Հայ Դատի Յանձնախումբը ԱՄՆ Դեսպանին Կոչ Ըրած է Դատապարտելու Կարօ Փայլանի Հասցէին Հնչող Սպառնալիքները


Հայ Դատի Յանձնախումբը ԱՄՆ Դեսպանին Կոչ Ըրած է Դատապարտելու Կարօ Փայլանի Հասցէին Հնչող Սպառնալիքները

  • 05-05-2016 12:57:01   | ԱՄՆ  |  Քաղաքական

.yerakouyn.com. ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Պասին կոչ ըրած է հրապարակաւ Ամերիկայի մտահոգութիւնը յայտնելու Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի անվտանգութեան սպառնալիքներուն առնչութեամբ, քանի որ վերջինս սպառնալիքներու եւ բռնութեան կը բախի ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ցեղասպանութեան հարցով իր տեսակէտը արտայայտելուն համար: ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը Մայիս 3-ին դեսպան Պասին յղած նամակով յիշեցուցած է, որ հակառակ իրենց կոչերուն, ԱՄՆ կառավարութիւնը Հրանդ Տինքի անվտանգութեան սպառնալիքներուն հարցով ոչ մէկ մտահոգութիւն յայտնած էր, եւ Տինքը 2007-ի Յունուարին սպաննուած էր:
 
«Ցաւօք, միայն անոր մահէն ետք՝ ի պաշտպանութիւն անոր՝ հրապարակային յայտարարութիւններ հնչեցին: Այդ դառն փորձը աչքի առաջ ունենալով` կը կարծենք, որ ժամանակն է, որպէսզի մեր կառավարութիւնը հրատապ իր մտահոգութիւնը արտայայտէ Կարօ Փայլանի անվտանգութեան առնչութեամբ եւ դատապարտէ այդ խիզախ գործիչին հանդէպ հնչող սպառնալիքները»,- ըսուած է դեսպանին յղուած նամակին մէջ: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քիւրտերը պատգամաւորական անձեռնմխելութենէ զրկելու օրինագիծի քննարկումներուն ժամանակ՝ իշխող կուսակցութեան պատգամաւորները երեք օր շարունակ յարձակած են քիւրտ պատգամաւորներու վրայ: Իսկ Մայիս 3-ին, իշխող կուսակցութեան անդամներու գլխաւոր թիրախը եղած է Կարօ Փայլանը: 
 
 
Նոյյան տապան  -   Քաղաքական

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play