08-02-2017 15:50:16 | Ֆրանսիա | Ի՞նչ է գրում մամուլը
Սփիւռքի գրական ու մտաւորական կարգ մը շրջանակներու մէջ, Սփիւռքի ապագային նկատմամբ դերերու շատ յստակ վերաբաշխումի մը անհրաժեշտութեան մասին խորհրդածութիւնները տասնամեակներէ ի վեր կը հոլովուին։ Այս մտահոգութիւնը քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավար դասունը չէ եղած։ Օրինակի համար, եթէ նկատի ունենանք երեք աւանդական կուսակցութիւնները, անոնց մէջ շատ զօրաւոր կերպով արմատ նետած է հայաստանակեդրոն մտայնութիւնը։
Վերջերս Ֆրանսայի Ազգային ժողովի սրահներէն մէկուն մէջ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն կազմակերպած էր խորհրդակցական երկու կլոր սեղաններ, որոնցմէ երկրորդին նիւթն էր Հայաստանի եւ Սփիւռքի կառոյցներու ամրացման մարտահրաւէրը։ Երեւոյթը նոր էր այնքանով որ թեման կը շօշափուէր Հայաստանէն դուրս, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պարիսպներէն ներս։ ՀՅԴ ղեկավարութիւնը վերջապէս համարձակութիւնը կ՚ունենար Սփիւռքի մէջ շնչելու, Սփիւռքի մէջ Ցեղասպանութենէն անդին Հայաստանի ճակատագրին մասին կլոր սեղան կազմակերպելու։
Այս հարցադրումները հիմնական էին որ կատարուին 100-ամեակին առթիւ։ Սակայն համակարգը ամէն կողմէ խիստ հսկողութեան տակ առնուած էր։ Հարիւրամեակի պետական յանձնախումբին եւ անոր ենթակայ կառոյցներու նախաձեռնութիւնները իրենց աւանդական յայտագրով կը խայտային։ Ո՞րքանով ոգեկոչումը նոր թափ տուաւ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումին, ո՞րքանով սփիւռքահայութիւնը ինքզինք վերանորոգելու լծակներ գտաւ։ Ո՛չ մէկը եղաւ, ո՛չ ալ միւսը։
Անսպասելի կայծը եկաւ Հայաստանի իշխանութեան փտած համակարգի ճեղքէն՝ Ապրիլեան պատերազմ եւ «Սասնայ ծռեր», եւ ասոնց հանդէպ ժողովրդային անհանդուրժողութենէն, որոնք սասանեցին առաջին հերթին օլիկարխիայի կուռ կառոյցը։ Վերջապէս, նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու պահը ստացուեցաւ, քիչ մը նոր գլուխներով։ Յովիկ Աբրահամեան, Սէյրան Օհանեան, Սուրիկ Խաչատրեան բեմէն հեռացուեցան։ Բայց բուն մարտահրաւէրը գալիք ընտրութիւններն են, որոնց ժողովրդավարական ընդունելի պայմաններու մէջ կազմակերպման համար, առաջին անգամ ըլլալով՝ զօրաշարժի ենթարկուած են նաեւ սփիւռքային քաղաքացիական եւ արուեստագէտ-մտաւորական շրջանակները։
Հայաստանեան իշխանական փտած համակարգը նաեւ կը փտեցնէ, կը վիժեցնէ սփիւռքեան ինքնարժեւորման եւ վերանորոգման բոլոր քայլերը։ Այս առումով, մտային ծամօնի ձեւ ստացած՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւն եզրը կը գործէ եռապատիկ վնասով, երբ անոնց գլխաւոր շարժիչ ուժը հիմնովին փտած է։ Այս տեսանկիւնէն կարեւոր էր ՀՅԴ կլոր սեղանին Հայկ Օշականին, իբր դաշնակցական կուսակցական գործիչ եւ հակառակ իր կուսակցութեան Հայաստանի մէջ որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին, ՀՀԿ-ի հետ կնքած կառավարական դաշինքին՝ հնչեցուցած այլախոհական դիրքորոշումը, թէ՝ Սփիւռքը յաւերժակա՛ն է, որքան՝ Հայաստանը, որքան՝ Արցախը։ Այդ պատճառով հարկ է խնամուի։ Գաղափար մը, որ համազօր է բոլոր հաւկիթները նոյն կողովին մէջ չդնելու ռազմավարութեան, որպէսզի կորուստը չըլլայ եռապատիկ։