ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ ԿԸ ԽՏԱՆԱՆ


ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ ԿԸ ԽՏԱՆԱՆ

  • 28-04-2015 15:44:37   | Լիբանան  |  Հասարակություն

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով եւ ի յիշատակ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակ սուրբերուն, իր միաբանական  շարքերէն ներս ընդունեց եօթը նորաօծ  ուխտեալ միաբաններ, որոնք եկան միանգամայն փաստը հանդիսանալու ցեղասպանութեան զոհ գացած եւ աստանդական Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերածաղկման եւ հայ ժողովուրդի հաստատակամ ամրակուռ հաւատքին:
 
Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2015-ին, Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը: Ընծայեալները ծնկաչոք իրենց խարտաւիլակին՝ Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վարդապետ Տօնոյեանի առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դաս, ուր ձեռնադրիչը՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան կատարեց հաւատքի խոստովանութիւնը: Ընծայեալները նախ նզովեցին բոլոր հերետիկոսները եւ այն ուսուցումները, որոնք անյարիր են Եկեղեցւոյ ճշմարիտ դաւանանքին: Ապա, անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքին ու սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններուն իրենց հաւատարմութիւնը: Արարողութեան աւարտին, նորընծաները ծունկի, Վեհափառ Հայրապետին, Միաբան Հայրերուն, ձեռնադրիչ Սրբազանին եւ ժողովուրդին առջեւ, հրապարակաւ ընթերցեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին զինուորագրուելու իրենց նուիրական ուխտը:
 
Կիրակի, 26 Ապրիլ 2015-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Նախքան «Հաւատամք»ը, սկսաւ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնը: Նորընծաները խարտաւիլակ Հայր Սուրբին առաջնորդութեամբ ծնկաչոք բարձրացան Սուրբ խորան եւ «Աստուածային եւ երկնային շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ հրաժարեցան աշխարհական կեանքէն: Աղօթքներու ու աստուածաշնչական ընթերցումներով եւ ձեռնադրիչ Սրբազանին կողմէ կարդացուած խրատականներով անոնք անգամ մը եւս հրաւիրուեցան գիտակցելու այն մեծ խորհուրդին, որուն պիտի արժանան Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ, Քրիստոսի ծանր բայց քաղցր լուծը առնելով իրենց ուսերուն: 
 
Սրբալոյս միւռոնով օծման սրտառուչ պահուն, ձեռնադրիչ Սրբազանը դրոշմեց ընծայեալներուն ճակատները, աջ ու ձախ ձեռքերը, Աստուծոյ ու Սուրբ Եկեղեցւոյ ծառայութեան ընծայուած «նոր մարդ» դառնալու հրաւիրեց եւ քահանայական անուններ տուաւ՝ Բրշ. Յակոբ Սրկ. Գարտանաքեան վերանուանուեցաւ՝  Տ. Թաթուլ Աբեղայ, Բրշ. Յովհաննէս Սրկ. Թէփիրճեան՝ Տ. Պսակ Աբեղայ, Բրշ. Խաժակ Սրկ. Նալպանտեան՝ Տ. Ռուբէն Աբեղայ, Բրշ. Յարութիւն Սրկ. Բանճարճեան՝ Տ. Յովակիմ Աբեղայ, Բրշ. Կարապետ Սրկ. Նաճարեան՝ Տ. Զաւէն Աբեղայ, Բրշ. Շանթ Սրկ. Շարոյեան՝ Տ. Արտաւազդ Աբեղայ եւ Բրշ. Գէորգ Սրկ. Նալպանտեան՝ Տ. Սեւակ Աբեղայ: Նոր օծում ստացած միաբանները իրենց առաջին խաղաղութեամբ օրհնեցին բոլոր ներկաները:
 
Ապա, ձեռնադրիչ Սրբազանը իր քարոզը փոխանցելով նշեց, թէ ցնծութեան օր է այսօր Երկնային Եկեղեցւոյ՝ սուրբերուն, նահատակներուն, վկաներուն եւ մարտիրոսներուն համար, որովհետեւ իրենց զոհողութեան պտղաբերումը կը տեսնեն. նաեւ՝ ցնծութեան օր է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան եւ հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ իրենց զաւակները Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան կը նուիրուին: Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ, Վեհափառ Հայրապետին անցնող քսան տարիներու գործունէութեան եւ իր առաջնորդութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տարած ծառայական աշխատանքին՝ եկեղեցական, ազգային ու պահանջատիրական մարզերէն ներս: Ան շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան ընտրութեան եւ օծման քսանամեակը, արեւշատ օրեր ու բեղուն ծառայութիւն մաղթելով:
 
Ձեռնադրիչ Սրբազանը իր խօսքը ուղղելով նօրաօծներուն յիշեցուց, թէ իրենք վերամկրտուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբ եկեղեցականներու ու մտաւորականներու անուններով եւ հրաւիրեց նորընծաները, գործով ու աշխատանքով արժեւորելու իրենց տրուած անունները եւ ծառայութեամբ մեր Եկեղեցւոյ ու Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին պարծանքը դառնալու: Իր խօսքի աւարտին, Սրբազանը շնորհաւորեց Դպրեվանքի Տեսչութիւնը, ծնողները եւ բոլոր անոնք, որոնք ձեռնադրեալներուն հոգեմտաւոր աճման ու զարգացման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են: 
 
«Ողջոյն»ի պահուն, Վեհափառ Հայրապետը եւ Միաբան Հայրերը Ս. խորան բարձրանալով համբուրեցին նորաօծ ճակատները: Նշենք, ձեռնադրութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Տիար Զարեհ Պէզիկեան, որ նորընծաներուն ճակատներուն եւ ձեռքերուն լուացումը կատարեց:
 
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտերու խորհրդանիշը հանդիսացող վեղարի օրհնութիւնը:
 
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, նորընծաները բարձրացան Վեհարան: Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելով անոնց ըսաւ. «Ապրիլ 24-ի Մեր պատգամին մէջ շեշտեցինք, թէ հայ ժողովուրդը յաղթեց ցեղասպան թուրքին: Այսօր, շարունակելով Մեր Ապրիլ 24-ի պատգամը կ’ուզենք նաեւ շեշտել, որ մենք յաղթեցինք ցեղասպանին մեր Եկեղեցին աւելի պայծառացնելով իր հաւատքի առաքելութեամբ: Մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբացումը վստահաբար նոր մղում պիտի տայ մեր Եկեղեցւոյ առաքելութեան ու ծառայութեան: Ահաւասիկ այսօր, Աստուծոյ, մեր Եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան լծուելու կոչուած եօթը նոր միաբաններ կը միանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան, վերակոչուելով ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակ հոգեւորականներու եւ մտաւորականներու անուններով: Ցեղասպան թուրքը 48 ժամուան պայմանաժամ տուաւ հեռանալու Սիսի մեր դարաւոր կաթողիկոսարանէն: Յաջորդող տասնամեակներուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը Հայաստանի մէջ քաղաքական դժնդակ պայմաններու տակ, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աքսորական Կաթողիկոսութիւնը այլապէս դժնդակ պայմաններու մէջ, շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը մեր ժողովուրդին կեանքէն ներս: Փա՜ռք Աստուծոյ, այսօր, աքսորական դարձած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերածաղկած է իր միաբանութեամբ, իր կառոյցներով ու իր առաքելութեամբ եւ առաւել նուիրումով լծուած իր եկեղեցանուէր ու ազգաշէն ծառայութեան»: Խօսքին աւարտին ընծայեալները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը: Ապա, Մայր Տաճարի դասին մէջ ներկայ հաւատացեալները մօտեցան նորընծաներուն՝ աջահամբոյրով ստանալու անոնց առաջին օրհնութիւնը:
 
Նոյյան տապան  -   Հասարակություն