Այդ օրէն ետք ստեղծուած մթնոլորտը յուսադրիչ չէ սակայն։ ԱՔՓ-ի կողմէ հռչակուած արտակարգ դրութիւնը թէեւ պետական համակարգը կիւլենական համայնքի անդամներէն մաքրագործելու նպատակ կը հետապնդէ, սակայն արդէն իսկ ակնյայտ դարձած է որ իշխանութիւնները ընդդիմադիրներու հետ հաշիւ ալ կը մաքրեն ի մէջ այլոց։ Գրաքննուած ու արգիլուած թերթեր, նոյնիսկ զաւեշտաթերթեր, խափանուած թատերախաղեր, կղպանքի տակ դրուած աշխատատեղիներ, գրաւեալ սեփական ինչք, աշխատանքէ հեռացուող ու հարցաքննուող ակադեմականներ, ուսուցիչներ, դերասաններ, այլախոհ պարզ քաղաքացիներ իրենց բաժին հասնող անարդարութիւնը կը վայելեն լիուլի՝ զրկուած մնալով պատահածը դատական ատեաններուն առջեւ բողոքարկելու տարրական իսկ իրաւունքէն։ Իսկ ստուար զանգուած մըն ալ, քիչ մը վախնալով, աւելի շատ ալ մոլեգնած, շաբաթ մը առաջ մինչեւ ամէն իրիկուն հրապարակ կը վազէր՝ ապացուցելու համար, թէ կիւլենական համայնքին չի պատկանիր, թէ դեմոկրատ է, կը ներկայացնէ «ազգային կամքը»։ Վերջապէս պարզ քաղաքացին շատոնց գիտէ, սորված է, որ հանրապետութեան նախագահին ու ոմանց նման պիտի չկարենայ օձիքը ազատել պարզ «խաբուեցայ, կը ներէք»ով մը՝ երբ հնչէ դատաստանի փողը։
Եզրափակիչ հանրահաւաքը պիտի կայանար Ենիքափուի նորաստեղծ հրապարակին վրայ։ Հրաւիրողը եթէ հանրապետութեան նախագահն է՝ ո՞վ կրնայ ընդդիմանալ, ո՞վ կրնայ համարձակիլ մերժել։ Հին ու նոր վարչապետներ, ազգայնական կուսակցութիւններու վարիչներ, պալատական արուեստագէտներ, դրանիկ մարզիկներ, նոյնիսկ արամ-աթեշեաններ ու մարգար-էսայեաններ, հարիւր-հազարաւոր քաղաքացիներ, կիւլենական ըլլալու կասկածի տակ իյնալու հաւանականութեան նշոյլ իսկ ունեցողներ խոստացան փութալ հրապարակ։
Յանկարծ պատահեցաւ անսպասելին,․յայտնուեցաւ սպիտակ ագռաւ մը։ 36-ամեայ երգչուհի Սըլա յայտարարեց, թէ դէմ ըլլալով հանդերձ պետական հարուածներու՝ մաս պիտի չկազմէ Ենիքափուի ցուցադրութեան, հանդէսին։ Սովորականացած արտակարգ դրութեան մը իրական արտակարգութիւն մը հաղորդեց ան։ Թունդ ընդդիմադիրներն իսկ չէին կրցած դիմադրել սպառնալիքի նման հնչող ու ազգայնական ծրարով փաթթուած հրաւէրին, սակայն Սըլա կրցած էր համարձակիլ։ Եւ հոն գացողներէն ոմանք, մանաւանդ հայ առաքելական եկեղեցիէն հոգեւորականներ, լսեցին խիստ «դեմոկրատական» խօսքեր, զորս պիտի չուզէին լսել (արդեօ՞ք), որովհետեւ «Կոստանդինի զաւակները» թշնամի հռչակուեցան անգամ մը եւս, «հայկական հրոսակախումբեր»ն ու անոնց դէմ անցեալին ի ցոյց դրուած «քաջութիւնը» դարձեալ հոլովուեցան, սակայն անոնք՝ աթեշեան-էսայեանականներ, բազմաթիւ ուրիշներու նման, չկրցան լքել այդ հրապարակն ու երթալ։
Բնականոն պայմաններու տակ, յանուն ժողովրդավարութեան կայացող հանրահաւաքի մը չմասնակցիլ ու զայն շոու կոչել ժողովրդավարութեան մէկ արտայայտութիւնն է, սակայն Նոր Թուրքիոյ մէջ այդպէս չէ. Սըլային բոլոր համերգները ջնջուեցան, պալատական մամուլն ու դրանիկ արուեստագէտները խաչակրաց արշաւանքի մը ձեռնարկեցին Սըլային դէմ, լաւագոյն պարագային նախընտրեցին լռել, ծայրայեղականներ՝ լինչի դատաստանի սկսան ենթարկել զինքը։ Եղաւ նոյնիսկ մէկը, որ դատարան դիմեց՝ Սըլան ամբաստանելով ժողովուրդը արհամարհելու, զայն ատելութեան եւ թշնամութեան մղելու յանցանքով։ Տեսնենք, դատախազութիւնը ընթացք պիտի տա՞յ արդեօք։
Իսկ մենք այստեղ կը շարունակենք ապրիլ՝ ամէն ինչ դիտելով դուրսէն։ Կարծես այս երկիրը մերը չէ, կարծես հազարաւոր տարիներու անցեալ մը չունինք այս հողերուն վրայ, կարծես հիւրընկալ երկիր մը ապաստանած գաղթականներ ենք եւ ոչ մէկ բան մեզի կը վերաբերի։ Հայերէնով ոչ իսկ քննադատական խօսք կը հնչէ, քար լռութիւն հարիւրաւոր մեռեալներու առջեւ նոյնիսկ, երկիրը վերածուած է հնոցի, սակայն մենք կը նախընտրենք դիտել հեռուէն։ Սըլայի համարձակութեամբ արուեստագէտ մը, մամլոյ գործիչ մը, դերասան մը, երգիչ մը, հոգեւորական մը, որ քննադատական հայեացքով մը դիտէ այս ամէնը եւ ոչ թէ հալած իւղի նման ընդունի իշխանական բոլոր յայտարարութիւնները։
Այսքան համակերպող չենք, ինչքան որ ալ այսօր այլ օրինակներ դնեն մեր առջեւ։ 12-13 Ապրիլ 2004-ին, ուշ գիշերին, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան անուն հրէշին ոստիկանները ջարդ ու փշուր կ՚ընէին Երեւանի Մարշալ Բաղրամեան պողոտային վրայ ցոյց կատարող քաղաքացիները՝ անոնց արիւնով ներկելով մայրաքաղաքին փողոցները։ 85-ամեայ բանաստեղծ Սիլվա Կապուտիկեան այդ դէպքերէն անմիջապէս ետք, որպէս բողոքի ցոյց, կը վերադարձնէր «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը, զոր 1998-ին ստացած էր Քոչարեանէն։ «Շքանշանով չէ, որ ես ինձ պիտի կապուած զգամ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ,- յայտարարած էր Սիլվա Կապուտիկեան։ -Նա իմ կեանքի, իմ հոգու շաղախի մէջ խառնուած մի մեծութիւն է, մի սրբութիւն է, որին ես այս իմ քայլով մտածում եմ, որ հաւատարիմ մնացի, քանի որ նրա ժողովուրդը այսօր ենթարկւում է հալածանքի ոչ միայն ֆիզիկական, ուժային մեթոդներով, այլեւ մշակոյթի ասպարէզում, որ անհրաժեշտ չափով չի յարգւում Մեսրոպ Մաշտոցի լեզուն, Մեսրոպ Մաշտոցի հիմնած դպրոցը, Մեսրոպ Մաշտոցով շնչաւորուած մշակոյթը»։ Ան իր խօսքերը կ՚եզրափակէր հետեւեալ նախադասութեամբ. «Դա իմ հոգու ճարահատ ճիչն եմ համարում ընդդէմ այդ անարդարութիւնների»։
«Խօսք իմ որդուն»ի հեղինակը կը պատգամէր դէմ կենալ անարդարութեան, ժողովրդավարութեան քօղին տակ իշխանութիւններու կողմէ գործ դրուող ամէն տեսակ նենգութեան, քաղաքացիական իրաւունքներու սեղմումներուն, մամլոյ ազատութեան բռնաբարումին։
Ու մենք այսօր օդի ու ջուրի պէս պէտք ունինք Սըլաներու ու Սիլվաներու օրինակին՝ շարունակելու համար ապրիլ արժանապատուօրէն։