ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆԻ ՄԱՀԷՆ ԱՆՑԵՐ Է 67 ՏԱՐԻ…


ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆԻ ՄԱՀԷՆ ԱՆՑԵՐ Է 67 ՏԱՐԻ…

  • 04-03-2015 18:38:23   | Սիրիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Օրացոյ­ցը կը նշէր Փետ­րուար 17ն, ու ես բնաւ չեմ մոռ­նար որ ատի­կա Յա­կոբ Օշա­կանի մա­հուան թուականն է։ 
Յա­կոբ Օշա­կան արեւմտա­հայ գրա­կանու­թեան քրմա­պետն էր։ Ան ապ­րե­ցաւ 65 տա­րի։ Բե­ղուն եւ լե­ցո՛ւն տա­րիներ, որոնց ըն­թացքին ոչ միայն ար­տադրեց մեր հա­սակին բարձրու­թեան չափ իրա­րու վրայ դի­զուած գրա­կան այ­լա­զան գոր­ծեր, այ­լեւ լման քա­ռասուն տա­րի ու­սուցչու­թիւն ըրաւ՝ Պրու­սա­յի հա­յաբ­նակ գիւ­ղե­րէն սկսեալ մին­չեւ Պո­լիս, Գա­հիրէ, Կիպ­րոս եւ Երու­սա­ղէմ։ Մին­չեւ իր վեր­ջին շունչը՝ գրեց եւ ու­սուցա­նեց տե­ւաբար, ար­ծարծ պա­հելով հայ գրա­կանու­թեան օճա­խին կրա­կը ու խթա­նելով ստեղ­ծա­գոր­ծութեան բո­ցը իր աշա­կերտնե­րուն սրտին մէջ։ Կ՚ըսուի, թէ հայ իրա­կանու­թեան համ­բա­ւաւոր ու­սուցիչ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ (Ռե­թէոս Պէր­պէ­րեան, Լե­ւոն Շանթ եւ նման­ներ) ո՛չ ոք իր աշա­կերտնե­րուն շար­քե­րէն այնքան գրող­ներ կրցած է կեր­տել կամ պատ­րաստել, որ­քան Օշա­կան։ 
Յա­կոբ Օշա­կա՜ն…։ Հա­լէպի Հա­յոց Ազգ. Գե­րեզ­մա­նատան մէջ թա­ղուած մե­ծագոյն դէմ­քը։
1948ին էր։ Օշա­կան, որ տա­րինե­րէ ի վեր հայ լե­զու եւ գրա­կանու­թիւն կը դա­սաւան­դէր Երու­սա­ղէմի Ս. Յա­կոբեանց վան­քի Ժա­ռան­գա­ւորաց վար­ժա­րանին մէջ, Հա­լէպ եկած էր՝ խոյս տա­լով Պա­ղես­տի­նի արաբ-հրեայ բա­խումնե­րուն ստեղ­ծած վտան­գա­ւոր մթնո­լոր­տէն։ Հա­լէպ­ցիք գուրգու­րանքով շրջա­պատեր էին մե­ծանուն գրա­կանա­գէտը, գե­ղեցիկ հան­դէ­սով մը նշեր էին իր յո­բելեանը, կա­րելիու­թիւններ ստեղ­ծեր էին, որ ան միշտ հան­գիստ եւ ու­րախ զգայ ինքզինք այստեղ։
Ոչ ոք կրնար գու­շա­կել սա­կայն, թէ Հա­լէպը պի­տի դառ­նար Մեծ Հիւ­րին վեր­ջին հանգստա­րանը։
Օշա­կան, սրտի սուր տագ­նա­պի մը զոհ, իր աչ­քե­րը կը փա­կէր Փետ­րուար 17ի գի­շերը, եր­թալ թա­ղուե­լու հա­մար դա­նիացի անկրկնե­լի հա­յասէր ու բա­րերա­րու­հի Քա­րէն Եփ­փէի շի­րիմին ճի՛շդ քո­վը, Հա­լէպի Հա­յոց Ազգ. Գե­րեզ­մա­նատան մէջ։
Ամ­բողջ Հա­լէպը ար­ցունք կը հո­սեց­նէր Օշա­կանին հա­մար (ասի­կա այն Հա­լէպն էր, որ օր մը, ամօ­թալի՛ օր մը, «Հա­կակ­րանքի երե­կոյ» մը սար­քած էր նոյն Օշա­կանին դէմ…)։ Քսան հա­զար յու­ղարկա­ւոր­ներ թա­փօր կը կազ­մէին իր դա­գաղին ետե­ւէն։ Ս. Քա­ռասուն Ման­կանց եկե­ղեց­ւոյ մէջ դամ­բա­նական­ներ կը խօ­սէին Բե­րիոյ Թե­մի առաջ­նորդ Զա­րեհ Սրբա­զան, Խո­րէն Եպիսկ. Բա­րոյեան (յա­նուն Կի­լիկիոյ Գա­րեգին Յով­սէ­փեանց կա­թողի­կոսին) եւ անուանի դաս­տիարակ Շա­հան Պէր­պէ­րեան (Պէյ­րութէն)։ Իսկ գե­րեզ­մա­նատան մէջ կը դամ­բա­նախօ­սէին «Յա­ռաջ»ի խմբա­գիր Շա­ւարշ Մի­սաքեան (որ այդ օրե­րուն այ­ցե­լու­թեամբ Հա­լէպ կը գտնուէր) եւ գրող ու բա­նաս­տեղծ Անդրա­նիկ Ծա­ռու­կեան։ «Նա­յիրի» գրա­կան ամ­սա­գիրը, որ այդ տա­րինե­րուն կը հրա­տարա­կուէր Հա­լէպ, իր ըն­թա­ցիկ թի­ւը կը նուիրէր Օշա­կանին՝ ող­բա­լով անոր շի­ջու­մը առան­ձին մա­հազ­դով մըն ալ։
Օշա­կանի մա­սին շատ բան գրուեցաւ ան­շուշտ իր մա­հէն ետք ալ։ Հե­տաքրքրա­կան յու­շեր պատ­մե­ցին մա­նաւանդ իր աշա­կերտնե­րէն անոնք՝ որոնք գրչի սպա­սաւոր­ներ դար­ձան սփիւռքեան գա­ղութնե­րու մէջ (Պօ­ղոս Սնա­պեան, Օն­նիկ Սար­գի­սեան, Արամ Հայ­կազ եւայլն, եւայլն)։ Ճիշդ է որ անոր մեծ­ղի վէ­պերը («Մնա­ցոր­դաց», «Ծակ պտու­կը», «Հա­ճի Մու­րատ» եւայլն) չկար­դա­ցուե­ցան ընդհան­րա­պէս, մնա­ցին «ան­մատչե­լի», բայց ան միշտ ալ մնաց վաս­տա­կաշատ գրա­գէտի մը խորհրդա­նիշը՝ եկող-գա­ցող սե­րունդնե­րուն հա­մար, որոնք առիթ չփախ­ցուցին ոգե­կոչե­լու զինք պար­բե­րաբար, տա­րեդարձնե­րու կամ տա­րելից­նե­րու առ­թիւ։
Ձեռ­քի տակ ու­նիմ Պէյ­րութի «Բա­գին»ին հին թի­ւերէն մէ­կը, ուր կը նկա­րագ­րուի Օշա­կանի մա­հուան տաս­նա­մեակին առ­թիւ սար­քուած սգա­հան­դէս մը (1958, Պէյ­րութ, Ամե­րիկեան Հա­մալ­սա­րանի սրա­հը)։ Ձեռ­նարկին նա­խագա­հած է Կա­րօ Սա­սու­նի, ելոյթներ ու­նե­ցած են Պօ­ղոս Սնա­պեան, Մու­շեղ Իշ­խան եւ Եդուարդ Պօ­յաճեան։
Սնա­պեան, բե­րած է հե­տեւեալ վկա­յու­թիւնը.
- Ու­սուցչու­թիւնը ճիշդ գրա­կանու­թեան պէս կիրք մըն էր Օշա­կանի մէջ։ Չէր կրնար ապ­րիլ առանց գրե­լու։ Չէր կրնար ապ­րիլ նաեւ առանց ու­սուցա­նելու։ Տխրու­թիւն մը կու գար վրան երբ կը պակ­սէին ու­սուցա­նելու առիթ­նե­րը։ Կը տխրէր՝ երբ աշա­կերտնե­րը քիչ­նա­յին։ Կը տխրէր՝ երբ տօ­նական օրե­րը յա­ճախա­դէպ դառ­նա­յին։ Մինչ ու­րիշ ու­սուցիչ­նե­րու հա­մար փնտռուած օրեր էին ար­ձա­կուրդի օրե­րը, ընդհա­կառակն, իրեն հա­մար կը դառ­նա­յին զայ­րոյթի պատ­ճառներ։ Կը պո­ռար, կը կան­չէր, ու ճշդե­լէ ետք ար­ձա­կուրդին պատ­ճառ դար­ձած սուրբին սրբու­թեան աս­տի­ճանը՝ կ՚որո­շէր իր ընե­լիքը։ Եթէ երկրոր­դա­կան սուրբ մըն էր, կը հա­ւաքէր տղա­քը ու դաս կ՚ընէր…
Բա­նաս­տեղծ Մու­շեղ Իշ­խան խօ­սած է գրաքննա­դատ Օշա­կանի մա­սին, ի մի­ջի այ­լոց կա­տարե­լով սա՛ հաս­տա­տու­մը.
- Օշա­կան ձայն մըն էր մեր գրա­կանու­թեան մէջ։ Գու­ցէ անա­պատին մէջ բար­բա­ռող մար­գա­րէի մը ձայ­նը, բայց վեր­ջա­պէս հզօր ձայն մը՝ որ Տի­րոջ շունչով ու դո­ղով կը լեց­նէր շրջա­պատը։ Ամէն մարդ իր խօս­քին կը սպա­սէր հա­ւատ­քով եւ եր­կիւղա­ծու­թեամբ։ Բո­լորը հարց կու տա­յին. «Տես­նենք, ի՞նչ պի­տի ըսէ Օշա­կան»։
Իսկ Եդ. Պօ­յաճեան, սե­ւեռու­մի են­թարկե­լով վի­պագիր Օշա­կանը, ըսած է.
- Օշա­կան մե­զի բե­րաւ գա­ւառին խո­րը աճող կեան­քեր, ող­բերգու­թիւն, հո­գի։ Խո­նարհ ու խոր արա­րած­ներ։ Բե­րաւ Տօգ­սա­նը, Տո­պիճը, Պաղ­տօն, եւ ասոնց նման շատ ու­րիշներ՝ որոնց ապ­րած կեան­քը սուտ չէր, այլ իրա­կան, իրաւ ու եղե­րական։ Սի­րոյ, կիր­քի, երա­զի ու խոր տա­ռապան­քի մթին կեանք մը։ Նի­կիոյ լի­ճին շուրջ հայ­կա­կան գիւղ, հայ­կա­կան բարք ու կեանք շի­նած այս գեղ­ջուկ մար­դի­կը գրա­կան հա­սարակ կամ յա­ջող զար­դա­պատ­կերներ չէին այ­լեւս, ու­նէին իրենց ու­րոյն դէմ­քը, արիւ­նը, հո­գին, մի­ջավայ­րը։ Նո­րու­թիւն էին, մոր­թէ ան­դին տես­նե­լու, կեան­քին մա­կերե­սէն վար, խո­րերը իջ­նե­լու յա­ջող փոր­ձեր։
 
Խո՜ւնկ եւ թարմ ծա­ղիկ­ներ՝ Օշա­կան գիւ­ղի Մեծ Սուրբին ար­ժա­նաւոր ժա­ռան­գորդին ու «Հա­մապատ­կեր»ի տա­սը ծան­րա­ծանր հա­տոր­նե­րու հե­ղինա­կին բա­րի յի­շատա­կին առ­ջեւ…։
 
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հալէպ 
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play