Հայ դատը պիտի պաշտպանէ գաղթականներու մուտքը կասեցնող հրահանգէն տուժած հայոց իրաւունքները


Հայ դատը պիտի պաշտպանէ գաղթականներու մուտքը կասեցնող հրահանգէն տուժած հայոց իրաւունքները

  • 03-02-2017 14:34:30   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Յունուար 30-ին յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ գաղթականներու մուտքը կասեցնող նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ անորոշութիւններ ստեղծած հրահանգին կապակցութեամբ։
 
Նկատի ունենալով, որ այդ որոշումին զոհ գացած էին ոչ միայն գաղթականներ, այլ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներ այցելելու արտօնագիր ստացած կամ կեցութեան արտօնագիր ունեցող քաղաքացիներ, Հայ դատը շարունակական կապի մէջ է Գոնկրէսին եւ Սպիտակ տան հետ, ամերիկեան իշխանութիւններէն ստանալու համար այս մասին յաւելեալ յստակացումներ, որոնք համայնքին պիտի փոխանցուին, երբ տրամադրելի ըլլան։
 
Մինչ այդ, Հայ դատը ունի հետեւեալ յանձնարարականները.
1. Անոնք, որոնք Միացեալ Նահանգներու մուտքին կասեցուած են, կամ անոնց ազգականներն ու բարեկամները կրնան դիմել Հայ դատին՝ (202) 775-1918 թիւով կամ travel@anca.org հասցէով։
2. Ամերիկա գտնուող Իրանի, Իրաքի, Եմէնի, Լիպիոյ, Սուրիոյ, Սոմալիի եւ Սուտանի այն քաղաքացիները, որոնք ամերիկեան քաղաքացիութիւն չունին, պէտք չէ՛ Միացեալ Նահանգներէն դուրս ելլեն, վերադարձին կասեցուելու հաւանականութենէն խուսափելու համար։
«Իբրեւ Ամերիկահայեր եւ հպարտ գաղթականներէ բաղկացած համայնք, որուն մէջ կան նաեւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու շառաւիղներ՝ Սուրիայէն, Իրանէն թէ Իրաքէն, խորապէս մտահոգ ենք այս որոշումին եւ անոր պատճառած սահմանափակումներուն հետեւանքներով։ Մեր կարելին պիտի ընենք՝ պաշտպանելու համար այս հրահանգէն տուժած Հայերուն մարդկային եւ օրինական իրաւունքները», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ 
 
ՆՅ
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play