«ԳՈՐՇ ՆԻՒԹ» ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻ ՄԱՍԻՆ՝ ՔԱՐՈԶԻ ԼՍՈՒՈՂ ԵՒ ՄՈՌՑՈՒՈՂ ԼՈՒՐԵՐԷ ԱՆԴԻՆ


«ԳՈՐՇ ՆԻՒԹ» ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻ ՄԱՍԻՆ՝ ՔԱՐՈԶԻ ԼՍՈՒՈՂ ԵՒ ՄՈՌՑՈՒՈՂ ԼՈՒՐԵՐԷ ԱՆԴԻՆ

  • 31-10-2016 16:04:32   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

Հայկական լրատուամիջոցները կ’արձագանգեն ակնկալութիւններ, մտահոգութիւններ եւ զգացումներ բաւաւարող անմիջականութեամբ յատկանշուող տեղեկութիւններու. Արցախի սահմաններ, պետական այցելութիւններ, բարեսիրութիւններ, արտագաղթ:
 
Ոչ ոք կ’ուզէ զբաղիլ հայկական իմացական-գիտական չօգտագործուող ներուժով կամ անոր արտահոսքով: Ինչո՞ւ սեփական ազգին չծառայող գիտական-իմացական ուժը օրակարգ չէ, անոր նկատմամբ հետաքրքրութեան պակասը չի մտահոգեր:
 
Այդ ուժին համար Ֆրանսացին կ’ըսէ matière grise, «գորշ նիւթ», որ ուղեղն է:
 
Քառորդ դար առաջ, Երեւանէն Մոսկուա գացող օդանաւին մէջ հանդիպած էի գիտնական քիմիագէտի մը (քիմիկոս), որ չեմ յիշեր Ռուսիոյ ո՞ր քաղաքը կ’երթար աշխատելու: Ըսաւ, թէ ակամայ կը մեկնէր Հայաստանէն, քանի որ իր գիտական աշխատանքները կատարելու համար ոչ վարկեր ունէր ոչ ալ նախանանիւթերը: Պատմած էր, որ ընտանիքը, հայր եւ մեծ հայր, եղած էին գիտաշխատողներ:
 
Լոս Անճելըս ծանօթացայ ներգաղթած ընտանիքի զաւակ գիտնականի, որ աշխատած էր Երեւան, բայց նաեւ Խորհրդային Միութեան այլ քաղաքներու գիտական կեդրոններուն մէջ, եւ արտագաղթած: Թուեց գիտական կեդրոն քաղաքներու անուններ: Իր եղբայրներն ալ գիտնականներ էին եւ կը գտնուէին Լոս Անճելըս: Ինք շարունակած էր աշխատիլ Միացեալ Նահանգներու օդանաւային ընկերութիւններուն մէջ, ճարտարագիտական նորութիւններու կատարելագործումներ իրականացուցած էր:
 
Ոչ ոք կը խօսի այս երեւոյթներուն մասին: Կորուստ՝ որ հանրային շատախօսութիւնները աճեցնող կողոպուտ չէ, իրաւ կամ շինծու պատմութիւն չէ:
 
Հայաստանի բոլոր գիտնականները չեն մեկնած, բայց ամլութեան դատապարտուած են, գիտաշխատանոցներու, սարքերու, նախանիւթերու եւ վարկերու չգոյութեան պատճառով: Նախկին գործարան մը վերածուած է փուռի, որ հաց կը հայթայթէ: Մտածեցի, որ չկա՞յ կարելիութիւնը լքուած գործարան մը գիտաշխատանոցի վերածելու, ուր կարենան իրենց աշխատանքները շարունակել գիտնականները, իրենց «գիւտեր»ը վերածել «տնտեսական ուժ»ի, երբ ուրիշներ ուզեն զանոնք օգտագործել: Գիւտերը օրէնքով պաշտպանուած սեփականութիւն են, ինչպէս վաճառատունը, արտը, գործարանը:
 
Ոչ ոք կը խօսի այս matière grise-ի, «գորշ նիւթ»ի յաջողութիւնը տնտեսական հզօրութեան վերածելու մասին: Այսինքն, անմիջական առուծախէն, «բիզնես»էն անդին կարելիութիւններու օգտագործումը տնտեսական հեռանկար չէ Հայաստանի եւ սփիւռքներու բարեսէրներուն եւ անոնց դրամագլուխին համար: Ոչ թէ զանազան նպատակներով եղած ներդրումներն են վատ եւ քննադատելի, այլ՝ մեր գիտական ուժի հեռանկարային օգտագործման անտեսումը:
 
Միացեալ Նահանգներու օդանաւային ընկերութիւններուն ճարտարագիտական կատարելագործման նպաստած հայ գիտնականի աշխատանքը եթէ կատարուած ըլլար Հայաստանի մէջ, ինք եւ պետութիւնը այդ արձանագրած ըլլային որպէս գիտական սեփականութիւն, եւ աշխարհի բոլոր ընկերութիւնները այդ ճարտարագիտական կարելիութիւններէն օգտուելու համար «իրաւունք գնած» ըլլային, շահ կ’ապահովուէր: 
 
Ոչ ոք այսօր կրնայ ըսել, թէ մոլորակի գիտական կեդրոններուն մէջ ինչ է թիւը հայ գիտաշխատողներուն, որոնց matière grise-էն, «գորշ նիւթ»էն, չ’օգտուիր ազգը: Ինչո՞ւ այդ ներուժը, գէթ մասամբ չի վերադառնար Հայաստան: Աւելի ճիշդ, հայկական դրամագլուխը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ինչո՞ւ պատասխանատուութեամբ չի մօտենար այս խնդրին, հրավառութեան նմանող համաժողով-խորհրդաժողովներէ տարբեր խորհրդաժողով մը չի կազմակերպուիր:
 
Հայկական դրամագլուխի աշխարհի մեծ ու պզտիկ դրամատուներուն մէջ քնացող ուժին չափ, եւ թերեւս աւելի հզօր կ’ըլլայ matière grise-ի, «գորշ նիւթ»ի, հայկական ուղեղներու, գիտական կարողութիւնը, որ այսօր կը տարտղնուի, որմէ ոչինչ պիտի գայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին, բացի լրատուամիջոցներու տարածած սնափառութենէն: Պիտի փքուինք, ինչ որ սովորութիւն դարձած է, լսելով՝ որ այս կամ այն երկրի բնակիչ մեծանուն հայ գիտնականի անունը Ճէյմս կամ Ալպըրթ է: Պատկեր եւ ծափ: Յետո՞յ…
 
Զանգուածային լրատումիջոցները հայերէնով չերգուելիք եւրատեսիլի մասնակցելիք օտարաբարբառ աղմուկ-իրարանցումին չափ տեղ չե՞ն կրնար յատկացնել մեր հասողութեան մէջ եղող հայկական ներուժի օգտագործման: Ոչ միայն լրատուամիջոցները, այլ նաեւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի «պիտի օգնենք»ի կազմակերպութիւնները եւ հիմնադրամները:
Հայաստանի պատկան նախարարութիւնները եթէ հետազօտական բջիջ մը ստեղծեն այս հիմնահարցով, ապագայատեսական գործ կ’ընեն: Իսկ եթէ այդ բջիջը գտնէ, որ տան մը ներքնայարկը կամ կառատունը աշխատող «գիւտարար» գիտնական մը կայ, գիտնականներ, ի՞նչ պատասխան պիտի տանք պատմութեան առջեւ:
 
Աւելի պարզ. Հայաստան ժամանակին ինքնաշարժ կ’արտադրէր: Գաղտնիք չէ, որ ինքնաշարժ արտադրող ընկերութիւնները մեքենաներու մասերը կը ներածեն տարբեր հասցէներէ: Հայաստանի մէջ արտադրուելիք ինքնաշարժը միթէ՞ աւելի վատ որակ կ’ունենայ զանազան երկիրներէ ներածուած եւ բազմաթիւ տարիներ գործածուելէ ետք վերանորոգուած մեքենաներէ, որոնք անպէտք են իրենց երկրին մէջ:
 
Ապագայ կերտելու համար պէտք է խորհիլ անմիջականէ, ցուցադրականէ, պատկերէ եւ բարձրախօսներէ ձերբազատուելով՝ հորիզոն դիտելու մասին:
 
Ուրիշի ծառայութենէ եւ կորուստէ կը փրկե՞նք մեր matière grise-ը, «գորշ նիւթ»ը, զոր հակամշակոյթ դարձող հաւաքականութիւները անիմաստութեամբ կ’անտեսեն:
 
Այս matière grise-ը, «գորշ նիւթ»ը, սրճարանէ, ճաշարանէ, պերճ հիւրանոցէ եւ հրավառութիւններէ տարբեր ազգային քաղաքական-գաղափարախօսական որակ կ’ենթադրէ:
 
Յ. Պալեան, 30 հոկտեմբեր 2016, Նուազի-լը-Կրան
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play