Իզմիրի բանտին մէջ արգիլուած է հայկական «Ակօս» թերթը


Իզմիրի բանտին մէջ արգիլուած է հայկական «Ակօս» թերթը

  • 03-02-2017 07:36:27   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքի բանտին մէջ արգիլուած է հայկական «Ակօս» թերթի տարածումը: Այս մասին յայտնած է բանտարկեալներէն մէկը «Ակօս»-ին ղրկած նամակով, որմէ պարզուած է, որ բացի «Ակօս»-էն` բանտապահները կը խոչընդոտեն ընդդիմադիր քանի մը այլ թերթերու եւս տարածումը բանտարկեալներու մէջ: Այցելութիւններու ընթացքին գիրքերու եւ թերթերու փոխանակումն ալ արգիլուած է: «Ակօս» կը նշէ, որ շաբաթաթերթին մուտքը արգիլուած է Թուրքիոյ խստացուած դրութեամբ քանի մը այլ բանտերու մէջ եւս:

 «Ակօս» 

Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը