ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ “ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ” ԾՐԱԳՐԻՆ
31-03-2015 19:26:08 | Լիբանան | Հասարակություն
Երեքշաբթի, 31 մարտ 2015-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Աշակերտական Խորհուրդի անդամները հանդիպում մը ունեցան Օսմանեան կայսրութեան հայերու բնաշխարհն ու մշակութային ժառանգութիւնը վերականգնելու “Յուշամատեան” ծրագրի աշխատակից տիկին Շողեր Մարկոսեանին հետ:
Տիկին Մարկոսեան տեղեկացուց, որ նշեալ ծրագրին մէջ սկսած է գործել աշակերտական մասնակցութեան բաժին մը, ըստ որուն, հայ աշակերտներ, ամբողջ աշխարհի տարածքին, պիտի կատարեն ուսումնասիրական աշխատանքներ եւ ծրագրի կայքէջին վրայ պիտի ներկայացնեն Օսմանեան կայսրութեան հայկական բնակավայրերու տեղագրութեան, կենցաղին, նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ նիւթեր: Լուսանկարչական եւ լսա-տեսողական միջոցներու օգտագործումով, մասնակից աշակերտներըը հանրութեան սեփականութիւնը կրնան դարձնել նախկին սերունդներէն ժառանգուած լուսանկարներ, փաստաթուղթեր, կենցաղային եւ արուեստի առարկաներ, երգեր, հեքիաթներ ու աւանդապատումներ, որոնք իրենց հասու են ընտանեկան եւ բարեկամական միջավայրերուն մէջ:
Հանդիպումին հաստատուեցաւ “Յուշամատեան” ծրագրի աշակերտական բաժնին Մեսրոպեանի աշակերտներուն մասնակցութիւնը, որուն վերաբերեալ իր քաջալերանքն ու զօրակցութիւնը արտայայտեց վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ: Խորհուրդի անդամ աշակերտները խանդավառութեամբ ընդունեցին աշխատանքի այս հրաւէրը, որ իրենց համար կարեւոր ազդակ պիտի ըլլայ առաւել գնահատելու իրենց մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն ժառանգութիւնը եւ առիթ՝ զայն ներկայացնելու լայն հանրութեան:
Նշենք, որ Պեռլինի մէջ հաստատուած “Յուշամատեան” ծրագիրը մեծ մասամբ կը գործէ առցանց միջավայրի մէջ: Անոր կայքէջն է www.houshamadyan.org , ուր պիտի տեղադրուին աշակերտներու հաւաքակչական աշխատանքի արդիւնք հանդիսացող նիւթերը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ