ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Երիտասարդ Ցուցարարները «Ելեկտրականացուցած» Են Հայաստանը. Քաղուած Դասեր


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Երիտասարդ Ցուցարարները «Ելեկտրականացուցած» Են Հայաստանը. Քաղուած Դասեր

  • 03-07-2015 17:45:36   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Երբ տասը օր առաջ խումբ մը երիտասարդներ ինքնաբուխ կերպով հաւաքուեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակ` դէմ արտայայտուելու ելեկտրականութեան սակի նախատեսուող բարձրացման, ոչ մէկի մտքէն չէր կրնար անցնիլ, որ անոնց բողոքի շարժումը բուռն արձագանգի պիտի արժանանայ ամբողջ աշխարհի տարածքին:
 
Ի զարմանս բոլորի, փոքր հաւաքը սունկի պէս աճեցաւ քանի մը հազար, յատկապէս երիտասարդներու հաւաքի, որոնք երթով շարժեցան ու գրաւեցին մայրաքաղաքի գլխաւոր մայրուղիներէն մէկը` Մարշալ Բաղրամեան պողոտան, ուր կը գտնուին Նախագահի նստավայրը, Ազգային ժողովն ու Սահմանադրական դատարանը, եւ ամբողջ գիշեր նստացոյց իրականացուցին այնտեղ: Բողոքի ցոյցերը արագօրէն տարածուեցան ամբողջ Հայաստանի մեծ ու փոքր քաղաքներու մէջ:
Քանի որ ցուցարարները հրաժարեցան ազատել պողոտան, ոստիկանութիւնը ջրցան մեքենաներով ցրեց զանոնք` վիրաւորելով տասնեակ ցուցարարներ եւ ձերբակալելով անոնցմէ 237-ը, որոնք նոյն գիշեր ազատ արձակուեցան: Ոստիկանատուն տարուեցան նաեւ քանի մը լրագրողներ` վնասելով կամ առգրաւելով անոնց տեսախցիկներն ու ձայնագրիչները:
Քանի որ այս առճակատումը կը պատկերասփռուէր հասարակական լրատուամիջոցներու եւ տարբեր կայքերու միջոցով, յաջորդ օրը քանի մը հազարէն աւելի ցուցարարներ յայտնուեցան` գրեթէ անհնար դարձնելով ամբոխի վերահսկողութիւնը: Յունիս 29-ի երեկոյեան, երբ կը գրէի այս յօդուածը, Բաղրամեան պողոտայի որոշ հատուածներ դեռ գրաւուած էին ցուցարարներուն կողմէ:
Ո՞վ են այս երիտասարդ տղաներն ու աղջիկները եւ ի՞նչ կ՝ուզեն: Անոնք կապ չունին որեւէ կուսակցութեան կամ արտաքին ուժերու հետ, հակառակ բոլոր անհիմն մեղադրանքներուն, եւ իրենց օրակարգին այլ խնդիր չունին, քան պահանջը Հայաստանի կառավարութենէն չեղեալ համարելու Օգոստոս 1-ին ուժի մէջ մտնող ելեկտրականութեան գինի 17 տոկոս բարձրացումը: Այս ցուցարարները կը կարծեն, որ իրենց կողմէն քաղաքի փողոցներու փակումը օրինական եւ բարոյական տեսանկիւնէն արդարացուած է, քանի որ բողոքի ցոյցը կը կրէ խաղաղ բնոյթ եւ ինքնաբուխ է: Անոնք իրենց շարժումը անուանած են «ո՛չ թալանին»:
Իշխանութիւնները քանի մը անգամ փորձեցին համոզել երիտասարդները դադրեցնելու բողոքի ցոյցը: Երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան առաջարկեց հանդիպիլ անոնց հետ, ցուցարարները մերժեցին այդ խնդրանքը` պահանջելով հանդիպման ուղիղ հեռարձակում հանրութեան համար: Կառավարութեան առաջարկը` ելեկտրականութեան գինի բարձրացման դիմաց փոխհատուցում տալու 100 հազար անապահով ընտանիքներուն, եւս մերժուեցաւ: Վերջապէս, նախագահի որոշումը` սառեցնել սակի բարձրացումը մինչեւ միջազգային լսողական ընկերութեան կողմէն ռուսական ուժանիւթի ընկերութեան «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» դուստր ձեռնարկութեան նիւթական հաշուետւութիւններուն ստուգումը` սակի բարձրացման հիմնաւորուած ըլլալուն հանգամանքը պարզելու համար, եւս մերժուեցաւ:
Լարուած դիմակայութեան առաջին թուլացումը եղաւ անցեալ Կիրակի, երբ բողոքի շարժման կազմակերպիչները ընդունեցին ոստիկանութեան առաջարկը եւ վերադարձան Ազատութեան հրապարակ` երկրորդ բախումէն խուսափելու համար: Երկուշաբթի գիշեր անոնք յայտարարեցին, որ կը դադրեցնեն բողոքի ցոյցը եւ շուտով կ’որոշեն իրենց յետագայ ընելիքները: Սակայն, ցուցարարներու մեծ մասը հրաժարեցաւ հետեւիլ նախաձեռնութեան ղեկավարներուն` շարունակելով գիշերները անցնել Բաղրամեան պողոտայի մէջտեղը` վանկարկելով «մենք ենք տէրը մեր երկրի» կարգախօսը:
Երիտասարդ տղաներու եւ աղջիկներու այս նոր սերունդը խիստ հիասթափուած է թէ՛ իշխանութիւններէն, թէ՛ ընդդիմութենէն: Սակայն, բողոքի շարժման կազմակերպիչները, յուսահատելու եւ շատ շատերու նման երկիրը լքելու փոխարէն, փողոց ելած են պաշտպանելու ժողովուրդին իրաւունքները: Այս ցուցարարները ցոյց կու տան, որ թէեւ իրենք չունին իշխանութիւն, հարստութիւն եւ պաշտօնական դիրքեր, սակայն ի զօրու են անհրաժեշտութեան պարագային ոտքի ելլել եւ իրենց շուրջ համախմբել զանգուածները` ստիպելով իշխանութիւններուն հաշուի նստիլ իրենց հետ… Կարելի է չհամաձայնիլ ցուցարարներու մարտավարութեան, սակայն հնարաւոր չէ չհիանալ անոնց անկեղծութեան եւ յանձնառութեան վրայ իրենց հայրենակիցներու բարօրութեան հանդէպ…
Ահա այն երեք կարեւոր դասերը, որ պէտք է քաղել վերջին զարգացումներէն.
1) Հայաստանի ապագան յուսալի ձեռքերու մէջ պիտի ըլլայ, քանի դեռ գալիք սերունդի մէջ կան երիտասարդներ, նման այն տղաներուն եւ աղջիկներուն, որոնք անցեալ շաբաթ ինքնաբուխ կերպով Երեւանի փողոցներ ելան.
2) Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մօտ ապագային իշխանութեան գալու շատ քիչ հնարաւորութիւն ունին, քանի դեռ լիովին չեն վերանայած իրենց քաղաքականութիւնը` իրենց շարքերը ներգրաւելով խելացի, նուիրուած եւ նախաձեռնող երիտասարդ տղաներ ու աղջիկներ, եւ թոյլ տալով անոնց ղեկավար դիրքեր զբաղեցնելու.
3) Հայաստանի ժողովուրդի մօտ խոր հիասթափութիւն կայ իրար յաջորդող  կառավարութիւններու նկատմամբ, անկախացումէն առաջ եւ յետոյ: Իշխանութեան ղեկավարներուն առջեւ ծառացած են շատ աւելի լուրջ խնդիրներ, քան ելեկտրականութեան գինի բարձրացումը: Հայաստանի համար գոյատեւման հրամայական դարձած է արդար եւ ժողովրդավարական հասարակարգի ստեղծումը, ուր քաղաքացիները կրնան ապրիլ արժանապատիւ, բարեկեցիկ եւ խաղաղ կեանքով: Հայ ժողովուրդը կարիք չ՝ունենար բողոքելու Երեւանի փողոցներուն մէջ, եթէ գոյութիւն ունենան արդիւնաւէտ եւ վստահելի մեքենականութիւններ, որոնց միջոցով մարդիկ կրնան պաշտպանել իրենց հիմնական քաղաքացիական իրաւունքները եւ ապահովել իրենց բարեկեցութիւնը:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն