«ԱՌԻՆՔՆՈՂ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ»


«ԱՌԻՆՔՆՈՂ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ»

  • 21-03-2014 01:59:22   | Թուրքիա  |  Հարցազրույցներ

«Նոր Յառաջ» - Պոլսահայ դպրոցներու ներկայ իրավիճակին մասին ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած էիք քանի մը տարի առաջ։ Շատ կարեւոր աշխատանք մը՝ իրավիճակէ մը մեկնելով բարեփոխումներ, նոր ծրագիրներ իրագործելու համար։ Ո՞րոնք են այս պահուս պոլսահայութեան, ու աւելի անդին երթալով՝ թրքահայութեան կրթական պահանջները եւ վերջապէս յատուկ կերպով՝ Կեդրոնական վարժարանին պահանջները ու ձեր դերակատարութիւնը իբրեւ տնօրէնուհին այս 127 տարուան անցեալ ունեցող հաստատութեան մէջ։
Սիլվա Գույումճեան - Ակնարկ Մը՝ Պոլսահայ Վարժարաններու Իրականութեան անուն տեղեկագիրը 2000 թուականին պատրաստեր էի, իսկ 2010ին այժմէականացուցի զայն: Այսօր ալ մեր երկու հիմնական պահանջներն են՝ մարդուժը եւ նիւթականը, որոնք զիրար կը լրացնեն. բայց անշուշտ նախ մարդու՝ ի մասնաւորի մտաւորական մարդու, մտաւորական ուսուցիչի պակասն է էականը: 
Թրքահայոց վարժարանները մեծ մասամբ բացուեր էին իբրեւ արդիւնք զարթօնքի շարժման, մտաւոր շարժման... Դանիէլ Վարուժան մը գիւղական վարժարանի մը ուսուցիչ էր: Մտաւորական մարդիկ իրենց հետեւորդները պիտի ունենային: Որքան որ ալ թերութիւններ ունենար, կազմակերպուած էր ուսումնական դրութիւնը: Այս հողերու վրայ, քաղաքական որոշ ճնշումներով խանգարուեցաւ ամբողջ դրութիւնը: Յաճախ կը քննադատենք մենք մեզ, բայց կը մտածենք նաեւ, թէ այսքանով կարենալ գոյատեւելը իսկ յաջողութիւն էր: Թրքական պետական քաղաքականութենէն դուրս չէ հայկական վարժարանին ընթացքը: Դեռ մինչեւ 10-15 տարի առաջ աւելի գոց երկիր մըն էր Թուրքիա. մենք Հայերս, ա՛լ աւելի գոց կեանք մը ունէինք ընկերային, մշակութային գետնի վրայ: Մշակոյթ մը առանց յարաբերելու ինչպէ՞ս պիտի զարգանար, գոյատեւէր: Ոչ մէկ գետնի վրայ կրցանք մենք մեզ նորոգել, յառաջացնել. մինչ մեծ հաւաքականութիւնը մեծ նուաճումներ արձանագրեց: Կրթական մարզի մէջ ալ փոխանակ մենք մեզ նորոգելու, սրբագրելու, ինչ որ դժուարն էր, կարելիութիւն ունեցող ծնողներ նախընտրեցին թուրք կամ օտար վարժարանը, մտածելով նաեւ թէ ապագային իրենց զաւակները կարեւոր ընկերութիւններ, շրջանակներ կը կազմեն այդ վարժարաններուն մէջ: Մարդկային բնական մտածումներ էին, ծնողքը չէինք կրնար այպանել, ինքնութեամբ ալ տկարացեր էինք անգամ մը: 
Այս բոլորը կը ցոլանային հայկական վարժարանին վրայ: Այլեւս հայերէնը, հայկական վարժարանը ի՞նչի կը ծառայէր որ... Առինքնող պէտք էր ըլլար հայկական վարժարանը, արդիական՝ ամէն ինչով. ուսուցիչներու մակարդակով, համալսարանի յաջողութեամբ, դասաւանդութեան կերպով, օտար լեզուի ուսուցումով, շէնքով...: Այս բոլորը կը կարօտէր մարդուժի եւ նիւթականի: 
Կեդրոնականը իբրեւ ոչ թաղային, այլ ազգային վարժարան, կը ցոլացնէ նաեւ ազգին դիմագիծը: Կեդրոնականի դիրքը ունի յարմարութիւն Պոլսոյ բոլոր թաղերէն, բոլոր խաւերէն աշակերտ ընդունելու: Տղաքը 14 տարեկանին կը սկսին լիսէի ուսման. կարգ մը վարժութիւններ՝ հայերէն խօսիլ, գիրք կարդալ, դաս աշխատիլ, քննադատական մտածողութիւն... եւլն. մեծ մասամբ ձեւաւորուած են արդէն ընտանիքէն եւ նախակրթական ուսման շրջանին: Մենք կը ջանանք ընդլայնել տղուն կարգ մը յատկութիւնները: 
1980էն ի վեր կը վարեմ Կեդրոնականի տնօրէնութեան պաշտօնը, 33 տարուան ընթացքին մեր աշակերտութեան թիւը բաւական բարձրացաւ, ինչ որ խոտոր համեմատական է պոլսահայ աշակերտութեան թիւին: Բարձրացաւ նաեւ ուսուցիչներու թիւը. այսօր կը բաղկանանք 218 աշակերտ, 43 ուսուցիչէ: Մնայուններու կողքին ունինք քիչ դասաժամով այցելու ուսուցիչներ, մէկ մասը կը դասաւանդեն նաեւ համալսարանի մէջ: 
Նախ միջավայրը ուսման յարմար պէտք է ըլլայ. Դպրոցի մշակոյթ, դպրոցի կլիմա, ըսուածը... ուսուցիչ-աշակերտ-տնօրէն-ծնողք յարաբերութիւնները... Տարիներու ընթացքին դպրոցին մէջ ջանացինք իրագործել դարուն պահանջները: 1983ին սկսանք համակարգիչի դասերու, գիտութեան աշխատանոցներու յաճախակի վերանորոգում...Բերել նախ ուսուցիչը, յետոյ ալ այն թէքնիքը որուն պահանջը կը զգայ ան... Աշակերտ, ուսուցիչ, փափաքելով քայլ կը նետեն Կեդրոնականի սեմէն ներս: Տնօրէնը կապերը հաստատողն է: Կարգապահութեան հասկացողութիւնը յարգանքի հիման վրայ է, ոչ թէ ձեւակերպական, ժամանակավրէպ...
Այսօր Կեդրոնականին հիմնական պահանջն է նիւթականը: Ունինք ծրագիրներ, դպրոցի յառաջացման, շէնքը ընդլայնելու մասին, որոնք չենք կրնար իրագործել:
 
«ՆՅ» - Վերջին տարիներուն Կեդրոնականէն ներս զանազան բարեփոխումներ նշմարելի են. նոր աշխուժութիւն մը՝ 125ամեակի նշում, դպրոցական տարածքի ընդարձակում, ցուցասրահի բացում, միջդպրոցական մրցումներ եւ «Պիլկի» համալսարանին հետ երկլեզւութեան կրթական ըմբռնումի ուղղութեամբ տարուած գիտաժողով, «Նախ Մայրենին» գրքոյկի հրատարակութիւն։ Հաւանաբար նաեւ այլ ծրագիրներ, որոնց կրնաք արդրադառնալ։ Ի՞նչ է այս նախաձեռնութիւններով հետապնդուած նպատակը եւ որքանո՞վ աշակերտները, պատանիներն ու երիտասարդութիւնը կը խանդավառուին ու կ՚ընդգրկուին այս գործընթացին մէջ։
Ս.Գ. - Ինչպէս ըսինք, թրքական պետական քաղաքականութենէն անջատ չէ հայկական վարժարանին ընթացքը: Մինչեւ 10-15 տարի առաջ աւելի գոց երկիր մըն էր Թուրքիա. մենք Հայերս, ալ աւելի գոց կեանք մը ունէինք ընկերային, մշակութային գետնի վրայ: Հայկական, թրքական կամ օտար դպրոցները բոլորովին ենթակայ են Կրթական նախարարութեան: Նոյնպէս ընկերային, մշակութային ձեռնարկները Նախարարութեան հակակշռին տակ են: Մենք միշտ ջանացած ենք իրագործել ձեռնարկներ, որոնց շնորհիւ կրնանք աշակերտութիւնը աւելի հաղորդ դարձնել ազգային մշակոյթին. նոյն առիթներով կ՚ունենանք նաեւ հրատարակութիւններ: Կեդրոնականի ժառանգը այնքան հարուստ է, որ միշտ կան յիշատակելիք անձնաւորութիւններ: Կ՚ուսումնասիրենք եւ կը ծանօթացնենք նաեւ Պոլսահայոց համար անծանօթ մնացածները. որոնց կարգին եղան՝ Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանը, Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեանը, արձանագործ Մառի Կէրէքմէզեանը...: 
Սիւրմէլեանը թրքերէնով ալ ներկայացուցինք Պողազիչի համալսարանին մէջ, Ձեզ Եմ Դիմում Տիկիններ եւ Պարոններ անուն գիրքը եւ կեանքը ծանօթացնելով... Այս առթիւ եղաւ նաեւ ասուլիս մը: 
Կեդրոնականի շրջանաւարտ Արա Կիւլէրի անունով լուսանկարչական մրցումը երրորդ անգամն է, որ պիտի կազմակերպենք. կը մասնակցին Պոլսոյ 100ամեայ բոլոր լիսէներէն աշակերտներ: Այսպէսով թուրք երիտասարդը կը ծանօթանայ մեզի... 
Մեր բոլոր ձեռնարկներուն ներկայ եղան համալսարաններէ դասախօսներ, վերատեսուչներ, արւեստագէտներ եւլն.: 
125ամեակն ալ պատեհ առիթ մը նկատելով աշխատանքներուն մէկ մասը ձօնեցինք անոր: Ասոնցմէ մէկն էր նաեւ Շիշլիի Գերեզմանատան Մէջ Յարգանք Կեդրոնականցիներու. Խնամակալ, Հիմնադիր, Տնօրէն, Ուսուցիչ, Սան անուն ձեռնարկը. կեդրոնականցիներու ծանօթացումը եւ շիրիմներու այցելութիւնը, ներկայ աշակերտութեամբ: Մեր ձեռնարկներուն կը հրաւիրենք նաեւ մեր բոլոր վարժարաններէն աշակերտ եւ ուսուցիչներ, ձեռնարկները կը կրկնենք տարբեր թաղերու, միութիւններու սրահներուն մէջ եւս: 
Անցեալ տարեշրջանին, փիլիսոփայութեան ակումբին հետ գործակցելով որոշեցինք շաբաթը օր մը, դասերու վերջաւորութեան ուսուցիչներու համար ասուլիսներ, աշխատանոցներ կազմակերպել, հրաւիրելով համալսարաններէ դասախօսներ, մտաւորականներ: Նպատակն էր՝ օգնել ուսուցչին մտաւոր յառաջացման: 
Մտադրեր էինք նաեւ համալսարանի մը հետ գործակցաբար դաստիարակութեան գիտաժողով մը կազմակերպել մասնաւորաբար մեր նախակրթական վարժարաններուն ուղղեալ: «Պիլկի» համալսարանին հետ իրագործեցինք 
այս մէկը. 110ական հոգիով, համալսարանի երդիքին տակ, միօրեայ երկու սեմինարներ էին: Առաջինը՝ քննադատական մտածողութեան, երկրորդն ալ մայրենի լեզուի ուղղեալ: Նախ Մայրենին երկլեզու գրքոյկն ալ պատրաստեցինք այս առթիւ: 
Ամառուայ ընթացքին փիլիսոփայութեան եւ լեզուի ուսուցիչներ միասնաբար ուսումնասիրեցինք երկլեզու եւ բազմալեզու ուսուցման վրայ գիրքեր: Այս առթիւ ծանօթացանք բազմալեզուաբան Ժիլպէր Տալկալեանի «Enfances plurilingues, Témoignage pour une éducation bilingue et plurilingue» անուն գիրքին: Փափաք յայտնող բոլոր վարժարաններուն ղրկեցինք գիրքէն, որպէսզի տարածեն իրենց ծնողներուն... Կան հայ ծնողներ որոնք հայերէնը անպէտ, նոյնիսկ արգելք կը համարեն օտար լեզուներ սորվելու համար...: «Նախ Մայրենիին» մէջ, ուզեցինք լեզուաբաններու կարծիքին տեղ տալ, փաստելու համար թէ զոյգ մայրենիի տէր տղաք երրորդ կամ չորրորդ լեզուն ինչու աւելի դիւրին կ՚ըմբռնեն քան մէկ լեզուի տէր տղաք: Հայերէնի հարցը այնքան լուրջ եւ համատարած է, որ անշուշտ այսպէս քանի մը ձեռնարկով կարելի չէ հարթել: 
Պէտք է ժամ առաջ իր ինքնութեան, մշակոյթին տեղեակ, գիտակից երիտասարդներ պատրաստենք որպէսզի մեր արժէքներն ալ փոխանակուին յաջորդ սերունդներուն: Այս է նախաձեռնութիւններուն ետին հետապնդուած բուն նպատակը: 
Մասնաւորաբար անուանի դէմքերու յիշատակման հանդիսութիւնները, թատրոն, պար, խօսք, մէջ ընդ մէջ առանց երկարելու, ի հարկին թուրք արհեստավարժ ընկերներու ալ զօրակցութեամբ կը ծրագրենք: Աշակերտներուն դասերու կամ աշխատանոցներու մէջ կը ծանօթացնենք յիշատակելի անձը: Իր մշակոյթին մասին ծնողքէն, ընկերոջմէն աւելի շատ բան գիտցած ըլլալ, իբր անտեսուած փոքրամասնական ժողովուրդ «մենք ալ արժէքներ ունինք եղեր» կարենալ ըսել, բեմ ելլել, մամուլին մէջ տեղ գրաւել, նոյնիսկ թրքական միջավայրերու կողմէ գնահատուիլ... Բոլոր ասոնք տղուն հաճելի կը թուին. աշակերտներ, երիտասարդներ կը խանդավառուին, կ՚ընդգրկուին գործընթացին մէջ: Անշուշտ դասերէն նուազագոյն ժամանակ խլելու պայմանաւ: 
Հիմա ունինք Կեդրոնականի 1909ի շրջանաւարտներէն Յ. Ճ. Սիրունին ծանօթացնելու ծրագիրը, հայերէնի ուսուցիչներով արդէն լուծուած ենք աշխատանքի: Անոր՝ «Պոլիս եւ Իր Դերը» անուն քառահատոր գործը հետաքրքրական կրնայ հանդիսանալ նաեւ թուրք ընթերցողին: Ո՞վ գիտէ թերեւս ալ թրքերէնի թարգմանելու պահանջը կը զգացուի...: Անծանօթ մնացած է նաեւ Արշակ Ալպօյաճեանը...: 
Ուրեմն նախ մենք՝ մեր անձնակազմով կը գիտակցինք մեր արժէքներուն յետոյ ալ կը բաժնենք զանոնք մեր աշակերտներով, մեր շուրջիններով:
 
«ՆՅ» - Ինչպէ՞ս կը սահմանէք նոր սերունդին պահանջները, փոփոխութիւններ կա՞ն նախկինին հետ բաղդատելով։ Որքանո՞վ փոփոխութիւնները քայլ կը պահեն Թուրքիոյ մէջ ձեւաւորուող հանրային նոր համակարգին հետ։
Ս.Գ. - Սերունդներու միջեւ փոփոխութիւնները կը պարտադրեն նաեւ պահանջներուն ալ փոփոխութիւնը: Ներկայ սերունդը ինքզինք պարտաւոր կը զգայ բարձրագոյն ուսում ստանալու, լեզուներ գիտնալու, անգլերէնը առանց օտար լեզու համարելու, երիտասարդներու մօտ «քարիէրիսթ» հասկացողութիւն մը կը տիրէ, շարունակ կ՚ուսանին, բայց ո՞րքան կ՚արտադրեն կամ կը բաժնեն... Արուեստագիտութիւնը, ելեկտրոնիկ աշխարհը այլեւս կեանքին անբաժան մասնիկներն են, երիտասարդը իր առանձնասենեակին մէջ կ՚ապրի աւելի անհատականացած կեանք մը, բախտատմամբ նախկին պապենական, բազմանդամ ընտանիքի զաւակներու: Մեր տղաքն ալ տարբեր չեն իրենց դրացիներէն: Համաշխարհայնացումը արդէն կը պարտադրէ իր ապրելակերպը:
 
«ՆՅ» - Հայաստան եւ Սփիւռքի այլ երկիրներու մէջ հայկական կառոյցներու հետ գործակցութեան կարիքը կը զգա՞ք։
Ս.Գ. - Անշուշտ լաւ կ՚ըլլար եթէ հայկական կառոյցներ իրարու հետ կարենային հաղորդակցիլ, բաժնել լաւ օրինակները իրարու հետ: Մասնաւորաբար հաղորդակցութեան միջոցներուն այսքան յառաջացած մէկ շրջանին չօգտագործել զանոնք... Ահա թէ որքա՞ն կազմակերպուած ենք:
 
«ՆՅ» - Բարեփոխումներ կ՚ենթադրեն նաեւ դրամական ներդրում։ Ինչպէ՞ս կ՚ապահովէք նիւթականը։
Ս.Գ. - Ինչպէս նախապէս ալ յայտնեցի մանաւանդ Կեդրոնականի համար հիմնական խնդիրը նիւթականի անբաւարարութիւնն է: Հակառակ անոր, որ ծնողներէ ամենաբարձր թոշակը գանձողն ենք, բաղդատմամբ պոլսահայ մեր միւս վարժարաններուն: Քանի որ աշակերտներ նախընտրաբար կու գան Կեդրոնական: Դժբախտաբար չունինք եկամտաբեր կալուածներ. ոտքի կը մնանք բուն պոլսահայ համայնքին օգնութեամբ, նուիրատըւութեամբ: Կան աշխարհացրիւ կեդրոնականցիներ, որոնց կարգին մեզմով մօտէն կը հետաքրքրուին Ամերիկայինները, մասնաւորաբար Լոս Անճըլըս բնակողները: 
Պիւտճէի բացը տարուէ տարի կը մեծնայ, ամէն տարի սարքուած սիրոյ սեղաններով չենք կրնար գոցել մեր բացը: Ուսուցիչները ամէն ամիս օրը օրին չեն կրնար ստանալ իրենց թոշակը: Երբեմն երկու ամսականը միասին եւլն.: 
Քոյր քանի մը հաստատութիւններ, զորս կը գլխաւորէ Ազգային հիւանդանոցը, յետոյ Օրթագիւղի եւ Գարակէօզեանի վարչութիւնները, որոնք տիրացան իրենց հասութաբեր կարգ մը հողերուն, կ՚օգնեն միւսներուն: Ամէն պարագայի մեր նախընտրութիւններուն պիւտճէն ձեւով մը կ՚ապահովենք, միշտ պարտական մտնելով յաջորդ տարիին: 
 
«ՆՅ» 
 
Նոյյան տապան  -   Հարցազրույցներ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play