Խօսքի ազատութիւն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչում


Խօսքի ազատութիւն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչում

  • 01-02-2017 13:44:37   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Անցեալ երկու շաբաթներուն տեղի ունեցան զանազան իրադարձութիւններ, որոնք մօտէն առընչուած էին Ցեղասպանութեան։ Նախ, «Քաղաքացիութիւն եւ հաւասարութիւն» օրէնքի կարգ մը տրամադրութիւններու, ի մասնաւորի Ցեղասպանութիւններու ժխտումի բաժնին՝ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ մերժումը։
 
Ապա նաեւ՝ Դանիոյ խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան բանաձեւին որդեգրումը, որ Ֆրաանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին նման՝ մասնաւոր կերպով շեշտը կը դնէր խօսքի ազատութիւնը չկաշկանդելու հանգամանքին վրայ։ Եւ անշուշտ, Տինքի սպանութեան տարելիցի բազմաթիւ հաւաքները։
 
Այս բոլորին մէջ իր եզակի նշանակութիւնը ունեցաւ Կարօ Փայլանի ճակատամարտը թրքական խորհրդարանէն ներս։ Ինչպէս որ անցեալին Հրանդ Տինք՝ մամուլի միջոցով պատմական եղելութիւններուն մասին աշխարհականութեան, խօսքի եւ մամուլի ազատութեան օրէնքներու ծիրէն ներս, հայութեան խեղդուած ձայնը լսելի դարձուց, այսօր ալ Փայլան, իր խորհրդարանական պարտականութեան ծիրէն ներս, եւ իբր յանձնառու քաղաքացի, շատ քաղաքավարի, խօսքի ազատութեան սահմաններուն մէջ, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամներուն կը յիշեցնէ, կը թելադրէ, կը բացատրէ, կը պահանջէ, եթէ պէտք ըլլայ մինչեւ իսկ դատարան կը դիմէ եւ կը բողոքէ Թուրքիոյ նախագահին եւ կառավարութեան անդամներուն կամ քաղաքական դէմքերուն կողմէ հայութեան կամ փոքրամասնութիւններու հասցէին կատարուած ցեղապաշտական, խտրական, նուաստացուցիչ արտայայտութիւններուն դէմ։ 
Թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ իր ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը հայութեան հանդէպ. դար մըն է բան չէ փոխուած։ Այն պատճառաբանութիւնը թէ՝ եթէ անցեալին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած ըլլար, հրէականը չէր գործուեր՝ հասկնալի է։ Սակայն ի՞նչ ըսել այսօրուան իրավիճակին մասին՝ երբ նոր-օսմանականութիւնը արմատներ կ՚արձակէ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ, Քիւրտերու, Ալեւիներու, թաքնուած Հայերու եւ քրիստոնեաներու արեան գնով։ Ցեղապաշտութիւն, իսլամապաշտութիւն, թրքապաշտ ազգայնականութիւն կը թոյլատրեն պետական ոճրագործութեան ամբողջ զինանոցը գործածելու, վերահաստատելու համար ցեղապաշտ կրօնական վարչակարգ մը։
Եւրոպական կառավարութիւններու եւ խորհրդարաններու որոշումին դիմաց կան Թուրքիոյ կառավարութեան եւ խորհրդարանի որոշումները։ Եւրոպական պետութիւնները Ցեղասպանութիւնը ընդունին կամ չընդունին, անոնց որոշումները գործնական գետնի վրայ ի՞նչ կշիռք կրնան ունենալ թրքական պետութեան հալածանքներուն ու սպանդներուն դիմաց։ Դար մը առաջ, 1915-1923 թուականներուն, արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներ դատապարտած են Օսմանեան կայսրութեան եւ Թրքական պետութեան ոճիրները, եղեռնը։ Ի՞նչ եղած է արդիւնքը։ Եւ հարիւր տարի ետք որեւէ բան փոխու՞ած է։ Այսօրուան թրքական պետութիւնը նոյնքան եղեռնագործ է, որքան՝ անցեալինը։ Սակայն, մէկ բան կայ փոխուած՝ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւն կամ չճանչցած, բոլորն ալ կը քծնին Թուրքիոյ դիմաց։
Անկասկած յարգելի են եւ անհերքելի՝ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի եւ Դանիոյ խորհրդարանի որոշումները, որոնք կը միտին պաշտպանելու իրենց երկրին մէջ խօսքի ազատութիւնը, մինչ կը մերժեն ճանչնալ Հայոց Մեծ եղեռնը։ Բայց Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ խնդրոյ առարկան ժողովուրդի մը ապրելու ազատութիւնն է, որ կը խափանուի։ Եւ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պատմական ճշմարտութիւնը ճանչնալէ անդին, նոր ցեղասպանութիւններու, քաղաքներու քանդումի մասին խօսքը ազատագրելու պիտի ծառայէր։ Ինչպէս, Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս Փայլանի նման հեղինակաւոր անձեր՝ խօսքի ազատութիւնը կը ծառայեցնեն քաղաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Ունի այժմէական տարողութիւն։
 
Ժ.Չ. ■
«ՆՅ» 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը