Տեղեկացնելու հրամայականը.«Նոր Յառաջ»


Տեղեկացնելու հրամայականը.«Նոր Յառաջ»

  • 04-03-2015 18:32:31   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

2009 - «Նոր Յա­ռաջ» ծնունդ առաւ գա­ղափա­րէ մը։ Հա­յախօս մա­մու­լի ան­հե­տացու­մը Արեւ­մուտքի մէջ ան­խուսա­փելի չէ։ Ընդհա­կառա­կն, հա­յերէն լե­զուի այժմէակա­նաց­ման գրա­ւը ար­դիական հնչո­ղու­թիւն ու­նի որ կը պա­հան­ջէ տե­ւական ինքնա­հար­ցադրում։
 
2011 - HEBDO-ն՝ ֆրան­սե­րէն յա­ւելուածը լոյս տե­սաւ, 4 էջ։ Մինչ այդ բա­ցար­ձա­կապէս հա­յերէն լե­զուով ար­տա­յայ­տուելու խմբագ­րա­կան ու­ղեգիծին մէջ պզտիկ յե­ղափո­խու­թիւն մը։ Բայց իրա­կանու­թեան մէջ անհրա­ժեշտ շրջա­դարձ մը՝ գո­հաց­նե­լու հա­մար թեր­թիս բա­ժանորդ ֆրան­սա­խօս ըն­տա­նիք­նե­րը։ Նո­րու­թիւն մը, որ իր ատե­նին գո­հու­նա­կու­թեամբ ըն­կա­լուե­ցաւ յատ­կա­պէս տա­րեց բա­ժանորդնե­րու կող­մէ, որոնք ըն­տա­նեկան յար­կէն ներս երի­տա­սարդ սե­րունդի ան­դամնե­րուն հետ հայ­կա­կան ան­ցուդար­ձե­րուն մա­սին զրու­ցե­լու, միտ­քեր փո­խանա­կելու նոր աս­պա­րէզ մը կը գտնէին եւ փո­խա­դար­ձա­բար երի­տասարդնե­րուն հա­մար որոնք հա­յերէ­նին չեն տի­րապե­տեր։
 
2015 - Թերթս աւելի քան եր­բեք իր գրա­ւը կը դնէ երկլե­զւու­թեան վրայ։ Այս թի­ւէն սկսեալ իր 4 էջ­նոց շա­բաթա­կան ֆրան­սե­րէն յա­ւելուածը կը վե­րածէ 12 էջի։ Խմբագ­րութիւնս կը փոր­ձէ բազ­մացնել անցքե­րը։ Հա­ղոր­դակցիլ, տա­րածել մշա­կոյ­թը ամե­նալայն շրջա­նակ­նե­րուն եւ հայ­կա­կան աշ­խարհահա­յեաց­քը բաժ­նել ժա­մանա­կակից ըն­կե­րու­թեան հետ։ Ահա­ւասիկ նպա­տակը։
Ինչ կը վե­րաբե­րի շա­բաթա­կան ֆրան­սե­րէն 12 էջե­րուն, այդ մե­զի կը թուի ըլ­լալ ճիշդ հա­մեմա­տու­թիւնը՝ հա­մատե­ղելու հա­մար բո­լոր հան­րութիւննե­րը, սե­րունդնե­րը, ինչպէս նաեւ՝ բազ­մա­բեւեռ աշ­խարհի եւ աշ­խարհա­քաղա­քական բարդ իրա­դար­ձութիւննե­րու օրէ օր աւե­լի ճոխ տե­ղեկու­թիւննե­րը հասցնե­լու միջոց։
Ի վեր­ջոյ, տե­ղեկա­տւու­թեամբ յա­գեցած մեր շրջա­պատին մէջ, այս յա­ւելեալ քա­նի մը էջե­րը աւե­լորդ չեն, այլ կու գան լրաց­նե­լու բաց մը՝ ներ­կա­յաց­նելու այն ինչ, որ ու­րիշ լրա­տու մի­ջոց­նե­րը չեն փո­խան­ցեր, կը խու­սա­փին կամ կ՚ան­տե­սեն։ Բայց նաեւ հրամցնելու՝ վեր­լուծումներ, տար­բեր դի­տակէտ մը, ֆրան­քեւհայ­կա­կան, ին­չու չէ նաեւ եւ­րո­հայ­կա­կան ըն­թերցում մը։
Վստա­հաբար այս 12 էջե­րը մե­զ աւելի եւս կը մօ­տեց­նեն Հա­յաս­տա­նին եւ Հա­յաս­տա­նը՝ մե­զ։ Ցարդ, ֆրան­սա­խօս ըն­թերցո­ղը նուազ տե­ղեկա­ցուած էր քան անգլիախօս, ռու­սա­խօս եւ բնա­կանա­բար հա­յախօ­սը։ Կա­րիքը ու­նինք աւե­լի մեծ թի­ւով ֆրան­սա­լեզու լրա­տու ­միջոց­նե­րու, լա­ւապէս ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար ամ­բողջ հայ­կա­կան իրա­դար­ձութիւննե­րը՝ իրենց այ­լա­զան եւ բազ­մա­կող­մա­նի երես­նե­րով։
100ամեակին առի­թով 2015ը զօ­րակո­չի տա­րի է ֆրան­սա­հայ հա­մայնքին հա­մար։ Պէտք է այդ մա­սին տե­ղեակ պա­հել, նաեւ գրա­ւոր հետք ձգել։ Եթէ մենք, «Նոր Յա­ռաջ»ը եւ հայ­կա­կան մա­մու­լը չը­նէին այս գոր­ծը, ու­րիշ որե­ւէ այլ լրա­տու ­միջոց պի­տի չը­նէր մեր փո­խարէն։ Յաւելեալ՝ որ­քան տե­ղեկա­տւու­թիւնը տա­րածուի, այնքան հա­յու­թեան յի­շողու­թեան հա­ւաքա­կան աշ­խա­տան­քը կ՚արժեւո­րուի։ Ինչ կը վե­րաբե­րի Էր­տո­ղանի կամ երկրա­գունդի այլ գեր­տէ­րու­թիւննե­րու ղե­կավար­նե­րու խօս­քե­րուն, ան­կասկած որ մի­ջազ­գա­յին լրա­տու մի­ջոց­նե­րը լայ­նօ­րէն պի­տի անդրա­դառ­նան անոնց։ Մենք մեր կող­մէ պի­տի գիտ­նանք ար­ժե­ւորել մե­զ հե­տաքրքրո­ղը։ Իսկ այնքան յու­սա­ցեալ հա­ւաքա­կան վե­րանո­րոգու­թեան աշ­խա­տան­քին առընչու­թեամբ պէտք է դադ­րինք զայն մեր շուրջը փնտռե­լէ, այլ՝ զայն որո­նենք մեր մէջ։
«Նոր Յա­ռաջ»ի շա­բաթա­կան թի­ւը այ­սուհետեւ լրա­տու մի­ջոց­նե­րու խա­ղադաշ­տին մէջ պի­տի գրա­ւէ իր իւ­րա­յատուկ տե­ղը՝ շա­բաթա­թեր­թի­նը, որ ցարդ թա­փուր կը մնար ֆրան­սա­խօս հայ­կա­կան մա­մու­լի շրջա­նակին մէջ։ Մեր ըն­թերցող­նե­րու ըն­դունե­լու­թիւնը եւ հա­կազ­դե­ցու­թիւնը իրենց տի­րական դե­րը պի­տի ու­նե­նան՝ մե­զի մեր այս նոր նա­խաձեռ­նութեան կամ «ար­կա­ծախնդրու­թեան» մէջ առաջ­նորդե­լու հա­մար։ Առայժմ այս 12 էջե­րը բա­ժանորդնե­րուն պի­տի հաս­նին ամէն Հինգշաբ­թի օր «Նոր Յա­ռաջ»ին հետ, յա­ւելուածի ձե­ւով, առանց յա­ւելեալ վճա­րու­մի։ Յե­տագա­յին կա­րելի պի­տի ըլ­լայ ու­րիշ տա­րազ­ներ որ­դեգրել՝ ըստ ըն­թերցող­նե­րու պա­հանջնե­րուն եւ պիւտճէական հրա­մայա­կան­նե­րուն։ 
«Նոր Յա­ռաջ»ի երկլեզ­ւութեան ան­ցումի ծրա­գիրը կը գան­ձատրուի «Կիւլպէն­կեան» հիմնարկութեան կող­մէ։
 
«ՆՅ» խմբագրական
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play