Ոճրագործ Պետութիւնը.Այսօր կը նշենք Հրանդ Տինքի մահուան տասնամեակը


Ոճրագործ Պետութիւնը.Այսօր կը նշենք Հրանդ Տինքի մահուան տասնամեակը

  • 19-01-2017 13:26:16   | ԱՄՆ  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Համոզուած եմ, որ աշխարհի բոլոր պետութիւնները օժտուած են մարդասպանութեան, ոճրագործութեան յատկութեամբ: Իւրաքանչիւր պետական համակարգ, բացի պատերազմներ հռչակելէն ու մահապատիժներ վճռելէն, ունի մարդասպանութեան զարտուղի եղանակներ կամ միջոցներ: Ունի այդ առումով աշխատելու համար պատրաստուած կազմեր: Ամենաժողովրդավարականէն մինչեւ ամենաբռնակալը, բոլո՛ր վարչակազմերը, կարիքը զգացած պահուն կը պաշտօնակոչեն այդ կազմերը:
 
Ուրեմն, բոլոր պետութիւնները ոճրագործ յատկութիւն մը ունենալով հանդերձ, խիստ սակաւաթիւ են «ոճրագործ պետութիւն» բառակապակցութեան արժանացողները: Այդ կոչումին կ՛արժանանան միայն այն պետութիւնները, որոնք հպարտօրէն կ՛իւրացնեն՝ «Եթէ խնդրոյ առարկայ եղածը հայրենիքն է, մնացեալը մանրամասնութիւն է» կարգախօսը: Յիշենք, որ անծայրածիր շտեմարան մըն է այդ «մանրամասնութիւն» բառին բովանդակութիւնը: Յետոյ, այդ կոչումը արդարացնելու համար, անհրաժեշտ է հին՝ առնուազն հարիւրամեայ անցեալով հսկայ եւ յարատեւ աւանդութիւն մը ունենալ… Եւ մանաւանդ, դոյզն իսկ խղճի խայթ զգալ պէտք չէ՝ ոճրագործ պետութիւն անունը արդարացնելու համար:
 
Եթէ մակերեսային ակնարկով մը իսկ դիտենք Թուրքիոյ հարիւր տարուան պատմութիւնը, ապա նախ պիտի տեսնենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ այս հողերուն վրայ նոր ժամանակներու մեծագոյն ոճիրն է: 1914-1922 թուականներուն միջեւ բազում մարդասպանութիւններ կատարուեցան՝ պետական որոշ ծրագիրի մը համաձայն: Այդ տարիները կը բնորոշեն նաեւ Թուրքիոյ հանրապետութեան բեղմնաւորման շրջանը:
 
1923ին հիմնուած նորակազմ հանրապետութիւնը, որ մեծ ջերմեռանդութեամբ դիմաւորուած էր արեւմտեան սատանայական բարձր դիւանագիտութեան կողմէ, վայելեց անպատժելիութեան փաղաքշանքը եւ ամենակարճ ժամանակի մէջ գործադրեց ցեղասպանութեան՝ աւելի նեղ աշխարհագրական հատուածի մը մէջ կրկնութիւնը: Բազմահազար ժողովուրդ սպաննուեցաւ Տերսիմի լեռնաշխարհին վրայ, վերապրողները պարտադիր գաղթի ենթարկուեցան, իսկ ծնողազուրկ մնացած երեխաները յանձնուեցան օտարներու: Եթէ շարունակենք արիւնով յագեցած այս աշխարհագրութեան վրայ մեր ուղեւորութիւնը, պիտի հանդիպինք Մարաշի կոտորածին: Այս անգամ ալ կրօնական խտրականութիւնը դերակատար էր. աշխարհի ամենախաղաղ հաւատքը համարուող ալաուիները երեք օր շարունակ հալածուեցան իրենք զիրենք երկրին տէրն ու տիրականը համարող խուժանին կողմէ: Այդ բեմադրութիւնը գրեթէ նոյնութեամբ կրկնուեցաւ Չորումի մէջ:
 
Ո՞վ կրնայ մոռնալ Սեբաստիոյ մէջ 34 ալաուի մտաւորականներու՝ օր ցերեկով հրկիզման պատկերը:
 
Անոնք, որոնք չեն մոռցած, ամէն Շաբաթ կէսօրին կը մէկտեղուին Կալաթասարայի հրապարակը եւ 1915էն այս կողմ պետութեան կողմէ սպաննուածներուն լուսանկարները պարզելով՝ արդարութիւն կը պահանջեն: Արդարութի՛ւն՝ շիրիմ չունեցողներուն համար, արդարութի՛ւն՝ Հասան Օճաքին, արդարութի՛ւն՝ Ճեմիլ Քըրպայըրին, արդարութի՛ւն՝ Էրտալ Էրենի համար, եւ այսպէս, հազարաւորներու, տասը հազարաւորներու, հարիւր հազարաւորներու, նաեւ միլիոններու համար:
 
Այսօր կը նշենք Հրանդ Տինքի մահուան տասնամեակը: Կը նշենք վիպագիր Սապահաթթին Ալիի հետ, լրագրող Մեթին Կէօքթեփէյի ու փաստաբան Թահիր Էլչիի հետ: 24 Ապրիլի բիւրաւոր նահատակներուն հետ կը յիշենք Հրանդ Տինքը եւ կը խոստանանք վերջ ի վերջոյ կործանե՛լ ոճրագործ պետութիւնը:
 
 
 
*ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ՝ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր: «Ակօս»ը հիմնադրուած է թուրք ցեղապաշտ ոճրագործի ձեռամբ նահատակուած Հրանդ Տինքի կողմէ, որուն եղերական մահուան տասնամեակը կը նշուի այս օրերուն, աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ:
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը