Զօրեան հիմնարկը կը պատասխանէ Ցեղասպանութեան խառն յանձնաժողով կազմելու Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարի առաջարկին


Զօրեան հիմնարկը կը պատասխանէ Ցեղասպանութեան խառն յանձնաժողով կազմելու Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարի առաջարկին

  • 08-02-2017 15:52:55   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Վերջերս Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան «պնդումներուն»՝ կրկնեց նոյն յանկերգը եւ անգամ մը եւս անդրադարձաւ օտար մասնագէտներու ալ մասնակցութեամբ՝ հայ-թրքական խառն յանձնաժողով կազմելու իրենց առաջարկին, «որուն չընդառաջեր Հայաստան, չվստահելով՝ ինքն իրեն»: 
Ցեղասպանութեան, Սփիւռքի եւ հայագիտական ուսմանց Զօրեան հիմնարկը նամակով մը պատասխանած է թուրք նախարարին այս յայտարարութեան: 
 
Հոն կ՚ըսուի, թէ թրքական կառավարութիւնը տարիներէ ի վեր այս առաջարկը իր ռազմավարութիւնը դարձուցած է: Ամէն տարի Ապրիլ 24-էն առաջ այդ ձեւով կը միտի միջազգային հանրութեան վրայ գործել այն տպաւորութիւնը, թէ Թուրքիա լայնախոհ երկիր է եւ կը փափաքի բնականոնացնել Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները: 
 
«Նման կոչեր նկատի չեն ունենար, որ 2003-ին կազմուած հայ-թրքական հաշտութեան TARC յանձնաժողովը Փոխանցական արդարութեան միջազգային կեդրոնէն (ICTJ) պահանջած էր 1915-ի դէպքերը քննել որպէս ցեղասպանութիւն։ ICTJ հրապարակեց իր եզրակացութիւնը, ըստ որուն՝ “դէպքերը իրենց ամբողջութեան մէջ դիտարկելու պարագային՝ ցեղասպանութեան ոճիրին մասին Համաձայնագրով (Convention) սահմանուած բոլոր տարրերը կը պարփակեն եւ թէ իրաւաբաններու, պատմաբաններու, քաղաքական դէմքերու, լրագրողներու եւ այլոց կողմէ այդ դէպքերու որպէս ցեղասպանութիւն բնորոշումը արդարացուած է”: Յանձնաժողովի թուրք անդամները մերժեցին այս հաստատումը եւ քանդեցին TARC-ը», կը յիշեցնէ Զօրեան հիմնարկը:
 
Նամակը կը շարունակուի հետեւեալ տողերով. «2010-ին (2009-ին պէտք է ըլլայ - «ՆՅ») ԱՄՆ, Զուիցերիա եւ այլ երկիրներ փորձեցին բանակցութիւններ վարել Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւններու ստորագրութեան համար, մինչ երկու երկիրներու միջեւ սահմանը փակ է եւ իրարու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ալ չունին։ Հակառակ Զուիցերիոյ մէջ արձանագրութեան շեփորուած ստորագրութեան, թրքական կառավարութիւնը ցայսօր կը մերժէ վաւերացնել զայն։
Հռչակաւոր փրոֆ., Գլարք համալսարանի դասախօս Թաներ Աքչամ, մրցանակի արժանացած իր “Երիտթուրքերու մարդկութեան դէմ ոճիրը. Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ցեղային մաքրագործումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ” գիրքի յառաջաբանին՝ գերմանական, օսմանեան եւ այլ արխիւներու պաշտօնական փաստաթուղթերու՝ տարիներ տեւած հետազօտութեանց որպէս եզրակացութիւն գրած է հետեւեալը. “Աղբիւրները զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ բոլորն ալ կը պատմեն նոյն պատմութիւնը, թէեւ տարբեր դիտանկիւններէ։ Օսմանեան եւ արեւմտեան արխիւները ամբողջութեամբ կը հաստատեն, որ իշխանութեան գլուխ գտնուող «Միութիւն եւ զարգացում» («Իթթիհատ վէ Թերաքքի») կուսակցութիւնը գիտակից կերպով գործադրեց Անատոլիոյ ցեղա-կրօնական միատարրացումի քաղաքականութիւնը, նպատակ ունենալով բնաջնջել հայ բնակչութիւնը”»։
 
Ապա կը յիշատակուի ծագումով թուրք, գերման երեսփոխան Ճեմ Էօզտեմիրի նախաձեռնութեամբ եւ իրեն ցեղակից բազմաթիւ այլ երեսփոխաններու ալ հաւանութեամբ անցեալ Յունիսին Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած բանաձեւը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ բուռն հակազդեցութիւնը: Կ՚ընդգծուի այդ բանաձեւին մէջ՝ Ցեղասպանութեան նշումէն անդին, Գերմանիոյ յանցաւոր մեղսակցութեան մասին խոստովանութիւնը, արտայայտուած ցաւը: 
 
Զօրեան հիմնարկի նամակը կ՚աւարտի հետեւեալ տողերով.
«Թուրքիա արդէն մերժած է եզրակացութիւնը ICTJ-ի, որ միջազգայնօրէն յարգուած կազմակերպութիւն մըն է, զոր գլխաւորած է Էլի Վիզել։ Հալածած է Թաներ Աքչամը։ Իսկ ներկայիս ալ նոյնը կ՚ընէ Գերմանիոյ հետ, որ ճանչցաւ իր ուրոյն մեղսակցութիւնը քաղաքական եւ ռազմական իր դաշնակից Օսմանեան կայսրութեան հետ համագործակցութեամբ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան մէջ։ Ուրեմն ինչո՞ւ դեռ առաջարկել նոր խառն յանձնաժողով։ Նախագահ Էրտողան հրապարաւ յայտարարեց, թէ Թուրքիա երբեք պիտի չընդունի, որ ցեղասպանութիւն գործած է։ 
Նման պայմաններու մէջ դժուար է հաւատալ Պրն. Չաւուշօղլուին, երբ ան կ՚ըսէ. “Պիտի ընդունինք ամէն եզրակութիւն…”։
Խառն յանձնաժողովի այս կեղծաւոր խաղին փոխարէն՝ փափաքելի պիտի ըլլար, որ Թուրքիա ընտրէր աւելի գործնական եւ շինիչ կեցուածք, բանար Հայաստանի հետ սահմանը, հաստատէր իր դրացիին հետ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւններ, դադրեցնէր իր լուսամիտ անձնաւորութիւններու, լրագրողներու բանտարկութիւնները եւ ընդունէր կատարելապէս հաստատուած պատմական ճշմարտութեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան իր յանցանքը, ինչպէս ըրաւ իր դաշնակիցը՝ Գերմանիան»։
 
ՆՅ
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը