Ռուս-իրանական-հեռացո՞ւմ


Ռուս-իրանական-հեռացո՞ւմ

  • 03-02-2017 07:06:23   | ԱՄՆ  |  Քաղաքական

 
Ամերիկեան – Իրանեան յարաբերութիւններու վերջին զարգացումները, Իրանեան կողմի  զինուորական վերջին փորձարկումներուն վերաբերեալ, ցոյց կու տան, թէ վերջին շրջանին անոնց միջեւ կնքուած Հիւլէական թղթածրարի համաձայնութեան յառաջացուցած կարճատեւ մեղրալուսինը իր աւարտին հասած է: Այնպէս կը թուի, որ Ռուս – Իրանեան յարաբերութիւններն ալ իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ չեն գտնուիր:
 
Այս մէկը եկաւ հաստատելու այն իրողութիւնը, որ սուրիական հարցով ռուսական կողմի վերջին որոշումները ի նպաստ են ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփի կեցուածքին, բան մը որ այնքան ալ Իրանին ձեռնտու չէ: :
 
Իսկ եթէ յառաջիկայ օրերուն Ռուսիա բացէ ի բաց կողմնակից ըլլայ Թրամփի այն միտքին, թէ Սուրիոյ տարածքին պէտք է ստեղծել ապահովական գօտի մը, ապա Իրան բնաւ գոհ պիտի չմնայ:
 
Նման դժգոհութիւն մը ինչպէ՞ս պիտի արտայայտուի չեմ գիտեր, սակայն մէկ բան վտանգաւոր պիտի դառնայ այս պարագային. սուրիական հարցի լուծման կիսափայլուն հեռանկարը դարձեալ պիտի ամպոտի ցնոր տնօրինում…:
 
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՌԱԿ մամուլ
 
Նոյյան տապան  -   Քաղաքական