Վատնուած Առիթներ… Հայաստանէն Լոս Անճելըս


Վատնուած Առիթներ… Հայաստանէն Լոս Անճելըս

  • 09-10-2016 18:19:59   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն
Այո, մեր ազգային հաւաքական կամքը ամրապնդելու մէկէ աւելի առիթներ ներկայացան մեզի անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին, որոնց մէկ մասը օգտագործուեցաւ, իսկ միւս մասն ալ՝ անհասկնալիօրէն անտեսուեցաւ։
 
Անցեալ տարի, հարիւրամեակի օրերուն, Լոս Անճելըսի հայութիւնը աննախընթաց  կերպով հաւաքական ուժ ցուցաբերեց, երբ աւելի քան 160 հազար հոգիով իր մասնակցութիւնը բերաւ պահանջատիրական ցոյցին։ Ոչ ոք կ’ակնկալէր նման թիւ։ Այդ օր այդ հսկայ բազմութիւնը, օրինակելի կարգապահութեամբ իր ձայնը լսելի դարձուց ամբողջ աշխարհին։ Կ’ըսենք օրինակելի կարգապահութեամբ, որովհետեւ այդ օր թրքական «հակացոյց» մըն ալ կազմակերպուած էր, որուն բացայայտ նպատակն էր գրգռութիւն յառաջացնել, ստեղծել բախումնային հակազդեցութիւն, յատկապէս երիտասարդ ու տաքարիւն ցուցարարներուն մօտ, որպէսզի մամուլին ուշադրութիւնը շեղեցնէ հայկական արդար պահանջատիրութենէն ու պաստառներուն վրայ օտար հանրութեան ներկայացուի ոչ թէ արդարացի պահանջատէրի, այլ՝ «խռովարար հայու» կերպար։
 
Աւելորդ է ըսել, որ թրքական այդ փորձը քանի մը վայրկեանէն արդէն ձախողած էր, շնորհիւ ոչ միայն մեր ժողովուրդի առողջ բնազդին, այլեւ հայ ցուցարարներու այն արտասովոր թիւին, որ ինքնին ուժ է։ Ուժ մը, զոր կարելի չէր անտեսել։ Ուժ մը, որուն վրայ պէտք էր գուրգուրալ եւ աճեցնել ու զայն աւելիով հունաւորել ու նպատակասլաց դարձնել։
 
Մեր համոզումով եւ ինքնաքննադատութեան կարգով, այդ օրէն մէկուկէս տարի անց, տակաւին տեսանելի չէ այդ դրականօրէն ահարկու ուժը Լոս Անճելըսի հայութեան կառավարման մէջ ներգործօն ազդակի վերածելու վարքագիծ ու մտածողութիւն։ Փաստը այն է, որ երբ հասաւ «փորձութեան ժամը», այսինքն ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, այդ ուժին համապատասխան զօրաշարժ, հակազդեցութիւն եւ ապրում չտեսանք մեր ապրած քաղաքին մէջ։
 
Դարձեալ, մնալով Լոս Անճելըս, Հայաստանի վերանկախացումի տօնին 25ամեակին առիթով, այդ տօնին համազօր ի՞նչ հրապարակային ֊ ժողովրդային նախաձեռնութիւն կազմակերպուեցաւ։ Ոչ մէկ։ Ի վերջոյ տօները առիթներ են, որպէսզի ամրապնդուի ժողովուրդին ազգային հաւաքական կամքը, հայրենասիրութիւնը։ Սեպտեմբեր 2ին, Հայաստանի մէջ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հրապարակային հաւաք՝ Արցախի հանրապետութեան հռչակման առիթով։ 21 Սեպտեմբերին, պետական որոշումով, տեղի ունեցաւ զինուորական տողանցք եւ հայկական զինուժի ցուցադրութիւն, ի շարս համերգներու եւ այլ ձեռնարկներու։
 
Նոյն առիթով, Լիբանանի մէջ, տեղի ունեցաւ հաւաք, համերգ, բազմահազար հայորդիներու մասնակցութեամբ։ Հրաւիրուած էին նահատակ զինուորի մը ծնողները, որոնք բեմ բարձրանալով ոչ միայն իրենց կսկիծը, այլ իրենց հպարտութիւնը փոխանցեցին ժողովուրդին։
 
Մէկ խօսքով, վերանկախացման 25ամեակը բազմաթիւ վայրերու մէջ առիթ հանդիսացաւ հրապարակային ձեռնարկներով մեր ազգային հաւաքական կամքը ամրապնդելու։
 
Աններելիօրէն լուռ մնաց Լոս Անճելըսը, իբրեւ համայնք ու կազմակերպութիւններ։ Սեպտեմբեր 17ին իր կազմակերպած համերգ ֊ ցուցահանդէսով մը (քանի մը տասնեակ հոգիի մասնակցութեամբ), «ամօթխած» բացակայութիւն էր մանաւանդ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանը։
 
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, ինչպէս այդ օրերուն մէկէ աւելի յօդուածներով վերլուծած էր այս յօդուածագիրը, ստեղծեց ազգային ֊ հայրենասիրական ու մարտունակ այնպիսի ոգի մը, որ իր կարգին աննախընթաց էր։
 
Այդ ոգին դիմափոխեց ամբողջ Հայաստանը ու այլեւս պետական ղեկավարութեան կ’իյնար այդ ոգին պահպանել, հունաւորել ու զայն մեր ազգային ապահովական համակարգին միաձուլէր։ Բառացիօրէն ըսած էինք, որ պետական ղեկավարութիւնը այլեւս պէտք է գործով փաստէ, որ ինք արժանի է կառավարելու այս դիմափոխուած նոր տեսակի Հայաստանը։
 
Դժբախտաբար, այդ օրերուն Հրազդանի մէջ կայացած տեղական ընտրութիւններուն պարզուած ախտավարակ երեւոյթները ցոյց տուին, որ ոչ ոք հետաքրքրուած է նորաստեղծ ոգիին պահպանումով։ Ընտրակաշառքը բացէ ի բաց գործեց, ու այդ ձեւով ալ լրջօրէն հարուածեց ազգային հաւաքական բիւրեղացումի առաջնորդող այդ ոգիին։ Մատը մատին զարնող ալ չեղաւ Հրազդանի այդ թաղային «հեղինակութիւններուն» ըսելու, որ տղաք, ի՞նչ կ’ընէք, ձեր ընտրակաշառքով հարամ մի՛ ընէք մեր նահատակ հերոսներուն թափած արիւնը։
 
Մէկ խօսքով, պետական կառավարող օղակները բացարձակապէս չգիտակցեցան, որ Հրազդանի այդ օրինակը կրնայ ժխտական վարակ հանդիսանալ ու վերածուիլ համեղ ճաշի պնակին մէկ ինկած ճանճին։
 
Ահաւոր է հակասութիւնը։ Մէկ կողմէ ճակատին վրայ բառացիօրէն մինչեւ վերջին փամփուշտը կրակող ու նահատակուող զինուոր, մէկ կողմէ թշնամի հրասայլեր եւ ուղղաթիռներ խորտակելու բազում հերոսական արարքներ, իսկ միւս կողմէ ու անմիջապէս ասոնց յաջորդող օրերուն՝ ընտրակաշառքով ընտրութիւն։ Չեմ գիտեր, թէ այդ ընտրակաշառքով «ընտրուողը» (ինքնին ազգային դաւաճանութեան համազօր արարք) խղճի ի՞նչ հանգստութեամբ հիմա կը նստի իր պաշտօնէական աթոռին, այս յօդուածագրին համար անլուծելի հանելուկ է։
 
Փաստը կը մնայ այն, որ ո՛չ Հայաստանի պետական մարմինները, ոչ ալ Սփիւռքը կրցան տէր կանգնիլ յետպատերազմեան այս ժողովրդային վճիտ ներուժին, դրամագլուխին։ Ոչ Սփիւռքը կրցաւ քայլ պահել հայրենաբնակ իր եղբայրներուն ցուցաբերած ոգիին ու մտածողութեան հետ, ոչ ալ պետական մարմինները կրցան համապատասխան դասեր քաղել, առնուազն իրենց վերաբերումին մէջ նոր որակ մտցնելու, կամ ինքնամաքրուելու իմաստով. յատկապէս ինչ կը վերաբերի իրենց վարած ընկերային ֊ տնտեսական քաղաքականութեան, կառավարման մեթոտաբանութեան։
 
Երեւակայեցէք, թէ ինչ դրական ներգործութիւն կրնար ստեղծուիլ, եթէ պետական ֊ պաշտօնէական դիրքի չարաշումով դղեակներ կառուցած այսինչը յայտարարէր ու գործով ցոյց տար, թէ իրապէս զղջացած է։ Չգտնուեցաւ նաեւ մէկը, բարոյական այն հեղինակութիւնը, որ մտերմաբար իր քով հրաւիրէր այդ խաւէն այսինչը, ու զայն համոզէր, որ հիմա՛ է առիթը քաւելու իր մեղքը՝ յաչս ժողովուրդին ու պետութեան։
 
Այո, ինքնաքննադատութեան կարգով, թերին սրբագրելու սրտցաւութեամբ, անգամ մը եւս պէտք է խօսինք Հայաստանէն մինչեւ Լոս Անճելըս վատնուած առիթներուն մասին, ու ոչ թէ դափնիներու վրայ խոր ֊ խոր քնանանք։
 
 
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Լոս Անճելըս
vproodian@gmail.com
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն