Արմէն’Լիվրի գիրքերու 10րդ տօնավաճառին բացումը


Արմէն’Լիվրի գիրքերու 10րդ տօնավաճառին բացումը

  • 04-03-2015 18:34:32   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Երեքշաբ­թի Մար­տ 3ին, երե­կոյ­եան ժա­մը 18.30ին բա­ցու­մը կա­տարուեցաւ Ար­մէն’Լիվ­րի գիր­քե­րու 10րդ տօ­նա­վա­ճառին։ Այս տա­ր­ուան պատ­ուոյ հիւ­րերն են Ալ­ֆորվի­լի յա­ջոր­դա­կան երեք քա­ղաքա­պետե­րը՝ Ժո­զէֆ Ֆրան­չեսքի (հան­գուցեալ), Ռը­նէ Ռու­քէ, եւ Լիւք Գար­վունաս, որոնք աւե­լի քան յի­սուն տա­րի վա­րած են Ալ­ֆորվի­լի քա­ղա­քա­պետա­կան պաշ­տօ­նը։
Ներ­կայ էին՝ Նոր­վան Արք. Զա­քարեան, Պա­տուե­լի Ռը­նէ Լե­ւոնեան, ՀՀ դես­պա­նորդ՝ Վա­հագն Աթա­բէկեան, Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչ՝ Յով­հաննէս Գէոր­գեան, հայ հա­մայնքի բազ­մա­թիւ ներ­կա­յացու­ցիչներ եւ հրա­ւիրեալ­ներ։ Բաց­ման խօս­քե­րը ար­տա­սան­եցին՝ Տի­կին Յաս­միկ Գե­ւոնեան եւ Ար­շա­լոյս Սար­գի­սեան, որոնցմէ ետք բեմ հրա­ւիրուեցաւ պատ­մա­բան Ծո­վինար Գե­ւոնեան, որ պատո­ւոյ հիւ­րե­րուն գոր­ծունէու­թեան մա­սին ար­տա­յայ­տուեցաւ։ Խօսք առին նաեւ ՊՊ. Գար­վունաս եւ Ռու­քէ։ Այնուհետեւ, կար­դա­ցուե­ցաւ Անա­հիտ Տէր Մի­նասեանի յղած նա­մակը, որ ան­ցեալ ինը տա­րինե­րուն ըն­թացքին հան­դի­սացած է Ար­մէն՚Լիվ­րի «կնքա­մայ­րը»։ 
Այս տա­րուան Գիր­քե­րու տօ­նավա­ճառը Դեկ­տեմբեր ամի­սէն տե­ղափո­խուե­ցաւ Մարտ ամիս, յա­տուկ կեր­պով նշե­լու հա­մար 100ամեակը Ցեղաս­պա­նու­թեան զո­հերուն։ Ալ­ֆորվի­լի Pôle Cul­tu­rel-ի հսկայ սրա­հը յատ­կա­ցուած է շուրջ 6.000 գիր­քե­րու, նաեւ ցու­ցա­հան­դէսի մը՝ նկա­րիչ Ժան-Փիէր Սէ­ֆէրեանի «Անա­պա­տ»ը փո­րագ­րութիւննե­րուն։ Կը ցու­ցադրուին նաեւ 1915 Ապ­րիլ 24ի նա­հատակ գրող-մտա­ւորա­կան­նե­րու լու­սա­նկար­նե­ր, որոնք Հրանդ Տինք Հիմ­նարկին կող­մէ տրա­մադ­րուած են Հայ Մշա­կոյ­թի տան։
Յի­շենք, որ այս տա­րուան Տօ­նավա­ճառին առ­թիւ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան մշա­կու­թա­յին կարգ մը ձեռ­նարկներ՝ ինչպէս Մարտ 4ին «Նա­յիրի» հնգեակին հա­մեր­գը Ան­նա Մա­յիլեանի մաս­նակցու­թեամբ։ Շա­բաթ Մարտ 7ին տեղի կ՚ունենայ նաեւ դա­սախօ­սու­թիւն-վի­ճար­կում մը, մաս­նակցու­թեամբ՝ Արա Գրի­գորեանի եւ Ծո­վինար Գե­ւոնեանի։ Իսկ Կի­րակի օր, մանուկներուն կը ներկայացուի Անա­հիտ Սար­գի­սեանի «Ծալ­լա­պատիկ» բե­մական հան­դի­սու­թիւնը։ 
 
ՆՅ
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play