Պատերազմի մէջ յաղթողներ չկան, արդեն քսաներեք տարի է կը կրկնեմ ինքս ինծի


Պատերազմի մէջ յաղթողներ չկան, արդեն քսաներեք տարի է կը կրկնեմ ինքս ինծի

  • 13-06-2016 17:49:59   | Հայաստան  |  Վերլուծություն

Պատերազմի մէջ յաղթողներ չկան, արդեն քսաներեք տարի է կը կրկնեմ ինքս ինծի։ Երեւի իմ մատներու վրայ հաշուուած մտքերէն է, որուն Մոնթէն այնքան ալ համաձայն պիտի չ՚ըլլար։ Ան չի գիտեր ինչ կը նշանակէ զինքը կորսնցնել։
 
Ինծի պէս բազմաթիւ մարդոց նման, սենեակիս մէջ տեղս չեմ գտներ։ Աչքերս յառած համակարգիչիս՝ կայքէ կայք կը ձատկեմ վերջին լուրերը առնելու համար։ Արցախը յարուածի տակ է դարձեալ ու ինծի կը թուի, որ պահի տակ վերջին քսաներեք տարիները անհետացած են։ Հոն ենք, ուր էինք գրեթէ քարորդ դար առաջ։
 
«Որոշ դիրքերու վրայ բաւարար փամփուշտ չէ՛ եղած։ Զինուորները բահերով կռուած են,» կ՚արձագանքէ ընկերոջս ձայնը Սկայբէն։
 
1993 թուական։ Անձրեւոտ ապրիլեան օր է։ Մոնթէին հետ թիրքերը կ՚երթանք։ Թիրքապահներուն տնակին մուտքին, ցեխին մէջ կիսաթաղուած փամփուշտներ կը նկատենք։ Կ՚ուզեմ մտածել, որ տեղափոխութեան ժամանակ թափուած են։ Մոնթէն կը սկսի հաւաքել։
 
-Տղա՛ք, աս փամփուշտները մեղք են։ Հաւաքեցէ՛ք։
 
Ժամանակ կար, երբ հանրակացարանի մեր սենեակին մէջ այդ փամփուշտներուն համար ռուբլիները հատիկ-հատիկ կը հաշուէի։ Սրճագոյն սեղանին միւս կողմը՝ մեր միջնորդը համբերատար կը սպասէր, որ թղթադրամներուն տրցակը սահեցնեմ սեղանին իր կողմը։ Խորհրդային ռազմակայանէն գնուած ռազմամթերք էր։ Մոնթէին ուրախ ձայնը կու գայ ականջիս։ «Ե՞րբ պիտի կարենայ նորէն բերել։» Աս գոց սորված իմ հարցումս՝ կու տամ միջնորդին։
 
-Աւելի շատ AKS պէտք ունին քան AKM,- կ՚աւելցնեմ ու ես ինծի կը ժպտիմ՝ յուշին։
 
Մոնթէն ու ես նստած ենք հանրակացարանի մեր սենեակը։ Սեղանին վրայ փամփուշտներ կան։ Ուշադիր կը նայիմ փայլուն մետաղին։
 
-Ասիկա AKM է։ Միւսէն քիչ մը աւելի գեր է։ Նիհարը՝AKS է։ Ուրեմն, աս AK Monte է իսկ ատ՝ AK Seta,- կ՚ըսեմ։
 
Մոնթէն կը խնդայ։ Գիտենք, որ այս սպաննիչ իրերը մեր հայրենակիցներուն կեանքի ճամբան են։ Կը կեդրոնանք երկրորդ մտքին վրայ։
 
Ապրիլին զոհուած ու մարտնչած տղաները մեր հայրենակիցներուն կեանքի ճամբան էին։ Կ՚երեւակայեմ Մոնթէն, բթամատը վեր տնկած՝
 
-Ասանք զինուորներ են Սեդա։ Ի՜սկապէս։ Հրաշալի տղաներ են,- կ՚ըսէ։
 
 
Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play