«Մարտ 10ի Ընտրութիւններուն Պէտք Է Ապացուցենք Հայկական Քուէի Ուժը»


«Մարտ 10ի Ընտրութիւններուն Պէտք Է Ապացուցենք Հայկական Քուէի Ուժը»

  • 03-03-2015 13:35:35   | ԱՄՆ  |  Հարցազրույցներ

 

Վրոյր Ռոյ Պուլղուրճեան հասակ առած է Միջին Արեւելքի մէջ: Աւարտած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական քոլեճը, որմէ ետք բարձրագոյն ուսում ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ (AUB), ուսողութեան (mathematics) եւ տնտեսագիտութեան (economics) մարզերէն ներս: 1982ին հաստատուած է Հոլիվուտ, ապա՝ Փասատինա: Ան իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է եւ կը բերէ Հայ աւետարանական շրջանակներէն ներս: 1980ական թուականներուն եղած է Հոլիվուտի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբի անդամ: Շարունակելով ուսումը՝ ստացած է մագիստրոսի վկայական՝ բազմամշակութային կրթութեան բնագաւառէն ներս (Master’s degree in Multi-cultural Education) եւ դասաւանդման վկայագիր (Teaching credentials): Ունի նաեւ վարչական վկայագիր (Administrative credential) եւ ներկայիս կ՛աշխատի դոկտորականի իր թէզին վրայ (Doctoral program, Leadership Education):
1987էն սկսեալ, ան շրջան մը դասաւանդած է անգլերէն՝ որպէս երկրորդ լեզու (ESL), Կլենտէյլի մէջ, նոյն ժամանակ՝ գործելով ադամանդի մեծաքանակ վաճառականութեան ոլորտին մէջ: Սիրելով դասաւանդումն ու գիտելիքներու բաշխումը նոր սերունդին՝ Պուլղուրճեան կեդրոնացած է կրթական գործունէութեան վրայ եւ 1990ականներուն դարձած է միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու ուսողութեան ուսուցիչ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս։ Ան ուսողութիւն դասաւանդած է նաեւ Կլենտէյլի երկու երկրորդական վարժարաններու մէջ: Ապա, Մոնրովիայի «Մաունթ Սիէրա» քոլեճ հրաւիրուած է որպէս ուսողութեան, տնտեսագիտութեան, առեւտրական գիտելիքներու եւ ղեկավարման դասախօս: Վերջին երկու տարիներուն, Վրոյր Պուլղուրճեան այդ քոլեճի «Business and General Education» բաժանմունքի վարիչն է։
Վրոյր շահած է վստահութիւնն ու թիկունքը քոնկրեսական Ճուտի Չուի, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքլ Անթոնովիչի, Փասատինայի նախկին ոստիկանապետ Պեռնար Մելեքեանի, հանգստեան կոչուած դատաւոր Տիգրան Թեւրիզեանի եւ շարք մը այլ ականաւոր դէմքերու:
Անցեալ ամիս տեղի ունեցաւ դրամահաւաք եւ զօրակցութեան հաւաք՝ ի նպաստ Պուլղուրճեանին. անոր ներկայ էր նաեւ քոնկրեսական Չու, որ իր զօրակցութիւնը յայտնելու կողքին նշեց, որ իւրաքանչիւր փասատինացի իր կարելին պէտք է ընէ, որպէսզի Պուլղուրճեանը տեսնենք Փասատինայի կրթական խորհուրդի անդամ:

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Պրն. Պուլղուրճեան, ուրկէ՞ սկսաւ ձեր հետաքրքրութիւնը՝ դպրոցական եւ կրթական աշխարհ մուտք գործելու:

ՎՐՈՅՐ ՌՈՅ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ.- Երեսուն տարի է Փասատինա կ՛ապրիմ: Այս իմ հարազատ քաղաքն է: Անդամ եմ Pasadena Educational Foundation-ին, որ ոչ-հասութաբեր մեծ կազմակերպութիւն մըն է: Առիթով մը զիս հրաւիրեցին, որպէսզի մէկ օր հանրային դպրոցի մը մէջ անցընեմ որպէս «օրուան տնօրէն»: Հաճելիօրէն զարմացած էի՝ տեսնելով հանրային դպրոցի մաքրութիւնը, կարգ ու կանոնը, աշակերտներու վարքը. բաներ, որոնք մեր լսածին համաձայն՝ կը կարծէինք, թէ հանրային դպրոցները չունին: Շատ լաւ տպաւորուած էի եւ նկատած, որ հանրային դպրոցը տալիք ունի, կարողականութիւն ունի աւելիին, ատակ է հասնելու բարձրագոյն արդիւնքներու: Նոյն ատեն, նշմարեցի նաեւ հայ պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու պակասը. հայ անունը շատ չի յիշուիր, ներկայութիւն չունինք այդտեղ: Ահաւասիկ պատճառներ, որոնք զիս մղեցին մուտք գործելու Փասատինայի հանրային դպրոցներու համակարգ:

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Մօտաւորապէս, այսօր որքա՞ն է Փասատինա քաղաքի բնակչութեան եւ հայ բնակչութեան թիւը:
ՎՐՈՅՐ ՌՈՅ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ.- Կը խորհինք, որ 15էն 20,000 հայութիւն կայ հոն. ճիշդ թիւ չունինք, որովհետեւ մարդահամարով չենք կրնար գուշակել: Այս թիւը մօտաւորապէս 10-15 տոկոսը ըլլալու է Փասատինայի ժողովուրդին: Բայց քաղաքապետարանէն, հանրային դպրոցական ցանցէն եւ Փասատինայի քոլեճէն ներս մեր ներկայութիւնը շատ քիչ է: Պէտք է շատ աւելիով ներգրաւուինք մեր քաղաքի ուսումնական կեանքէն ներս: Շատ քաջալերական է բարեկամական շրջանակներէ լսել խանդավառ խօսքեր եւ դրական կեցուածք՝ թեկնածութեանս առիթով: Ես որոշեցի ընրտրապայքարին մասնակցիլ՝ թեկնածութիւնս դնելով Հանրային դպրոցներու ուսումնական խորհուրդի կազմի ընտրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 10ին:

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Խնդրեմ քանի մը խօսք ըսէք ընտրական համակարգին մասին:
ՎՐՈՅՐ ՌՈՅ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ.- Մինչեւ երկու տարի առաջ, Ալթատինան, Փասատինան եւ Սիէրա Մատրէն միասնաբար կ՛ընտրէին իրենց թեկնածուները: «Measure A»ի որոշումով՝ որոշուեցաւ, որ եօթը շրջաններէն իւրաքանչիւրը իր ներկայացուցիչը ունենայ:
Մեր ընտրատարածքը թիւ 2ն է, որ հայահոծ է, Հիլ փողոցէն մինչեւ արեւելք՝ Սիէրա Մատրէ, եւ հարաւէն՝ Օրենճ Կրովէն մինչեւ հիւսիսի լեռները, ներառեալ՝ Ափըր Հէյսթինկզ Ռենչ: Երկրորդ ընտրատարածքէն մէկ հոգի պիտի ընտրուի. կան երեք թեկնածուներ: Հպարտ եմ յայտնելու, որ հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները, բոլոր կողմերը՝ անխտի՛ր, թիկունք են ինծի, ինչի համար ալ խորապէս շնորհակալ եմ: Յոյսով եմ, որ այս առիթով հայերը քով-քովի կու գան առողջ գործակցութեամբ:

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Փաստօրէն, եթէ 2րդ ընտրատարածքէն չես, իրաւունք չունիս ձայն տալու այդ տարածքի թեկնածուին:
ՎՐՈՅՐ ՌՈՅ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ.- Ո՛չ, չեն կրնար, բայց կրնան օժանդակել նիւթապէս ու բարոյապէս: Մինչեւ վերջին ընտրութիւնները, 2200 արձանագրուած հայ քուէարկողներ ունէինք: Շատ աւելի՛ն պէտք է ունենանք: Հայերը ընտրական հարցին մէջ քիչ մը զգոյշ են. կը կարծեն, թէ ընտրութեան մասնակցելով՝ «Jury duty»ի պիտի կանչուին. ո՛չ, այդպէս չէ:
Մեր խնդրանքն ու փափաքն է, որ մեր հայրենակիցները արձանագրուին եւ քուէարկեն: Կը քաջալերենք կանուխ քուէարկութիւնը: Ընտրաթերթիկներ կարելի է գտնել ամէն տեղ՝ համացանցի վրայ, քաղաքային կայքէջներու մէջ, մեր կայքին վրայ. fb.com/RoyForPasadenaSchoolBoard: Կրնաք նաեւ դիմել մեզի՝ roybforschoolboard@gmail.com հասցէով: Անշո՛ւշտ կ՛ուզեմ յաջողութեան հասնիլ, եւ կարիք ունիմ ամէն մէկ ձայնի: Սակայն, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է, որ տեղացի մեր քաղաքացիներուն ցոյց տանք, որ հայկական քուէն զօրաւոր է, ուժ է, որպէսզի մեզի կարեւորութիւն ընծայեն եւ մեր ցանկութիւնները, մեր ծրագիրները կատարեն: Եթէ քանի մը հարիւր ձայն հաւաքենք, հետագային մեզի՝ որպէս հայութիւն, կարեւորութիւն չեն տար: Այնպէս որ, ոչ միայն կրթական, այլեւ քաղաքական նպատակներով կարեւոր է հայկական քուէն այսօր, եւ ոչ միայն Փասատինայի համար: Ամերիկեան տարբեր մակարդակներու վրայ, հայութիւնը իր ձայնը պէտք է աւելի ազդու դարձնէ՝ ճամբայ հարթելով թէ՛ ապագայ հայ թեկնածուներու եւ թէ հայութեան շահերուն համար, ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչուող խնդիրները: Կը հաւատանք, որ ձիւնագնդակի նման հայ համայնքի յաջողութիւնները կրնան իրարու վրայ բարդուելով՝ ուժ դառնալ:

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Փասատինայի կրթական խորհուրդի անդամ դառնալով ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէք:
ՎՐՈՅՐ ՌՈՅ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ ասիկա կամաւոր պաշտօն է. վճարովի չէ: PUSD-ի (Pasadena Unified School District) վերջին տարիներու յաջող ծրագիրներէն մէկը ուսումնական երկլեզու ծրագիրն է, ուր փոքր տարիքէն, մանկապարտէզէն սկսեալ, բոլոր աշակերտներուն երկու լեզու կը դասաւանդեն՝ անգլերէն եւ չինարէն, կամ՝ անգլերէն եւ սպաներէն: Կլենտէյլը այս փորձը ունի. մենք ալ նման ծրագիր մը կը պատրաստենք՝ անգլերէն եւ հայերէնի համար: Արդէն փաստուած է, որ մարդ երբ երկրորդ լեզուի մը կը տիրապետէ, ամէն կերպով աւելի կը յառաջդիմէ: Կ՛ուզենք այդ ծրագիրը աւելի մշակել եւ իրականացնել: Ինչու չէ նաեւ՝ նպատակ ունինք միաժամանակ երեք լեզու դասաւանդելու. այս մէկը նորութիւն է Փասատինայի մէջ: Մեր ընտրաշրջանին մէջ հայութեան թիւը մեծ է. նախ պիտի փորձենք երկլեզու դասընթացքը յաջողցնել եւ ապա դասաւանդել հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ: Մեր գլխաւոր նպատակներէն մէկն է նաեւ հայ պաշտօնեաներու թիւը բարձրացնել քաղաքին մէջ, ըլլայ ուսուցչական թէ այլ:

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Պարոն Պուլղուրճեան, ամենայն յաջողութիւն կը մաղթենք ձեր ընտրական աշխատանքներուն եւ կը հրաւիրենք Փասատինայի հայութիւնը, որպէսզի մասնակցի՝ եւ իր ձայնը տալով ձեզի եւ հայութեան ձայնը լսելի դարձնէ Փասատինայի ուսումնական համակարգէն ներս:

asbarez.com

Նոյյան տապան  -   Հարցազրույցներ