7 Երկիրներու Ցանկին Ետին Տեսանելի Քաղաքականութիւնը


7 Երկիրներու Ցանկին Ետին Տեսանելի Քաղաքականութիւնը

  • 03-02-2017 07:30:35   | Լիբանան  |  Վերլուծություն

Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահին առաջին քայլերը արդէն վերլուծաբանները կը մղեն ընդգծելու նոր աշխարհակարգի ստեղծման տեսանելիութիւնը: Նոր աշխարհակարգը եթէ մէկ կողմէ կը յատկանշուի երկիրներու միջեւ պատերու կառուցումով, դիւանագիտական  յարաբերութիւններու խզումով, նոր լարուածութիւններով եւ նոր կացութիւններու ստեղծումով, միւս կողմէ այն առաջին երեւութական տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, որ նոր հարթութեան վրայ կը տեղափոխուի բեւեռի մը` Ուաշինկթընի եւ բեւեռացման ձգտող գերուժի մը` Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւններու վերաբնականոնացման միտումներով:
 
Աւելի յստակ եւ ընդհանրացած պատկերով` իսլամոֆոպիայով բնութագրուող նոր խաչակրութիւններու ձեւաւորումով, միւս կողմէ աշխարհին սպառնացող կրօնական անուան տակ կիրարկուող միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու զինուորաքաղաքական սլաքներու միացեալ ճշդումով:
 
Հիմա աշխարհը կեդրոնացած է Ուաշինկթընի ճշդած եօթը երկիրներէ գաղթականներ Ամերիկա չընդունելու որոշման գործնականացման քայլերուն վրայ: Գործընթացի իրաւական կասեցումը բաւարար չէ եղած հանդարտեցնելու համատարած անհանգստութիւնն ու բողոքի ալիքը:
 
Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ առնուած քայլերը համահունչ են Թրամփի նախընտրական ճառերուն առիթով յայտարարուած ընդհանուր ուղղութեան:
 
Նման երկիրներու մէջ համոզում է, որ քաղաքական ծրագիրները, նախընտրական յայտարարութիւնները, խոստումները անհատական բնոյթ չեն ունենար: Որքան ալ որ նոր նախագահը ներկայացուի իբրեւ պետական հաստատութիւններն ու կառոյցները շրջանցած եւ գործարար շրջանակէ ուղղակի նախագահական աթոռին ոստում կատարած անձ, այնուամենայնիւ միամտութիւն պիտի ըլլար մտածելը, որ Թրամփի ետին չէ գործած ու չի գործեր ամերիկեան վարչարարութիւնը, որ կը թուի, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին-ներքին քաղաքականութիւններու փոփոխութեան շրջադարձ կատարելու որոշումը տուած էր: Մնացեալը, անձի ընտրութիւնը եւ այդ անձը միջոց ծառայեցնելով շրջադարձ ապահովելու քաղաքականութիւնը պետական ձեռագիր ունի եւ այստեղ Թրամփը պարզապէս խօսափողի, երեւցող դէմքի դեր վերցնողն է, թէկուզ ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ:
 
Այն վարչարարութիւնը, որ ընտրել տուաւ նման անձնաւորութիւն, կանխատեսելի կը դարձնէր նաեւ հետագայ քաղաքականութիւնը: Անկանխատեսելի կերպարի ճամբով տեսանելի քաղաքականութիւն մը:
 
Կեդրոնանանք եօթը երկիրներու երեւոյթին վրայ` այնտեղ նկատելու համար կրօնական երեսը եւ ահաբեկչութիւնը իրարմէ անջատել-չանջատելու հակասութիւնները: Եթէ ընդհանուր իսլամոֆոպիայի պարունակին մէջ փորձենք պարզունակ հայեացքով դիտարկել երեւոյթը, ապա պիտի նկատենք, որ եօթն այդ պարագային շատ անբաւարար թիւ է, եւ նշուած երկիրներէն շատ աւելի կրօնական ծայրայեղութեամբ հանդէս եկող երկիրներ ու պետութիւններ կան այսօր ամէնէն բացայայտ ձեւով: Իսկ եթէ պահ մը վերադառնանք Թրամփի յստակացումներուն, որ ցանկի կազմութիւնը կրօնական շարժառիթ չունի, այլ նպատակ ունի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութիւնը, այդ պարագային եւս ցանկի հաւաստիութիւնը խիստ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ:
 
Միջազգային, նոյնինքն ամերիկեան հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ եւ վերլուծական կեդրոններ կրօնական ծայրայեղականութեան վրայ հիմնուած ժամանակակից ահաբեկչութեան հետ ուղղակի-անուղղակի կը կապեն երկու գլխաւոր պետութիւն, որոնք կը բացակային Թրամփի յայտարարած ցանկէն: Սէուտական Արաբիան` իբրեւ ամէնէն ծայրայեղ կրօնական օրէնքներով ղեկավարուող երկիր, հոգեւոր սնուցիչ կը նկատուի նմանօրինակ շարժումներու, մինչ Թուրքիան աւելի բացայայտ փաստերով բազմաթիւ կեդրոններու մէջ բնութագրուած է իբրեւ ահաբեկչական խմբակներ ֆինանսաւորող, ապաստան տրամադրող, աջակցող եւ իր սահմաններէն դրացի երկիրներ անարգել անցումը կառավարած երկիր:
 
Խնդիրը ուրեմն, ո՛չ իսլամոֆոպիայի եւ ո՛չ ալ ահաբեկչութիւն հովանաւորող պետութիւններուն  կը վերաբերի: Խնդիրը քաղաքական գործընթացներուն բեւեռի ազդեցութեան ոլորտները պահպանելու եւ ընդարձակելու շարժառիթներուն կ՛առնչուի, որուն կը հետեւի նաեւ ապահովական գօտիներու (իմա՛ ազդեցութեան գօտիներու) ձեւաւորման նպատակով բանակցութիւններու սկիզբը:
 
Թրամփը ընդամէնը երեւցող խօսափող է, միջոց ամերիկեան վարչարարութեան առաջադրած ներքին-արտաքին քաղաքականութիւններու շրջադարձերուն: Ընթացիկ քաղաքականութիւնը արտաքին իմաստով քաոսային վիճակներ ստեղծելով կը յատկանշուի: Նախադրեալներ կան, որ այդ բնութագիրը սկսի օգտագործուիլ  ներքին հասկացողութիւններով եւս:
 
«Ազդակ»
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն