Անտարբերութունը մահացու մեղք է


Անտարբերութունը մահացու մեղք է

  • 13-10-2016 11:58:45   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

asbarez.com. Ամէն անգամ, երբ կը խոստովանինք, մեր մեղանչումներու շարքին կը յիշենք «եօթը մահացու մեղքերը»՝ հպարտութիւն, նախանձ, բարկութիւն, ծուլութիւն, ագահութիւն, որկրամոլութիւն եւ պղծասիրութիւն:
 
Անցեալ Երկուշաբթի երեկոյեան, հալէպահայութեան զօրակցութեան հաւաքին ընթացքին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, մէջբերելով երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. վեհափառի խօսքերը՝ յայտարարեց, որ այս եօթը մեղքերուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ անտարբերութիւնը:
 
Վերեւը թուարկուած եօթը մեղքերն ալ, անշո՛ւշտ, անմիջականօրէն մահ չեն պատճառեր, բայց ի վերջոյ, կրնան տանիլ ամբողջական կորուստի՝ հոգեպէս թէ մարմնապէս:
 
Հաւաքական մեր կեանքին մէջ անտարբերութիւնը իսկապէս մահացու մեղք է, որ իր սպաննող թոյնը կաթիլ առ կաթիլ կը սրսկէ մեր առօրեային մէջ, օր մըն ալ յանկարծակիօրէն մեր դէմ ցցելով իր գործած աւերը:
 
Անտարբերութիւնը կրնայ ամրապնդուիլ հայկական իրականութեան հաղորդակից ըլլալու նախանձախնդրութեան աստիճանական նուազումով, կամ՝ դանդաղ թէ արագ քայլերով ազգային հաստատութիւններէն հեռանալով, ի վերջոյ՝ սպաննելով մեր մէջ ազգային ամէն զգացում ու գիտակցութիւն:
 
Անտարբերութեան մեղքէն ազատելու համար, նախ պէտք է անդրադառնանք կորուստի արժէքին, մեր ազգային դիմագիծի անփոխարինելիութեան: Անգամ մը, որ այս գնահատումը կատարենք, մնացեալը բնական հունով կ՛ընթանայ, առանց մեծ ճիգի:
 
Յաղթահարուած անտարբերութիւնը յանձնառութեան ոգիով փոխարինե՛լն է դժուարը: Միշտ կարելի է լուսանցքէն դիտել, սակայն պէտք է գիտակցիլ, որ ատիկա ա՛յն եզերքն է, որմէ վերստին անտարբերութեան գիրկ վերադառնալը ժամանակի խնդիր կը մնայ միայն: Յանձնառութիւնը կը պահանջէ ճիգ, ժամանակ, զոհաբերութիւն, անտարբերութիւնը թօթափելու ուժ, որուն շնորհիւ մեր անձնական, մարդկային ու հաւաքական կենսունակութի՛ւնն է որ զարկ կը ստանայ: Մեր կեանքը իմաստաւորելու, բարի ու նշանակալից գործերու մասնակցութիւն բերելու, մեր գոյութեան բովանդակութիւն տալու ուղիղ ճանապարհն է անտարբերութեան մերժումը:
 
Ի վերջոյ, սեփական պատեանի մէջ ամփոփուած, շրջապատի ցաւին ու վիշտին անհաղորդ մնալով՝ կը կորսուի նաեւ յաղթանակներու, իրագործումներու, նուաճումներու եւ ստեղծագործութեանց առթած երջանկութիւնը, կը կորսուի հա՛մը կեանքին:
 
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն