Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը ՄԻԵԱ-ին դիմած է


Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը ՄԻԵԱ-ին դիմած է

  • 07-12-2016 15:49:57   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դիմումին մերժումէն ետք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը ներկայիս դիմած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին (ՄԻԵԱ): Այս մասին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Դեկտեմբեր 5-ի երեկոյեան անձամբ յայտարարած է «Կիլիկիա-TV»-էն: 
 
Ան տեղեկացուցած է նաեւ որ Դեկտեմբեր 7-ին Պրիւսէլի մէջ մամլոյ ասուլիս տեղի պիտի ունենայ, որուն պիտի մասնակցին Սիսի դատական գործընթացին մասնակցած իրաւաբանական մարմինի անդամները եւս:
“Սիրելի ժողովուրդ, Հայոց այս դատը միայն Անթիլիասի դատը չէ, այլ հայ ժողովուրդի դատն է, եւ մենք այս գիտակցութեամբ ճամբայ ելանք ու պիտի շարունակենք այս իրաւական ընթացքը։ Մենք պէտք է շարունակենք Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը եւ ազգային բոլոր կազմակերպութիւններով ու մարմիններով իրաւական դաշտ մուտք գործենք։ Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք”, յայտարարած է Արամ Ա.:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը Ապրիլ 28-ին, Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին դիմած էր` պահանջելով Սիսի իր պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը: Որոշած էր, որ այդ դիմումի մերժուելու պարագային՝ զայն պիտի փոխադրէ ՄԻԵԱ, ինչ որ ըրած է:
 
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը, որ կը գտնուի պատմական Կիլիկեան թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ, թրքական կառավարութեան կողմէ գրաւուած է Հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ: 1921-ին օսմանեան կառավարութիւնը երկու օր ժամանակ տուած է Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին` Կաթողիկոսարանէն վերջնապէս հեռանալու համար:
Ան, իր հետ առնելէ ետք կրօնական եւ մշակութային թանկագին գանձեր (ձեռագիր, հնատիպ, ծիսական սպասներ, միւռոնի կաթսան), իր փոքրաթիւ միաբանութեան հետ բռնած է գաղթի ճամբան: Վեհափառը յաջորդաբար հաստատուած է Երուսաղէմ, Հալէպ, Դամասկոս, Կիպրոս եւ հուսկ՝ 1930-ին Անթիլիաս
 
ՆՅ
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը