատորը, կþընդգրկէ 1967-1996 թուականները։ Այլ խօսքով, Արեւմտահայերու ընկերային ու մշակութային կեանքը կուգայ մինչեւ 1996, մեզի ժամանակակից շրջան։ Այս տեսակէտով թերեւս այս հինգերորդը ցարդ հրատարակուածներուն ամէնէն հետաքրքրականն է մեզի համար։ Բոլոր անոնք որոնք այս մօտաւորապէս երեսուն տարիներու ընթացքին բան մը ըրած են կամ բան մը տուած են համայնքին, իրենք զիրենք պիտի գտնեն հոն ու պիտի զարմանան որ իրենց իսկ կողմէ մոռցուած ինչեր ու ինչեր հոն քանդակուած են պատմութեան համար։ Մշակութային ու գրական տեսակէտէ մենք շատ հետաքրքրական կը գտնենք հրատարակուած անհամար գիրքերու առաջին էջերու պատկերները։ Հետաքրքրական է նաեւ որ այս հատորին էջերը թղթատելով կը գտնենք համայնքին ծառայած ինչ ինչ հին դէմքեր, որոնք այսօր մոռցուած ըլլալ կը թուին։ Ատոր փոխարէն կարելի է ըսել որ հեղինակը շատ լայն բռնած է լուսանկարներու բաժինները, օրինակ, պարախումբի մը մէկ համերգին առիթով էջեր ու էջեր լեցուն գունաւոր լուսանկարներ հրատարակած է։
 
Բարսեղ Թուղլաճեան անտարակոյս կարեւոր ծառայութիւն կը մատուցանէ Արեւմտահայ ժողովուրդին իրագործումները Թուրք ընթերցողին ծանօթացնելով։ Ինչպէս ինք ալ կը գրէ նախաբանին մէջ, ժողովուրդի մը պատմութիւնն ու մշակոյթը ճանչնալ կը նշանակէ մօտէն ճանչնալ այդ ժողովուրդը։ 
 
Բարսեղ Թուղլաճեանի գիրքերը իրենց շատով կամ քիչով կարեւոր պարապութիւն մը կը լեցնեն ու պատմութեան համար կը քանդակեն ինչեր ու ինչեր, որոնք անպայման թուականի կարգով իրենց տեղը ունին այս ծանրածանր գրքին աւելի քան 700 մեծադիր էջերուն մէջ։ 
 
Մ
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play