Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան Պէյրութի մէջ պիտի վարէ հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ մանկավարժական կազմաւորումի դասընթացքներ


Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան Պէյրութի մէջ պիտի վարէ հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ մանկավարժական կազմաւորումի դասընթացքներ

  • 30-04-2011 20:01:16   | Լիբանան  |  Հայտարարություններ
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք լիբանանահայ մանկավարժական հանրութեան ներկայացուցիչներուն եւ ծնողներուն, որ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի հրաւէրով հայրենի մանկավարժ Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան ժամանեց Պէյրութ` Լիբանանահայ մանկապարտէզներու եւ տարրական դասարաններու մանկավարժներուն ուղղուած Հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ մանկավարժական կազմաւորումի վերաբերեալ դասընթացքներ վարելու նպատակով: Փրոֆ. Կիւլամիրեան Պէյրութ պիտի գտնուի ամբողջ Մայիս ամիսը: Այցելութեան առիթով, ան նաեւ լիբանանահայ ծնողներու համար պիտի ներկայացնէ մանուկներու հոգեբանութեան վերաբերեալ ընդհանուր դասախօսութիւններ: Դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան դասախօս է Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի մանկավարժական ամբիոնի, հեղինակ է աւելի քան 200 գիրքերու, գիտամեթոտական յօդուածներու, մեթոտական ձեռնարկներու եւ դասագիրքերու: Ան շուրջ 10 ծրագիրներ եւ դասագիրքեր ստեղծած է սփիւռքահայ դպրոցներու տարրական դասարաններու մայրենի լեզուի դասընթացքի համար, ինչպէս նաեւ վարած է ուսուցիչներու կազմաւորման կարճաժամկէտ թէ երկարաժամկէտ դասընթացքներ` Շարժայի, Հալէպի, Թեհրանի եւ Քուէյթի մէջ: Հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ մանկավարժական կազմաւորումի դասընթացքներու այս ծրագիրը կը վայելէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին բարձր հովանաւորութիւնը եւ կ’իրականացուի Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ: Անիկա տեղի կ’ունենայ Հայաստանի կրթական նախարարութեան եւ է Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի գործակցութեամբ, եւ օժանդակութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան, Գ. Հարպոյեան եւ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարաններուն: Այս ծրագիրը կը բխի ի սպաս հայ աշակերտներուն հայերէնի ուսուցման եղանակները զարգացնելու նկատմամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին եւ անոր կրթական մարմիններուն յանձնառութենէն, ինչպէս նաեւ հայ մանկավարժներուն մասնագիտական օգնութիւն տրամադրելու անոնց պատրաստակամութենէն: Ծրագրին վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակէն, հեռաձայն` 01 570 559, 70 857 427, naregatsi@armeniancatholic.org Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոն 29 Ապրիլ, 2011 Պէյրութ-Լիբանան
Նոյյան տապան  -   Հայտարարություններ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play