Դանիոյ Խորհրդարանը Պիտի Քննէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը
19-01-2017 13:47:57 | ԱՄՆ | Ի՞նչ է գրում մամուլը
Հինգշաբթի, Յունուար 19ին, Դանիոյ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւ մը։
Բանաձեւը խորհրդարանի օրակարգ բերուած է ընկերվարականներու եւ կենսոլորտի պաշտպանութեան կազմած «Միասնութեան ցանկ», ինչպէս նաեւ «Ազատական դաշինք» եւ «Այլընտրանք» կուսակցութիւններուն կողմէ՝ Դանիոյ հայ համայնքին ջանքերով:
Ըստ թրքական «Միլլիյէ»չ թերթի կայքին՝ Դանիոյ թրքական կազմակերպութիւնները արդէն իսկ լայնածաւալ արշաւի մը սկսած են, այս նախաձեռնութիւնը տապալելու նպատակով: Կը նշուի, որ թուրքերը Դանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներուն ու լրատուամիջոցներուն նամակներ կ՛ուղարկեն՝ փորձելով զանոնք համոզել, թէ իրականութեան մէջ ոչ թէ թուրքերը հայեր ջարդած են, այլ՝ հակառակը: