Յարութ Սասունեան. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ Նախագահի Ո՞ր Թեկնածուն Աւելի Լաւ Դիրքորոշում Ունի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ


Յարութ Սասունեան. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ Նախագահի Ո՞ր Թեկնածուն Աւելի Լաւ Դիրքորոշում Ունի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ

  • 28-07-2016 11:33:01   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Այժմ, երբ Հիլըրի Քլինթըն եւ Տանըլտ Թրամփ ընտրած են փոխ նախագահի պաշտօնի իրենց թեկնածուները, հայ դեմոկրատները կը պնդեն, որ ծերակուտական Թիմ Քէյն աւելի լաւ դիրքորոշում ունի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ, իսկ հանրապետական հայերը կը պնդեն, որ այս հարցով կը նախընտրեն նահանգապետ Մայք Փէնսը: Սակայն, աւելի կարեւոր է հարց տալ, թէ այդ ի՞նչ կարեւորութիւն ունի: 
 
Ռիչմընտի քաղաքապետ եւ Վիրճինիոյ նահանգապետ եղած տարիներուն, Թիմ Քէյն աջակցած է հայկական տարբեր հարցերու, այդ շարքին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին: Իբրեւ ծերակուտական, ան չէ հովանաւորած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը, սակայն կողմ քուէարկած է արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ Ապրիլ 2014-ին, միայն Թուրքիոյ մասին բոլոր յիշատակումները բանաձեւէն հանելու պահանջէն ետք: Ան կը փափաքէր ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ առանց Թուրքիոյ կառավարութիւնը վիրաւորելու…: Ծերակուտական Քէյն նաեւ չէ աջակցած ներկայիս քննարկուող Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին: 
2014-ին, ծերակուտական Քէյն ստացած է միջին թուանշան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ, որովհետեւ ան.
1. Պնդած է, որ մեղմացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի բնագիրը, նախքան ատոր օգտին քուէարկելը.
2. Ելոյթ չէ ունեցած Ծերակոյտի մէջ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան.
3. Չէ մասնակցած Քափիթոլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան.
4. Չէ հովանաւորած Հայիթիի եւ Հայաստանի անտառապատման որոշումը:
 
Տանըլտ Թրամփի փոխ նախագահի պաշտօնի թեկնածուն՝ Ինտիանայի նահանգապետ Փէնս եւս փոփոխական դիրքորոշում ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ, երբ Քոնկրեսի երեսփոխան էր 2001-էն 2013-ին: Իբրեւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի անդամ, ան 2005-ին քուէարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի օգտին, սակայն դէմ քուէարկեց 2007 եւ 2010 թուականներուն՝ մտահոգուած, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու վրայ: 2012-ին, Քոնկրեսէն ներս իր վերջին տարին, Փէնս ստացաւ միջին թուանշան՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ: 
Ստորեւ ներկայացուած են հատուածներ քոնկրեսական Փէնսի ելոյթէն՝ արտասանուած Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի մէջ, 4 Մարտ 2010-ին. 
«.... Կը կարծեմ, որ հայ ժողովուրդի դէմ ցեղասպանութիւն իրականացուած է անցեալ դարասկիզբին, եւ այդ երբեք պէտք չէ մոռցուի...: Այն փաստը, որ աւելի քան մէկ միլիոն քրիստոնեայ սպաննուած է, ինծի համար այդ կորուստը կը դառնայ աւելի անձնական»: 
Քոնկրեսական Փէնս կը շարունակէ. «Թէեւ մենք երբեք պետք չէ մոռնանք այս ցեղասպանութիւնը եւ կորսուած կեանքերը, ինչպէս նաեւ մինչեւ այսօր տակաւին դառնացած կեանքերը, ցաւօք սակայն, ես չեմ կրնար աջակցիլ այս բանաձեւին...: Հիմա ժամանակը չէ այս Յանձնաժողովին եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին համար այս հարցով զբաղելու...: Թուրքիա ռազմավարական գործընկեր է Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ մեր շարունակական ջանքերուն: Անոնք կը կիսեն մեր շահերը միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ…: Ես այսօր յարգանքով կանգնած եմ այս բանաձեւին ընդդիմացողներու շարքին, սակայն խոր յարգանք կը տածեմ նկատմամբ բոլոր անոնց, որոնք այս Յանձնաժողովին մէջ են եւ անոնց, որոնք մեզի կը  հետեւին, որպէսզի հայ ժողովուրդին ձայնը լսելի դառնայ այս հարցով: Թէեւ ես չեմ կրնար աջակցիլ այս բանաձեւի ընդունման, սակայն անոնք գոնէ թող գիտնան, որ այս ամերիկացին կը հասկնայ իրենց կորուստը, կը ճանչնայ տարիներ առաջ տեղի ունեցած այդ ողբերգական իրադարձութիւնները եւ իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ ընտանիքներուն, որոնք տակաւին կը կրեն այն բեռը, որ, ըստ էութեան, ցեղասպանութիւն էր: Ես կոչ կ՛ընեմ իմ գործընկերներուս՝ դէմ քուէարկել այս բանաձեւին….»: 
Ծանօթանալով այս հարցին վերաբերեալ երկու թեկնածուներու դիրքորոշումներուն, պէտք է հաշուի առնել, որ. 
1. Փոխ նախագահները չեն որոշեր քաղաքականութիւնը, այլ՝ նախագահները…
2. Կարիք չկայ վիճելու, թէ ո՞ր թեկնածուն կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քանի որ այդ բազմիցս ճանչցուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ.
ա) 1951-ին պաշտօնական փաստաթուղթ ներկայացուած է միջազգային դատարան.
բ) 1981-ին նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն նախագահական Հռչակագիր ստորագրած է.
գ) Ներկայացուցիչներու Պալատը երկու բանաձեւ ընդունած է՝ 1975 եւ 1984 թուականներուն:
 
Հետեւաբար, այսուհետեւ հայերը պէտք է ձգտին ոչ թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման, այլ՝ արդարութեան: Թեկնածուներու դիրքորոշումը այս հարցին վերաբերեալ կարեւոր է միայն այն պարագային, եթէ անոնք անցեալին հերքած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը կամ խոստացած են ճանչնալ զայն, բայց դրժած են իրենց խոստումը…
 
Սակայն, կան հայերը յուզող շարք մը այլ կարեւոր հարցեր, զորս պէտք է քննարկուին քաղաքական թեկնածուներու հետ, ատոնք են՝ աջակցութիւն Արցախի, ճնշում Թուրքիոյ վրայ՝ հայերու բռնագրաւուած սեփականութիւնը վերականգնելու պահանջով, ամերիկեան աւելի մեծ արտաքին օժանդակութեան տրամադրում Հայաստանի եւ Արցախի, որակաւոր ամերիկահայերու պետական աշխատանքի ընդունում, ինչպէս նաեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու բարելաւում Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: 
Ցաւօք, անկախ հարցերու բնոյթէն, երբեք չես կրնար վստահ ըլլալ, որ նախագահի եւ փոխ նախագահի թեկնածուները կը յիշեն եւ կը կատարեն քարոզարշաւի ընթացքին տուած իրենց խոստումները՝ ընտրուելէ եւ յարմարաւէտ տեղաւորուելէ ետք Սպիտակ Տան մէջ…
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան 
 
Յարութ Սասունեան 
 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play