«Ո՞վ որո՞ւ հողը որո՛ւն պիտի տայ». «Ասպարեզ»


«Ո՞վ որո՞ւ հողը որո՛ւն պիտի տայ». «Ասպարեզ»

  • 15-07-2016 13:46:00   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Ապրիլի առաջին օրերուն, Արցախի սահմանային գօտիներուն մէջ արձանագրուած ծանօթ ճակատումներէն ետք, բանակցութեանց ու անոնց մասին մեկնաբանութիւններու սակարանը բաւական ելեւէջ արձանագրեց Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած ծանօթ հանդիպումներուն լոյսին տակ, վերաքաղի ենթարկելով մատրիտեան ու նման հանգրուաններու թղթածրարները։

Բանակցային եռուզեռին մասին Պաքուէն «սպրդում»ները հերքուեցան պաշտօնական Երեւանի կողմէ, «այդպէս չէ» իմաստով լակոնական բառերով, սակայն դիւանագիտական սեղաններու շուրջ եւ քուլիսներու մէջ կատարուածին մասին ճնշող գաղտնապահութեան մը պահպանումը առատ ջուր բերաւ մեկնաբանութիւններու ջաղացքին, ու մինչեւ այսօր ալ, հաւանական զարգացումներու մասին շփոթը ըստ բաւականին չէ փարատած։

Ապրիլեան բախումներուն լոյսին տակ, նոր իմաստ ու բովանդակութիւն զգեցած են մանաւանդ այն զրոյցները, որոնք կը շօշափեն խաղաղ լուծումի նախապայմանները, անկախ անկէ, թէ լուծումը «փաթեթայի՞ն», թէ՞ «հանգրուանային» ընտրանքներով պիտի հետապնդուի (այս փոխընտրանքները արդէն յամեցող «Գորդեան Հանգոյց»ին մէկ արտայայտիչն են)։ Յամենայնդէպս, աւելի յաճախակի ու լուսարձակներ գրաւող դարձան այն զրոյցները, ըստ որոնց՝ վերջնական լուծումի համար, հայկական կողմը տրամադիր է «գրաւեալ տարածքներ» յանձնելու Ատրպէյճանին (եւ այլն, եւ այլն), եւ թէ՝ հող զիջելու ընտրանքը նորութիւն չէ։ Մինչեւ իսկ մեր պետական կարգ մը ներկայացուցիչները «գրաւեալ տարածքներ» ձեւը որդեգրած են իրենց հրապարակային արտայայտութեանց մէջ կամ բանակցութեանց երթալ-գալու ճամբուն վրայ, ակնարկելով այն հողերուն, որոնք պատմականօրէն հայկական են ու ազատագրուած՝ նոյնինքն Ատրպէյճանի  կողմէ շղթայազերծուած բազմահանգրուան պատերազմական գործողութիւններու իբրեւ հակադարձութիւն։

Այսօր, մեր նպատակը քաղաքական խաղերու, մարտավարական ու խուսանաւումներու ոլորապտոյտին մէջ մխրճուիլ ու կորսուիլ չէ, այլ կ՛ուզենք յիշեցնել ու անգամ մը եւս հաստատել, որ մենք ոեւէ մէկուն տալիք հող չունինք, իսկ առնելիք՝ շա՜տ ունինք, ըլլա՛յ Ատրպէյճանէն, ըլլա՛յ անոր դաշնակից-զինակից Թուրքիայէն։ Իսկ մեր առնելիքներուն հաշուեցուցակը հոն չի վերջանար…

Տալիք չունենալու, այլ առնելիք ունենալու ճշմարտութիւնը պէտք է յստակ ըլլայ նախ մեզի՝ հայերուս, սկսելով պետական պատասխանատուներէն, որոնք կը գտնուին բանակցութեանց առաջին գիծին վրայ ու յաճախ, գիտենք, կը մատնուին նեղ կացութեան ու ճնշումներու, սակայն սա յստակ պէտք է ըլլայ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից են խաղաղ լուծումի քայլերուն հետապնդման։ Իրաւունք ունինք հարց տալու. «Ո՞վ որո՞ւ հողը որո՛ւն պիտի տայ»։ Միայն յիշեցման կարգով արձանագրենք, որ դիւանագիտութեան սեղանին վրայ սակարկութեան դրուած հողերը պատմականօրէն ու էապէս հայկական են, հետեւաբար, ընդունելի չէ, որ միայն հայապատկան հողերու շուրջ առեւ-տուրի խաղ խաղցուի, այսինքն՝ լուծումը հետապնդուի միայն հայապատկան կարգ մը հողերու շուրջ սակարկութեամբ։ Յետոյ, ինչո՞ւ մոռնալ, որ Շահումեանն ու Գետաշէնքը, Արծուաշէնին հետ միասին, մինչեւ Գանձակ տարածուող գօտին հայկական էին, ու կը մնան բռնագրաւուած,  բանակցութեանց ընթացքին բացայայտ յիշատակում չի կատարուիր անոնց մասին, մոռացութեան տրուած է Նախիջեւանն ու հայկական մշակութային ժառանգութեանց օր ցերեկով փճացումը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի տոմարներուն մէջ անոնց գտած արձանագրութիւնները։ Իսկ ազերիական ոճրային արարքնե՞րը՝ սկսելով 80ականներէն մինչեւ օրս…

***

Կարելի է ցանկը երկարել, սակայն մեր եզրակացութիւնն ու անոր հիման վրայ մեր կեցուածքը յստակ է, յստակ պէտք է ըլլայ մեզի ու բանակցութեանց բոլոր մասնակիցներուն համար. տալիք չունինք, իսկ առնելիք՝ շա՜տ։

Ոչ մէկ տրամաբանութիւն կրնայ ընդունիլ, որ աւելի քան 25 տարիէ ի վեր մղուող անհաւասար ճակատումներու ճամբով մեր ձեռք բերած յառաջխաղացքն ու վերաշահածը կրնան սակարկութեան դրուիլ ու կորստեան մատնուիլ դիւանագիտական սեղաններու վրայ, մեզի հետ կապ չունեցող շահակցական հաշուեկշիռներու հետեւանքով (չենք արհամարհեր «մեզի հետ կապ չունեցող» բաներուն ազդեցութիւնը՝ մեզի առնչակից զարգացումներուն վրայ. մեր ոտքերը կտրած չեն գետինէն, որովհետեւ ամէն օր ականատես ենք աշխարհի տարածքին նմանօրինակ բազմաթիւ իրադարձութեանց ու անարդար տնօրինումներու)։ Ո՛չ մէկ հայ, Հայաստանի, Արցախի ու Արտերկրի որեւէ՛ մէկ անկիւնին մէջ, կրնայ ընդունիլ, որ մեր սահմանապահներուն արեամբ շահուածը խաղի դրուի ու կորուստներու մատնուի բանակցային սակարկութեանց մէջ։ Իսկ մեր խօսքը չի վերաբերիր միայն ապրիլեան վերջին դէպքերուն, այլ նաեւ կապ ունի այն ճակատումներուն հետ, որոնք 1988ին սկիզբ առին շատ համեստ միջոցներով, երբեմն միայն որսորդական հրացաններով, ճակատումներ տեղի ունեցան ՕՄՈՆին, ազերիական բանակներուն ու անոնց զինակիցներուն դէմ։ Արցախեան ազատամարտի առաջին փուլերուն թէ նորագոյն ճակատումներուն, մեր ուժերը դէպքերու «բնական ընթացքը» շրջեցին, բազկի ուժով իրողական կացութիւն ստեղծելով՝ ի հեճուկս Ատրպէյճանի հաշիւներուն ու շրջանի «հաւասարակշռութիւնը» հակակշիռի տակ պահել ուզող մեծերուն, ինչպէս որ ըրած էին Սարդարապատի մէջ «հնարք գտնող խենթեր»ը…։

Եւ այս տողերը թող չդիտուին զգացականութեան ակնոցով, այլ ինքնաճանաչումի բովանդակութեան մէջ, ընդառաջ՝ «Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք» պատգամին…։

Նյութի մանրամասն սկզբնաղբյուրում 

 

 

 

 

Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն