«Ամերիկացի ժողովուրդը աւելի պառակտուած է այսօր քան 1968-էն ետք որեւէ ատեն.Խաչիկ Թէօլէօլեան


«Ամերիկացի ժողովուրդը աւելի պառակտուած է այսօր քան 1968-էն ետք որեւէ ատեն.Խաչիկ Թէօլէօլեան

  • 06-02-2017 18:30:23   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Հեռակայ զրոյց 
Սփիւռքագէտ, «Diaspora» հանդէսի հիմնադիր-խմբագիր 
Խաչիկ Թէօլէօլեանի հետ
Ա.
 
ԱՄՆ-ու նախագահ Թրամփի ընտրութիւնը կը շարունակէ ցնցել միջազգային ընկերային ու քաղաքական շրջանակները։ Ցնցումը զօրաւոր է ու շեշտուած՝ նաեւ ԱՄՆ-ու մէջ։ Դիմեցինք փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանին իբրեւ ամերիկեան քաղաքացի եւ դասախօս անգլիական բաղդատական գրականութեան՝ ԱՄՆ-ու Ուէսլէեան համալսարանին մէջ, ստանալու համար օրուան իրադարձութիւններուն մասին իր տեսակէտը՝ ներսէն, ամերիկահայու աչքով դիտուած. ինչպէս նաեւ այս ծիրէն ներս քննարկելու՝ ԱՄՆու եւ հայ համայնքի ու Հայաստանի փոխյարաբերութիւնները։
***
«Նոր Յառաջ» - Դուք իբրեւ սփիւռքագէտ, համալսարանի դասախօս եւ մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի, ամերիկահայ, ի՞նչ տեսակէտ ունիք ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի քաղաքական որոշումներուն եւ տեսակէտներուն հանդէպ։
 
Խաչիկ Թէօլէօլեան - Ճիշդ է, որ նախագահ Տ. Թրամփի դէմ յատուկ վախ, արհամարհանք եւ նոյնիսկ ատելութիւն գոյութիւն ունի, սակայն այս բոլորը պէտք չէ մոռցնել տան, որ Ամերիկայի ժողովուրդին գոնէ 49 տոկոսը համաձայն է անոր կարծիքներուն։ Աւելի ճիշդ, ոչ մէկուն համար յստակ է, թէ Թրամփ ինչի՞ կը հաւատայ, բայց ան շարք մը կարգախօսներով եւ խոստումներով յաղթեց եւ ուրեմն հաւանաբար պիտի փորձէ որոշ չափով իրականացնել իր տուած խոստումները՝ յատկապէս գաղթականութեան առընչուող հարցերու եւ մօտեցումներու պարագային, քանզի ժողովուրդի կէսին կարծիքով պէտք է անպայման այս խնդիրներուն հանդէպ ցարդ կիրարկուող քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկել։ Նոյնը կարելի է ըսել Չինաստանի հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութեանց մասին։ Ի մէջ այլոց, Թրամփ կ՚ըսէ, թէ Ամերիկայի Արտաքին գործոց նախարարութեան մաս կազմող մասնագէտները երկրին տնտեսական վնաս կը հասցնեն օտար երկիրներու շահերուն ի նպաստ քայլեր առնելով։ Ինք կ՚ըսէ նախ՝ Ամերիկան, յետոյ ուրիշները, կարգախօս մը, որ մեծահամբաւ Չառլզ Լինտպերկ օդաչուէն կու գայ, 1940-1941-ին, երբ վերջինս կը հաստատէր թէ Ամերիկան իր շահերուն մասին պէտք է մտածէ, ոչ թէ՝ Լեհաստանը կամ Ֆրանսան փրկէ Գերմանիայէն։ Ինչպէս ըսի, ժողովուրդին 49 առ հարիւրն ալ այդպէս կը մտածէ։ Բայց իմ կարծիքով այդ չի նշանակեր, որ Ամերիկացիները այլատեաց են։ Այս ըսածներուս կ՚ընկերանայ յորդորանք մը, որ կը հաստատէ, թէ ընդհանրապէս բարեկեցիկ երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու պարտականութիւնն է օգնել, պատասխանատու ըլլալ, ընդունիլ ապաստանեալները։ Ամերիկացի ժողովուրդը աւելի պառակտուած է այսօր քան 1968-էն ետք որեւէ ատեն։
Բայց եւ այնպէս, կը կրկնեմ որ ժողովուրդի շատ կարեւոր հատուածին մէջ գրեթէ բնազդի վերածուած բարկութիւն մը կայ նման բարոյական յորդորանքներու դէմ։ Հասարակ Ամերիկացին ներկայիս կը մերժէ յիշել, թէ իր պետութեան սխալներուն պատճառած իսկական աղէտները, ամենէն աւելի Սատտամական Իրաքի վրայ Պուշի յարձակումին հետեւանքներն են, որոնք այնքան բան քայքայեցին Միջին Արեւելքի մէջ։ Ուրիշ աղէտներ, օրինակ սուրիականը՝ ինք կը վերագրէ Սուրիացիներուն։ Առօրեայ կեանքին մէջ, սուրճի եւ կարկանդակի սեղանին շուրջ ընթացող անպաշտօն խօսակցութիւններուն գլխաւոր են-
թադրեալը այն է, որ կան երկիրներ, որոնք հարցեր կը ստեղծեն իրենք իրենց համար ու կ՚ակնկալեն որ Ամերիկան լուծէ զանոնք։ Երբեմն իրաւացի են - աշխարհի մէջ ամէն անարդարութիւն Միացեալ Նահանգներու պատասխանատւութեան սահմանին մէջ չ՚իյնար, սակայն նաեւ կայ վերլուծումի եւ հասկացողութեան հսկայ բաց մը, որուն պատասխանատւութիւնը կ՚իյնայ թէ՛ լրասփիւռներուն եւ թէ ալ քաղաքական ղեկավարներուն վրայ։ Օրինակ՝ սովորական Ամերիկացին սիւննի-շիի ներքին պայքարը չի հասկնար, 1979-էն ի վեր Ամերիկան ի՞նչ ըրած է Իրանի, Իրաքի, Աֆղանիստանի պարագաներուն, չի յիշեր, նաեւ չ՚ուզեր հասկնալ թէ ի՞նչ կը նշանակէ Իսրայէլին անվարան թիկունք կենալ ու անոր «քարթ պլանշ» տալ եւ ի՞նչ է անոր հետեւանքը։ Եթէ փորձես բացատրել, պարզ Ամերիկացին կտրուկ կ՚ըսէ. «քանի տարի բանակ պիտի պահենք Աֆղանիստանի մէջ, Իրաքի մէջ, հիմա Սուրիա, Եմէն եւ Սոմալի՞ ալ մարդ պիտի ղրկենք։ Մենք ալ քաղաքացիական պատերազմ ունեցանք (ըսել կ՚ուզեմ 1861-65 արիւնալի Հիւսիս-Հարաւ պատերազմը Միացեալ Նահանգներու մէջ), բայց հաշտուեցանք, իրարու հետ եոլա գացինք («We learned to get along»)։ Այս մարդիկ (Միջին արեւելքցին, որուն զանազանութիւնները կարեւոր չեն իրեն) իրարու հետ հաշտուիլ, եոլա երթալ չեն գիտեր»։
Հասարակ Ամերիկացիին կը թուի, որ իր պետութիւնը իր ներքին հարցերով պէտք եղածին չափ չի զբաղիր, այլ կլանուած է համաշխարհային խնդիրներով, զորս ուրիշները կը ստեղծեն եւ ապա կը պահանջեն որ Ամերիկան լուծէ։ Ասոր դէմ զայրոյթ մը կայ եւ ատոր համար ալ Թրամփի կարգախօսը՝ «America first», հիմա մեծ ազդեցութիւն ունի եւ ոմանց համոզիչ կը թուի։ Այլ հարց, որ այս սկզբունքին վրայ նոր որոշումները - ըսենք - յստակ եւ իրատես չեն։
 
«ՆՅ» - Եթէ խօսինք օրինակի համար «Օպամաքէյր»-ի մասին - որ ի վերջոյ թշուառներուն օգտին միջոցառում մըն է - ինչո՞ւ Թրամփ դէմ է այդ որոշումին։
Խ.Թ. - «Օպամաքէյր»-ը եւ նման հարցերը ո՛չ մէկ կապ ունին դուրսի հետ եւ անոնք կարեւոր երկու երեւոյթներու արդիւնք են: Առաջինը այն, որ ժողովուրդին մէկ մասը պարզապէս չի հասկնար թէ իր հարուստ վերնախաւը զինք կը խաբէ եւ թէ ինչպէս բժշկական եւ առողջապահական հարցերու հետ կապուած դրութիւնը կամ եղանակը հարստացուցած է Ամերիկայի հիւանդանոցները, որոշ բժիշկներ եւ յատկապէս դեղագործական մեծ ընկերութիւնները (այս վերջինները միլիառներ կը շահին)։ Երկրորդ՝ «Օպամաքէյր»-ին դէմ բարկութիւնը - ըստ իս - զուտ տգիտութիւն մըն է, որ իր կարգին ունի երկու աղբիւր. նախ նկատի ունենալով որ ժողովուրդին կարեւոր եւ առաւել ցեղապաշտ հատուածը կը կարծէ, թէ անկէ («Օպամաքէյր»էն, սեւամորթ նախագահի մը ծրագրէն) բխած հսկայական հարստութենէն գլխաւորաբար կ՚օգտուին սեւամորթները, ապա նաեւ՝ Ամերիկա նոր հասած գաղթականները, որոնք զուրկ են բժշկական ապահովագրութենէ։ Պէտք է ըսել, թէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գտնուող սպիտակամորթները այսօր բարկացած են ո՛չ միայն դուրսի աշխարհին դէմ, այլ նաեւ սեւամորթներուն եւ ներգաղթողներուն դէմ՝ զուտ ցեղապաշտական դրդապատճառէ մեկնած։ Աւելցնեմ, թէ գաղթականներէն տարեկան քառորդէն կէս միլիոն հոգի անօրէն կերպով ոտք կը դնէ Ամերիկայի հողին վրայ եւ հիւանդութեան պարագային անոնց խնամքի դրամը պետութիւնը կը հայթայթէ։ Այլ խօսքով սպիտակամորթը կը հաւատայ, որ իր տուրքերը կը ծառայեն սեւամորթներու, այլամորթներու (ասիական, լատին ամերիկեան…) եւ ոչ թէ սպիտակամորթ կարիքաւորներու բժշկական հարցերու ապահովութեան: Թէեւ որոշ սահմանամերձ նահանգներու ինչպէս օրինակ՝ Արիզոնայի եւ Թեքսասի մէջ, այս տեսակէտէն անոնց կեցուածքը որոշ չափով հասկնալի է, քանի որ ապօրինի ներգաղթողներու առողջապահական, ուսումնական եւ ընկերային բեռը անհաւասար չափով անոնք կը կրեն։ Բայց եւ այնպէս, ընդհանուր առմամբ կոյր ու կոպիտ ցեղապաշտութիւնն է, որ անարդար ու անհանդուրժելի է, որովհետեւ «Օպամաքէյր»-ի դէմ ըմբոստանալով՝ Ամերիկացիները նախ եւ առաջ իրենք իրենց կը վնասեն՝ ինչ որ ալ ըլլայ իրենց մորթին գոյնը։ Վերջապէս, կարեւոր է նշել որ Ամերիկացիներուն մէջ կայ հատուած մը, որ կը հաւատայ թէ պետութիւնը բանակ եւ ոստիկանութիւն պահելէն անդին ոչ մէկ հարց նոյնքան լաւ կը լուծէ, որքան դրամատիրական «ազատ» շուկան, ներառեալ առողջապահական ապահովագրութիւնը։ Կ՚ուզեն պետութեան դերը վերացնել գրեթէ ամէն մարզի մէջ։
Ծայրայեղականութիւնը բնակչութեան 25 տոկոսին մօտ արմատացած է։ Այլ խօսքով, երբ ըսես (ես կոպտօրէն հարց տուած եմ) «կամ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պետական անձեր պիտի ղեկավարեն ձեզ, կամ մեծ ընկերութիւններու տէրերը - որոնք ձեր ալ տէրերը պիտի ըլլան - ըսէք որո՞նք աւելի լաւ պիտի խնամեն ձեզ»։ Մարդոց մէկ չորրորդը, երբեմն մէկ երրորդը կը նախընտրեն իրենց միլիառատէրերը՝ իբրեւ իրենց ղեկավարները, տէրերը։ Արդիւնքը այն է, որ Թրամփի այսօրուան նախարարական դահլիճին 15 անդամներուն անձնական հարստութիւնը վեց միլիառ տոլար է, այսինքն անձ գլուխ՝ 400 միլիոն տոլար։
 
«ՆՅ» - Բայց ներքին ճակատէն անդին, այս բոլորը բնականաբար իրենց հետեւանքները ունին նաեւ արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ։ ԱՄՆ-ն, Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր եղած է կեդրոնական դերակատարը միջազգային յարաբերութիւններու՝ սահմանած է ընդհանրական չափորոշիչները, ստեղծած է միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնց շնորհիւ եղած է առաջնորդ եւ ոստիկան։ Նոյնիսկ զանազան իշխանութիւններ գլուխ բերելու կամ տապալելու իմաստով։ Արդ, միջազգային յարաբերութիւններու ակնոցով դիտելով՝ ի՞նչպէս կարելի է մեկնաբանել ԱՄՆ-ու այսօրուան կեցուածքը։
Խ.Թ. - Հարցը այն է, որ Ամերիկան այսօր իբրեւ միաձոյլ գործօն գոյութիւն չունի այլեւս։ Երկիրը առանց արիւն թափելու ներքին քաղաքացիական պատերազմի մէջ է՝ օրինական եւ մշակութային հարթակներու վրայ։ Մէկ կողմը կանգնած են համաշխարհայնացման ջատագովները, որոնք հաւատացած են, թէ բարձր բարոյականութեամբ օժտուած Ամերիկան ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ քրիստոնէական դաւանանքին օգնելու պատրաստ պետութիւն մըն է։ Այս խումբը կը հաւատայ, թէ ԱՄՆ-էն դուրս իր գործունէութիւնը բարի նպատակներ կը հետապնդէ եւ ընդհանուրին շահը կը պաշտպանէ։ Ասիկա ի մէջ այլոց շատ տարբեր չէ Գերմանիոյ վարած քաղաքականութենէն, երբ վերջինս կը թուի հաւատալ, թէ ինք ոչ թէ ի՛ր, այլ՝ Եւրոպական Միութեան շահերուն համար կը գործէ…։ Իսկ միւս կողմէ կան այս թեւին հակառակ մտածողներ, որոնց կարծիքով համաշխարհայնացումը ո՛չ թէ 49 առ հարիւր ընչազուրկ Ամերիկացիներուն իրաւունքները կը պաշտպանէ, այլ՝ օտարներուն շահը կը գերադասէ ու կ՚ապահովէ։ Չինաստանի մէջ 250 միլիոն ընչազուրկ մարդ բարձրացաւ միջին դասակարգի, Հնդկաստան ալ մօտ 200 միլիոն, բայց բազմաթիւ Ամերիկացիներ կը հաւատան, թէ այդ պատահեցաւ ի գին Ամերիկայի միջին դասակարգի եկամուտին։ Ասիկա սխալ է, բայց ոչ՝ բոլորովին սխալ։ Եկամուտի նուազումը յատկապէս ծանր հարուած է երկրի մը մէջ, ուր ի տարբերութիւն Ֆրանսայի, հասարակ մարդը իր եկամուտէն դրամ կը ծախսէ ուսում առնելու եւ բժշկուելու համար։ Վերջին հաշուով՝ Թրամփ շահեցաւ ընտրութիւնը որովհետեւ հասկցաւ թէ բնակչութեան 49 տոկոսը զայրացած ու յաճախ կատղած է ամէն տեսակի պատճառներու եւ երեւոյթներու դէմ, արդարօրէն երբեմն եւ անարդարօրէն յաճախ, մանաւանդ՝ ցեղապաշտութեան պարագային։
Պէտք է աւելցնել, որ համաշխարհայնացման ջատագովները երեք տասնամեակէ ի վեր իսկապէս կ՚արհամարհեն տգէտ 49 առ հարիւրը՝ անոնց գանգատներուն հանդէպ կատարեալ անտարբերութիւն ցուցաբերելով։ «Ցեղապաշտ» պիտակը կը փակցնեն (յաճախ իրաւացիօրէն) բայց նաեւ չեն ընդունիր, որ երբեմն նոյնիսկ տգէտ ցեղապաշտները գանգատելու իրաւունք ունին, իսկական ցաւեր ունին…։
 
Զրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■
(Մնացեալը յաջորդով)
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը