«ԷՍԹԷՊԼԻՇՄԸՆԹ»Ը ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆ Է ԴԻՄԱԿԱՒՈՐ «ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆԵՐՈՒ»


«ԷՍԹԷՊԼԻՇՄԸՆԹ»Ը ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆ Է ԴԻՄԱԿԱՒՈՐ «ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆԵՐՈՒ»

  • 14-11-2016 08:33:17   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

 
 
Աշխարհի մէջ լուռ համախոհութեամբ ընդունուած կանոն կը դառնայ «էսթէպլիշմընթ»ը: Քննադատողներն անգամ կ’ուզեն հոն հասնիլ: Ան ժամանակին կը կոչուէր ազնուականութիւն՝ իր ժառանգական տիտղոսներով, վահանակներով, աւատապետութիւն՝ ընտանեկան անուններով եւ իրաւունքներով, հաւասարապաշտ խորհրդայինները ունեցան իրենց «նոմանքլաթուրա»ն: 
 
Քաղաքակակիրթ Արեւմուտքը ստեղծեց իր նորատեսակ «էսթէպլիշմընթ»ը՝ մեծ վարժարաններու վկայեալներով եւ մեծ դրամատէրերով, որոնք երկիրներու լծակներուն տիրեցին, այդ տիրութիւնը վաւերացնելով ժողովրդավարութեան կնիքով, ընտրութիւններով, մէկ դիրքէ միւսը անցնելով, յաճախ «բարձրանալով», դիրքերու տիրանալով, ինչպէս կ’ըսուի: Իշխելու իրաւունքին տիրացող «ընտրանի» (élite): 
 
Բոլորն ալ անաշխատ դրամի կուտակումին մէջ մասնագիտացան, մարդիկ որոնք չեն աշխատիր եւ «կը ղեկավարեն», իրենք իրենց շնորհելով կարեւորութիւն եւ անփոխարինելիութեան լուսապսակ, որուն կը հետեւին ժառանգական իրաւունքներ եւ դիրքեր, ընտանեկան կամ խնամի, ծանօթ, բարեկամի (ԽԾԲ): Արհեստ՝ ինչպէս ժամագործը կամ կօշկակարը:
 
Ընկերութեան տարբեր խաւերուն մէջ կան տարբեր «էսթէպլիշմընթ»ներ: 
 
«Յաջողածներ», հիներ եւ նորեր, այսինքն անոնք որոնք դրամատիրական ակումբին մէջ են, ուզեցին եւ կ’ուզեն «էսթէպլիշմընթ»ին մէջ մտնել, աթոռ եւ դիրք ունենալ, ինչպէս ոմանք կ’ըսեն, որ «հիմա դրամ եւ ժամանակ ունին, աթոռ կ’ուզեն»: «Էսթէպլիշմընթ»ի աւագները կ’ընդառաջեն շահախնդրութեամբ, միաժամանակ գիտնալով որ իրենց աւագութեան համար անոնք վտանգ չեն: Այս յարաբերութիւնները ծաղրանկարային կ’ըլլան երբ վերնախաւէն կ’իջնենք թաղային փառասիրութիւններու մակարդակ:
 
«Էսթպլիշմընթ»ը, որ տարբեր բնոյթի եւ օղակներու «սակաւապետութիւն»ն է, (oligarchie), կը խզուի զանգուածէն, որ կը դադրի ինքզինք տեսնելէ իր իսկ կողմէ երեւութապէս ընտրուած վերնախաւին մէջ: Այսինքն, տեղի կ’ունենայ հաւատքի նօսրացում, հուսկ՝ անտարբերութիւն, ընտրութիւններու պարագային ծնունդ տալով ձեռնպահներու բանակին: Խաղքութիւններ, ապօրէն հարստացումներ՝ դիրքի չարաշահումով, տարածուած բարքեր են, թերաճ երկիրներէն մինչեւ զարգացածները եւ կազմակերպութիւններ:
 
Դրութիւնը կը տեւէ մինչեւ այն օրը, երբ ընդվզումի ալիքը փոփոխութիւն կը յառաջացնէ, կացութիւն՝ որ կը բնորոշուի զանազան բնոյթի յեղափոխութիւններով, որոնցմով այնքան լեցուն են պատմութեան գիրքերը: Այսինքն, ժամանակի ընթացքին աճած եւ ինքզինք կրկնող «ընտրանիներ»ը, անկախ իրենց կարողութիւններէն, երբ կը յաւերժանան, կը յառաջացնեն դժգոհութեան ալիք, որ կը պարտադրէ փոփոխութիւն, վերանորոգում, կամ ամլութիւն:
 
Եւ թատրոնը կը կրկնուի, նորերը կը մեղանչեն ինչպէս իրենց նախորդները, ընչաքաղցութեամբ եւ շրջապատուելով խնամի-ծանօթ-բարեկամներով: Զանգուածը իր երէկի կուռքը կը սկսի քննադատել: Թէեւ պատմութեան մէջ եղած են արտակարգ եւ անբասիր դէմքեր, որոնք հեռատեսիլի հաղորդումներու եւ թերթերու առաջին էջերուն վրայ չեն տեսնուիր:
 
Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը, որուն համար ըսուեցաւ, որ իշխանութեան հասաւ ընտրանի դարձածներու դէմ դժգոհութեան ալիքի վրայ, արդէն կը մտնէ համակարգին մէջ, (système): Կ’ըսուի, որ դուստրը, փեսան եւ զաւակները, պիտի մտնեն «վարչամեքենայ»ին մէջ, ինչ որ դժգոհ զանգուածին կրնայ ներշնչել խաբուած ըլլալու զգացում: 
 
Մեր համեստ միջոցներով մեծ Ամերիկան պիտի չփոխենք: Նոյն համեստութիւնը, քիչ մը իրատեսութեամբ, կը թելադրէ հակիլ պատմահայր Խորենացիի բանաձեւած մեր «փոքրիկ ածու»ին վրայ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ուր, ճիշդ է, եղած են եւ կան մեծութիւններ, բայց կայ նաեւ մետաղադրամին միւս երեսը, որուն մասին խօսած են «հոգեւոր հայրենիք»ի հաւատարիմ ասպետները:
 
Հայաստանի մէջ, եւ սփիւռքներու, Յովհաննէս Թումանեան սիրուած եւ յարգուած է, անոր արձանները կը գտնենք Երեւան եւ Լոռի: Տարբեր բնոյթի հանդիպումներու ընթացքին, մամուլով, կը յիշուին իր անունը եւ իր գործերը: Բայց քիչեր կը լսեն անոր մորմոքի խօսքերը, որոնք իրատեսական էին երէկ, մարգարէական են այսօր, Հայաստան եւ սփիւռքներ:
 
Ինչե՜ր ըսած է Յովհաննէս Թումանեան, իր «Հոգեւոր Հայաստան»ի տիրոյթներէն: Որքան լաւ պիտի ըլլար, որ մեծ ու պզտիկ, լսէինք իր աղաղակը, եւ զայն բառ առ բառ, ձայն առ ձայն, բաղդատէինք մեր անմիջական ներկային, կրկին, Հայաստան եւ սփիւռքներ:
 
«Հոգեւոր Հայրենիք»ի ուրիշ մեծի մը, Աւետիք Իսահակեանին 1921-ին գրած իր նամակին մէջ, Յովհաննէս Թումանեան մեզի կ’ըսէ անցեալի եւ ներկայի մեր ճշմարտութիւնները:
 
«…Մենք թէ դրսից, թէ ներսից քանդեցինք մեր երկիրը: Գլխաւորապէս մենք: Մենք եմ ասում, եւ սրա մէջն է ճշմարտութիւնը: Մի մասը խաչագող սրիկաներ, մի մասը գողեր եւ աւազակներ, մի մասը ապիկար թշուառականներ,  եւ չերեւաց մի բազմութիւն, գոնէ մի խմբակ, որ վերածնուող երկրի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր: Էսքան աղէտների ու պարտութիւնների մէջ ոչ մի մեղաւոր չերեւաց, ոչ ոք ոչ պատասխանի կանչուեց, ոչ պատասխան տուեց: Եւ շարունակուում է… Եւ ոչ մէկը անձնասպան չեղաւ, որ ապացուցաներ, թէ գոնէ ամօթ ու խղճմտանք կայ էս մարդկանց մէջ կամ էս ժողովրդի մէջ: Բայց ես ի՞նչ եմ ասում – չկարողացան գոնէ վշտանալ կամ վշտացած երեւալ:»
Յովհաննէս Թումանեան կը խօսի Հայաստանի մասին: Այն օրերուն հայրենահանուածներու մոլորակային ցրուածութեամբ ազգէ եւ արմատներէ հեռացող սփիւռքներ չունէինք, բայց այսօր իր խօսքը չի մասնաւորուիր միայն Հայաստանի:
 
Ոչ ոք հաշիւ պահանջեց, թէ ինչպէ՞ս, խորհրդային հաւասարութեան համակարգէ հազիւ դուրս եկած, երկիրը ծնունդ տուաւ կալուածատէրերու եւ դրամատէրերու սակաւապետական շրջանակի, մարդիկ՝ որոնք չեն ժառանգած եւ չեն աշխատած, պատճառ դառնալով զանգուածի թշուառութեան: Յովհաննէս Թումանեանի խօսքը լուսարձակի պէս եթէ բացուի Հայաստանի իրականութեան վրայ…
 
Սփիւռքններն ալ ունին իրենց «էսթէպլիշմընթ»ները, ուր զանգուածը անգիտացող ընտրանի կայ, որ ինքզինք կը վերանորոգէ նոյն մեքենականութեամբ, ընտանեկան, ժառանգական, խնամի-ծանօթ-բարեկամի, դրամատէրերու եւ քիչ մըն ալ խնկարկողներու փակ շրջանակին մէջ: Զանգուածին կը մնայ շահագործուիլ: Օրինակ, Էջմիածին գումարուող Պատգամաւորական ժողովին համար, կ’ըսուի, թէ 25.000 հոգիի համար կ’ընտրուի մէկ պատգամաւոր, բայց այդ հազարները ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կը քուէարկեն, սփիւռքեան սակաւապետութիւն մը (oligarchie), ինքզինք տէր կը համարէ այդ 25.000-ին, եւ երբ գաղութը մեծ է, այդ թիւը կը բազմապատկուի հինգով, տասով, քսանով… Ֆրանսայի կամ Ամերիկայի հարիւրհազարաւորները ո՞ւր եւ ե՞րբ կը քուէարկեն պատգամաւոր ընտրելու համար: «Ընտրանի»ն ի վերուստ ստացուած իրաւունքով կ’իւրացնէ պատգամաւորի իրաւունք: Ի պահանջել հարկին, նոյն ընտրանին ջահը կը փոխանցէ զաւակին, թոռան, փեսային, քենիին եւ քենակալին:
 
Եւ ինչո՞ւ զարմանալ, որ սփիւռքները կը մաշին, կ’այլասերին եւ մենք ալ կը շարունակենք աւաղել: 
 
Յովհաննէս Թումանեան, ի տես այդ օրերու մտաւորականութեան պարզած պատկերին, խիստ բրտութեամբ քննադատական խօսք ունի: Եւ որովհետեւ իմաստութիւնը չի սահմանափակուիր ժամանակաւորին մէջ, իր խօսքը այժմէականութիւն ունի: Արեգ Թումանեանին ուղղուած նամակի մը մէջ,կ’ըսէ.
 
Ոչ մի ժողովուրդ էս տեսակ ինտելիգենցիա չունի… Էսքան խորթ ու օտար, էսքան չնչին ու ապիկար, էսքան անխիղճ ու անամօթ:
 
Արդարեւ, նման դատում, առաջին հայեացքով կրնայ ծայրայեղական թուիլ, ոչ-կառուցողական, ինչպէս սովորութիւն դարձած է ըսել: 
Բայց ի՞նչ կ’ըսէ իրականութիւնը: Ունեցանք եւ ունինք մտաւորականութեան մեծ խաւ մը, որ օտարով եւ օտարին ծառայութեամբ ուզած է ինքնահաստատում ձեռք բերել:
 
Ոմանք դարձած են պարզապէս օտարախօս եւ օտարագիր, անոնց յաջողակները, երբ հռչակի տիրացած են, ինչ որ բոլորի պարագան չէ, շոյած են հայու տնանկի սնապարծութիւնը:
 
Ուրիշներ, քարոզչական եւ մարդորսական նպատակներով օտարագիրի գրածը հայ գրականութիւն համարած են, առանց նուազագոյն դատողութեան, որ գրականութեան պատկանելիութիւնը կը ճշդուի ազգգի լեզուով: Օտարագիրը ոչ միայն չէ հարստացուցած հայ գրականութիւնը, այլ խաթարած է գրասէր-մշակութասէր հասարակութիւնը, որ քարոզչութիւն եւ գրականութիւն շփոթած է, պատիւներով քաջալերած է օտարագրութիւնը: Դիտեցէք այսօրուան սփիւռքները:
 
Օտարախօսութիւնը եւ օտարագրութիւնը պատճառ եղած են հայերէնի աղաւաղման, երբ օտար բառեր եւ օտարաբանութիւններ ներմուծուած են հայերէնի մէջ, ճամբայ հարթելով մեր ինքնութեան տկարացման եւ այլասերման: Համոզուելու համար լսեցէք քաղաքական գործիչներու եւ լրատուամիջոցներու լեզուն, մանաւանդ՝ Հայաստան եւ մասամբ ալ սփիւռքներ: Վերջինի պարագային լեզուի աղճատման դիմադրելու կարճ ճամբան ընտրուած է, պարզապէս լրատուութիւնը դարձնելով օտարաբարբառ, յանուն անձնատուական գործնապաշտութեան: Այլ խօսքով, մտաւորականը, կորսնցնելով իր ազգային հպարտութիւնը, ստորակայութեան բարդոյթով, ազգին պատուհաս դարձած է:
 
Եթէ հայ մտաւորականը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, գիտակցական ոստում կատարէր, կը սորվէր իր լեզուն, կը գրէր իր լեզուով, եւ եթէ անհրաժեշտ էր, եւ է, իր խօսքը եւ միտքը կը հասնէր օտարին, թարգմանելով եւ թարգմանուելով: 
 
Օտարին մօտ գտնել գիտութիւն, գեղարուեստ, արժէքներ, յառաջդիմելու ազդակներ, սխալ վերաբերում չէ, բայց հոն մնալ, ըլլալ պատանդ, օտարում է: 
Հարազատութեան գիտակցութիւնը երբ կը բացակայի, կ’արդարացուի, նոյնիսկ երբ յառաջդիմութիւն կը համարուի նոյնինքն մտաւորականութեան կողմէ, Յովհաննէս Թումանեանի բրտօրէն իրատես խօսքը կը դառնայ ախտաճանաչում, անոր հետեւող ճամբացոյց, բոլոր անոնց համար որոնք կը հաւատան ազգի տոկալու եւ տեւելու կամքին:
 
Այս հոգեկան-ոգեկան օտարումը արդարացնել վաղուան աճող օտարումներու պիտի առաջնորդէ, եթէ յայտնատեսութեան պահու ազգային խոր եւ հեռանկարային իմաստութիւնը ինքզինք չպարտադրէ: 
Այս օտարումը արտայայտութիւն է նաեւ սփիւռքը յաւերժական համարելու, այսինքն՝ հայրենադարձութենէ հրաժարելու ապիկարութեան, որ ցեցի պէս կը նստի հոգիներու մէջ, այդպէս են շատեր, զանոնք դարձնելով «ծագումով հայեր», քաջ գիտնալով, որ այդ «ծագումով»ն ալ կուլ պիտի երթայ պատմութեան մողոքին:
 
Ի՞նչ ընել, եւ ինչպէ՞ս, նախ լսելու համար Յովհաննէս Թումանեանի ահազանգային դատումը, որ կը յիշեցնէ, ինչպէս կ’ըսէ Շէքսփիր, թէ «փտած բան մը Դանիոյ թագաւորութեան մէջ»: Փտածութիւն, «կոռուպցիա»՝ որուն մասին կը խօսինք, բայց չենք խօսիր բազմադէմ «հոգեւոր կոռուպցիա»յի մասին:
 
Թէեւ խօսող եւ գրող ալ ըլլայ, լսող չկայ, այդպէս է «էսթէպլիշմընթ»ներու կարծր եւ անթափանց պատեանը:
 
Եւ եզրակացնելու համար կրկին դիմենք Յովհաննէս Թումանեանի, որուն խօսքը կրնայ տիրացուական թուիլ «էսթէպլիշմընթներ»ուն, որոնք ազգային, քաղա-քական, մշակութային եւ գաղափարախօսական աշխարհի ճահճացումը ընդունած են եւ իրենց փառասիրութիւններու զբօսանաւերը հոն խարսխած:
 
Յովհաննէս Թումանեան կ’ըսէ.
…խօսքի ընդունակ մարդիկ մարդիկ պէտք է խօսեն մեր ժողովրդի, մեր երիտասարդութեան, մեր ինտելիգենցիայի հետ: Խօսեն՝ ոչ թէ ճառեր՝ նրանց զգացմունքները յուզելու համար, այլ խաղաղ, օբյեկտիւ, գիտական, քննադատական լուրջ վերլուծումներով ու խորասուզումներով տանեն դէպի ազգային պայծառ ինքնաճանաչողութիւնը եւ ընդհանուր զարգացման ընդարձակ հորիզոններ բաց անեն: (Գրական երեկոներ):
Յովհաննէս Թումանեանի այս միտքերը,- այդպէս է գիրքին անունը՝ «Մտքեր» -, կը գտնուին 2011-ին Երեւան լոյս տեսած հատորի մը մէջ, Արեւելք-Արեւմուտք մատենաշար: Հայ զբօսաշրջիկը, եթէ այցելէ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը, կամ անոր ծննդավայր Լոռիի Դսեղ գիւղի տուն-թանգարանը, կրնայ գտնել գիրքը, եւ իմաստանալ՝ երբեմն դարձնելով անոր էջերը:
 
Միշտ հաւատացած եմ որ ժողովուրդներու մեծերու խօսքերը իսկական դրոցներ են ազգային ինքնութեան կերտման՝ այս պարագային հայու եւ ազգային առաջնորդութեան համար՝ զոր կը կոչենք ղեկավարութիւն: «Էսթէպլիշմընթ»ը հարազատ ղեկավարութիւն չէ, անոր կեղն է:
Եթէ մէկ ժողով պակաս ընենք, մէկ ընդունելութենէ բացակայ ըլլանք եւ Յովհաննէս Թումանեանի «ՄՏՔԵՐ» հատորը թերթատենք, թերեւս մեր վաղը այսօրուընէ լաւ կ’ըլլայ: Եւ «էսթէպլըշմընթ»ը կը դադրի դիմակաւոր անփոխարինելիներու ընկերակցութիւն ըլլալէ:
 
Արգիլուած չէ երազել: Հաւատալ՝ ժողովուրդի ողջախոհութեան, որ կրնայ յայտնուիլ այնպէս՝ ինչպէս վտիտ տունկը՝ որ կը ճեղքէ հողը…
Ամերիկան քուէարկեց «ճիշդ մտածողներու» եւ «ժառանգական-ընտանեկան ընտրանի»ի դէմ, որ արտայայտութիւնն է անտեսման մերժումի եւ յորդած բաժակի:
 
Օրինակելի՝ լսելէ ետք իմաստուն եւ ընդվզած հողէն սնած հայրենասէր Յովհաննէս Թումանեանը:
 
Յ. Պալեան, 12 նոյեմբեր 2016, Նուազի-լը-Կրան, Ֆրանսա
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն