ՊԷՏՔ Է ԼՍԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔՆԵՐՈՒ ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԸՍՏ ԱՅՆՄ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄՏԱԾԵԼ


ՊԷՏՔ Է ԼՍԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔՆԵՐՈՒ ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԸՍՏ ԱՅՆՄ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄՏԱԾԵԼ

  • 23-11-2016 17:54:14   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

 
Տօնակատարութիւններու, զիրար հրմշտկող ամեակներու, տարեդարձներու, համաժողովներու, խորհրդաժողովներու, պաշտօնական այցելութիւններու, ընդունելութիւններու եւ յայտարարութիւններու հրավառութիւններէն պահ հեռանալով հարկ է լսել հայերը:
 
Հայերը, շարքայիննները, Երեւանի կեդրոնէն անդին գտնուողները, մեծ եւ պզտիկ «էսթէպլիշմընթ»ներու ցուցակատախտակէն բացակաները, նաեւ անդին՝ գիրով ու խօսքով քաղաքականութիւն բեմադրելու ինքնագոհութեամբ հայրենասիրութիւն-մշակութասիրութիւն քարոզողներէն:
 
Այս «լսելու» ճիգը պէտք է ընեն ազգի իրաւ առաջնորդները, ոչ անոնք որոնք իրենց ինքնագոհութեան աշտարակին վրայ կանգնած ծակ-պտուկ երեւելիութեամբ կամ «մեսիա»յի իրենց խօսք ու պարեգօտով կը գինովնան: Նաեւ այս դասը պէտք է լսել երբ բեմահարթակի վրայ չեն: Պէտք է լսել «մտերիմ» շրջանակներու մէջ եւ լսուածները փռել հրապարակի վրայ: Այդ «լսուածներ»ուն  մէջ կը գտնուին հայրենակերտման եւ հայրենաքանդման հակասական տարրերը՝ միաժամանակ, որոնց գիտակցումը ազգային անխարդախ յանձնառութեան կրնայ առաջնորդել:
 
Սփիւռքի հայը վարժուած է «հայրենասէր» ըլլալ, այդ հայրենասիրութիւնը բախտաւոր պարագային կ’ապրի բարեսիրութեամբ, զբօսաշրջութեամբ, հայրենահանուածի իր հոգեկան բարդոյթները մեղմելու համար կը գնէ բնակարան՝ որուն դուռն ու պատուհանները տարուան տասնըմէկ ամիսներուն փակ կը մնան: Անկեղծութեան պահու մը կ’ըսեն, թէ իրենք «Հայաստան չեն կրնար ապրիլ», քանի որ երկիրը զարգացած չէ, հիւանդանոցները լաւ չեն, որ Հայաստան «երրորդ աշխարհ»ի երկիր է, դուրսը ընտանեկան կապեր կան, աշխատանք չեն կրնար ունենալ:
 
Հայուն հայրենասիրութիւնը գինեսեղանի եւ բաժակաճառի սահմանէն անդին չ’անցնիր, եթէ հայրենատիրութիւն չէ: Ի վերջոյ ինչպէ՞ս պիտի սահմանուի հայութիւնը: Ազգային հարազատութեան ի՞նչ բովանդակութիւն ունի հայրենասիրութիւնը երբ բացակայ է հայրենատիրութիւնը: Ի՞նչ կը վերաբերի «սիրելու», զմայլանք պատճառող եդեմական վայրեր եւ երկիրներ կան, Քափրի կամ Հալոնկի ծոցը, Թահիթի կամ Փունթա տէլ Էսթէ, Ֆլորիտա կամ Աքափուլքօ, անոնք պանդոկ են, իսկ Շաւարշ Միսաքեանի խօսքով, «Հայրենիքը պանդոկ չէ»:
Արատագաղթող-հայրենալքողը եւ հայրենասէր-չհայրենադարձողը հաւասարապէս կը գտնուին հակահայրենատիրական հարթութեան վրայ: Ազգի ամբողջացումը, վերականգնումը, ինչպէս կ’ըսուի՝ հզօրացումը, մէկութեան իսկական նուաճումը, յիշուած զոյգ հակասութիւններու յաղթահարման մէջ պէտք է տեսնել: Հայաստանը սպառողական ընկերութեան դրախտը չէ, որպէսզի բարօրութեան երազանքով քաղաքացիներու հայրենասիրութեան գոհացում տայ:
 
Հայաստանը հայրենիք է:
 
Ան կ’ըլլայ այն՝ ինչ որ կ’ընէ հայրենատէրը:
 
Եթէ հայաստանցին եւ սփիւռքներու զբօսաշրջիկի հոգեբանութեամբ հայրենա-սէրները կը խորհին, որ արեւադարձային երկիրներու հեշտանքի պատկերով աշխարհ մը պիտի տրուի, որպէսզի անկէ չհեռանան եւ հոն վերադառնան, հրաժարած կ’ըլլան պատասխանատուութենէ եւ ինքնութենէ:
 
Ինքնութենէ:
 
Հայրենահանուածներու եւ արտագաղթող-հայրենալքողներու սփիւռքները, վաղ թէ ուշ, հայութեան ազգային ինքնութեան գերեզմաններ են, իսկ ճառերը եւ շաբաթավերջի խրախճանքները, ընտանեկան թէ հաւաքական, օդ կը տեղափոխեն, երբ հայրենադարձութիւնը օրակարգ չէ, քանի որ սփիւռքները հանգրուան են ապահայացման:
 
«Հայաստան ապրուելիք տեղ չէ», «Հայաստան չեմ կրնար ապրիլ»…
 
Հայաստան եւ սփիւռքներ այս միտքերը համաճարակի պէս կը շրջին եւ կը կրկնուին որպէս իմաստուն դատաւորի խօսքեր:
Այս խօսքերուն հետեւանքը եթէ զանգուածային տարողութեամբ այսօր «հայութենէ հրաժարում» չէ, ան յառաջիկայ տասնամեակներուն տարերային կերպով այդ պիտի ըլլայ, փոքրացնելով եւ խեղճացնելով նոյնիսկ «հայրենաէրներ»ու շրջանակը:
 
Մարդորսական նպատակներով, մարդ չխրտչեցնելու ճապկումներով, եղածը փրկելու քաղաքական հոսհոսութեամբ, այս հարցը դադրած է հրապարակախօսութեան առարկայ ըլլալէ, Հայաստանի եւ սփիւռքներու ղեկավարութիւններուն մտատանջութիւն պատճառելէ, կազմակերպուած եւ զանգուածային հայրենադարձութիւն կազմակերպելէ, որ ազգային գոյատեւման առանցքային խնդիրը պէտք է ըլլայ:
 
Խօսքը տասնեակներու չի վերաբերիր:
 
Ինչպէ՞ս ներշնչել հաայրենատիրութեան բարձրամակարդակ գիտակցութիւնը եւ ինչպէ՞ս իրականացնել: «Արի տուն», «դէպի երկիր», «ամառնային բանակումներ» այլ բան չեն եթէ ոչ «տուրիստական» անհեռանկար իրարանցումներ: Անոնք ի՞նչ նպաստ բերած են ցարդ երգուած Հայաստանի եւ հերոսական Արցախի բնակեցման: Այդ բոլորը բժշկութեան մէջ ծանօթ «փլասեպօ» (placebo) դեղերն են, այսինքն հիմնախնդրի դարման չեն:
 
Հայաստանը դրախտ չէ: Պատասխանատուութիւնը այդ գիտակցութենէն մեկնած ազգային քաղաքականութեան մշակումն է, որպէսզի Հայաստան դառնայ «բարեկարգ» երկիր: Երեւան կառուցուող տարածքներու եզերքին դրուած պաստառներու վրայ գրուած է՝ «Աւելի բարեկարգ Երեւան»: Ինչո՞ւ համայն հայութիւնը եւ Հայաստան օրակարգ պիտի չդարձնեն «Աւելի բարեկարգ Հայաստան ստեղծել՝ միասնական ներկայութեամբ եւ ճիգերով»: 
 
Սփիւռքները պիտի սպասե՞ն, որ «աւելի բարեկարգ Հայաստան մը ըլլայ» որպէսզի հայրենադարձութիւն ըլլայ: Այդ սպասումը յոռեգոյն քաղքենիական ինքնասիրութիւնն է:
 
«Աւելի բարեկարգ Հայաստան»՝ որ հրաշքով պիտի չստեղծուի, որ միայն հայրենաբնակի պատասխանատուութիւն չէ:
 
«Աւելի բարեկարգ Հայաստան»ի եւ «հայրենատիրութեան» կենսագործման համար զանգուածներուն պէտք է ներշնչել ազգային հիմնական եւ հիմնարար գաղափարախօսութիւն:
Ոմանք այդ կ’ապրին առանց ճառերու սպասած ըլլալու, ինչպէս Արարատեան դաշտի գիւղին մէջ հաստատուած ութսուն տարեկան մարսիլիացի հայ կինը, որ քուէտուփերու կը հսկէ եւ բանակի զինուորներուն կապոցներով տաք հագուստ կը ղրկէ, կամ Պէյրութցի երիտասարդը՝ որ Արցախի վանգաւոր համարուող Իշխանաձոր վայրին մէջ, իր բառերով՝ «յիսուն տէօնիւմ հող գնած է» եւ հոն տնտեսութիւն պիտի ստեղծէ եւ ապրի:
 
Ասոնք պերճ հիւրանոցներ չեն իջեւանիր, խորհրդաժողներու եւ համաժողովներու աստղեր չեն:
 
Հայրէնատէր են:
 
Հայաստան եւ սփիւռքներ, բարեսիրականէ եւ զբօսաշրջայինէ հեռանալով, հայրենատիրութեան քաղաքականութիւն ունի՞ն, ոչ թէ խօսքով, այլ նաեւ անձի օրինակով: Որո՞ւ ուղղել հարցումը: Ո՞վ պիտի պատասխանէ:
 
Ինչպէ՞ս հասկնալ եւ հասկցնել, որ հեռու լերան վրայ վառած մոմի լոյսով ազգ չի ջերմանար:
 
Եթէ այդ հասկնանք, կեղծամները կը վերցուին եւ շպարային (կոսմետիկ) ծեծեքումներուն վերջ կը տրուի:
 
Ի՞նչ ընել, որպէսզի, պղպջակային եւ ոտքի քնացնող խօսքերէ անդին, հայրենատիրութիւնը դառնայ աշխատանքային օրակարգ:
Հայրենիքի եւ մեր ինքնութեան պաշտպանութիւնը այդ օրակարգի նկատմամբ ստանձնուած յանձնառութիւնն է:
 
Յ. Պալեան,
22 նոյեմբեր 2016,
Քուինզ, Նիւ Եորք
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն