«Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկահայութիւնը ներկայացնող մարմիններուն աշխատանքը անբաւարար է».Խաչիկ Թէօլէօլեան


«Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկահայութիւնը ներկայացնող մարմիններուն աշխատանքը անբաւարար է».Խաչիկ Թէօլէօլեան

  • 08-02-2017 15:56:50   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Հեռակայ զրոյց Սփիւռքագէտ, «Diaspora» հանդէսի հիմնադիր-խմբագիր Խաչիկ Թէօլէօլեանի հետ
 
 
«ՆՅ» - Նախկին նախագահ Օպաման իր պաշտօնավարութեան աւարտին յայտարարեց, թէ գործազրկութիւնը տասնէն հինգ տոկոսի իջած է եւ տնտեսական վիճակը բարելաւուած է։ Իրապէս այդպէ՞ս է կացութիւնը։
Խ.Թ. - Պուշ կրտեսրը երկիրը քարուքանդ ըրաւ եւ Օպաման եկաւ «աւերակաց թագաւորելու», բայց ատով հանդերձ օրինակի համար յաջողեցաւ պաշտօնական վիճակագրութեան նշած գործազրկութիւնը 11 առ հարիւրէն իջեցնելու մօտաւորապէս 4,7 առ հարիւրի։ Հիմնականին մէջ, այս թիւը միայն որոշ չափով իրականութեան կը համապատասխանէ, որովհետեւ հոն չէ արձանագրուած այն խաւը որ յուսալքուած ըլլալով այլեւս աշխատանք չի փնտռեր։ Այսինքն այդ վիճակագրութեան մէջ նշուած են միայն այն մարդոց թիւերը, որոնք արձանագրուած են գործազրկութեան գրասենեակներուն մէջ եւ կը շարունակեն գործ փնտռել։ Պէտք չէ մոռնալ, որ ԱՄՆ-ու մէջ մեծ է թիւը անոնց որոնց աշխատելու առիթ չի տրուիր եւ անոնք յուսահատած՝ կը դադրին գործ փնտռելէ եւ չեն «հաշուուիր» այլեւս իբրեւ գործազուրկ…։ Ուրեմն իրական գործազուրկներու թիւը այսօր գրեթէ կրկինն է պաշտօնականին՝ 8-էն 10 տոկոս։ Աւելցնեմ, թէ վճարումներն ալ այնքա՛ն ցած են, որ բազմաթիւ մարդիկ ատով չեն կրնար գոցել նոյնիսկ իրենց նախնական ծախսերը։ Գիտէք, ժամանակին Միջին Արեւելքի մէջ կային մարդիկ որոնք ակռայ չունէին քանի որ ատամնաբոյժի ծախսերը չէին կրնար հոգալ։ Այսօր Ամերիկայի կեդրոնական եւ հարաւային շրջաններուն մէջ շատեր կան, որոնք չեն կրնար իրենց եւ իրենց ընտանիքին այդ կենսականը ապահովել։ Ես Թրամփի ընտրութեան հակառակորդներէն եմ, բայց միաժամանակ կրնամ հասկնալ անոր նախագահ ընտրուելուն պատճառները, թէ ինչո՞ւ ամերիկացիները իրեն ի նպաստ քուէարկեցին։ Տիկին Գլինթընին տուի քուէս, բայց անոր կողմնակիցներու անհիմն ինքնավստահութիւնը եւ տգէտ ու անդադար ցեղապաշտ որակուած ամերիկացի զանգուածին հանդէպ անոնց ոչ թաքուն արհամարհանքը գործօն պատճառներն էին իրենց ձախողութեան։
 
«ՆՅ» - Անդրադառնալով հայկական հարցերուն, ներկայիս Ամերիկահայութիւնը ի՞նչ սպասումներ ունի նորընտիր նախագահէն։
Խ.Թ. - Ըստ իս, բոլոր Սփիւռքահայերուն նման Ամերիկահայութեան զանգուածն ալ պետութենէն իր իրատես ակնկալիքը չի գիտեր։ Ատեն մը տեղւոյս Հայութիւնը կը կազմակերպուէր ձեռք ձգելու համար ցեղասպանութեան նկատմամբ պետութեան հայանպաստ կեցուածքը, ինչ որ ի դերեւ ելաւ եւ նոյնիսկ Օպաման - որ վերջին 30-40 տարիներու ամենէն լաւ նախագահն էր - չճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Հայութիւնը պէտք է հնարամտութիւնը ունենայ այլ պահանջներ ներկայացնելու, ինչ որ նախ կ՚ենթադրէ իր շահերը տարբեր ձեւով հասկնալու։ 1978-էն մինչեւ 1998 թուականը, այսինքն մօտաւորապէս 20 տարի շարունակ «Հայկական համագումար»ը (ՀՀ) եւ «ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբ»-ը Ուաշինկթընի մէջ որոշ չափով ազդեցութիւն ունեցող կազմակերպութիւններ էին։ ՀՀ-ի օրինակը բերելով յիշենք անոր պաշտօնեաներէն Ռոս Վարդեանի եւ Վան Գրիգորեանի անունները, որոնք ԱՄՆ Գոնկրէսին մէջ Հայութեան ի նպաստ կարեւոր աշխատանք կը տանէին։ Յատկապէս ընդգծելի են Վան Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ եւ Վարդեանի գոնկրէսական հմտութեամբ առնուած քայլերը, որոնց շնորհիւ տարիներ շարունակ արգիլուեցաւ Ազէրպայճանին տրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնը։ Նաեւ Ռոս Վարդեան ամբողջ 20 տարի իր կազմակերպութեան եւ ամերիկեան Գոնկրէսի միջեւ յարաբերութեանց վարիչն էր եւ ան հմտութեամբ կը գործածէր Գոնկրէսի անդամներուն վրայ ճնշում բանեցնելու բոլոր կարելի լծակները։ Երբ սոյն կազմակերպութեան վարչութեան մէջ այս երկուքը փոխարինուեցան, իրենց յաջորդները չյաջողեցան ամենէն նպաստաւոր միջոցներով Հայութեան պահանջները ձեւաւորել՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ ալ մանաւանդ ամերիկահայ քաղաքացիին համար։ Ներկայիս Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկահայութիւնը ներկայացնող մարմիններուն աշխատանքը անբաւարար է, նոյնիսկ ԱՄՆ-ու մէջ Հայաստանի դեսպաններն ալ իրենց ընելիքը յստակ չեն գիտեր։ Նաեւ յստակ չէ Հայաստանի պետութեան Ամերիկայէն սպասելիքները, այնպէս որ Հայաստան, Ամերիկահայութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ կապերը ըստ իս տկար են։ Այլ խօսքով լաւապէս կազմակերպուած եւ իրատես ռազմավարութեան մը պակասը զգալի է ամէնուրեք։ Կարելի է ըսել թէ ներկայիս տեղքայլի մէջ ենք։
 
«ՆՅ» - Ինչո՞ւ Ռոս Վարդեանի կամ Վան Գրիգորեանի նման անձնաւորութիւններ փոխարինողներ չեղան։
Խ.Թ. - Արդարեւ նախ նուիրումի եւ յետոյ ալ փոխանցումի հարցը կայ։ Անոնք սկիզբը կամաւորներ էին, բայց յետոյ կը վարձատրուէին իրենց կատարած աշխատանքին համար։ Եթէ կ՚ուզես հմտութիւն նուաճել, արհեստավարժ գործ ընել, պէտք է կարողանաս այդ աշխատանքին համար հարկ եղած նիւթականը ապահովել։ Ներկայ դարուս միայն սիրայօժար եւ կամաւոր աշխատանքով տեղ չես հասնիր, թէեւ ընդգծեմ, որ կային ու դեռ կան նման անձեր, որոնք մէկ-երկու տարի կու գան, կ՚աշխատին, ապա կը մեկնին…։
Միւս կողմէ, պէտք է ըսել թէ Ամերիկահայութիւնը մնայուն ծրագիր մը չունի, ինչ որ կարեւոր է։ Այսօր յստակ չեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին Հայութեան հեռանկարները։ Բոլորս ալ անշուշտ ապահով եւ բարգաւաճ Հայաստան մը կ՚ուզենք, բայց ամերիկահայ սփիւռքը ի՞նչպէս կրնայ համոզել Ամերիկայի պետութիւնը որ սատարէ այդ նպատակին։ Սա երկար ու շարունակական, հմուտ, առողջ վերլուծում եւ խորհրդակցական աշխատանք կը պահանջէ։ Միշտ կայ, կը տիրապետէ շահերու եւ քուէներու հարցը։ Օրինակի համար Գոնկրէսի ամենէն հասուն եւ խելացի անձերէն մէկը Լոս Անճըլըսէն ազատական գոնկրէսական մըն է՝ ծագումով հրեայ Ատամ Շիֆը, որ շատ կարող անձնաւորութիւն է, սկզբունք եւ բարոյականութեան տէր քաղաքագէտ մըն է, Հայերուն ի նպաստ լաւ աշխատանք կը տանի եւ միաժամանակ, անշուշտ, ինք ալ կ՚օգտուի Հայութեան քուէներէն եւ ընտրական յատուկ նուիրատւութիւններէն։
 
«ՆՅ» - Դուք անդրադարձաք արհեստավարժ աշխատանքի կարեւորութեան։ Այստեղ կը ծագի այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչները, որոնք այսպէս կոչուած լիաժամ վարձատրուած են, չեն արդարացներ իրենց կողմէ յանձն առնուած պարտականութիւնը։
Խ.Թ. - Ինծի համար շատ դժուար է նման հարցի պատասխանել։ Վստահ չեմ թէ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն յաջողութեան պակասը որքանո՞վ կարելի է վերագրել անոնց մասնագիտական հմտութեան բացակայութեան։ Անյաջողութեան ամենէն կարեւոր ազդակները կրնան տարբեր ըլլալ, օրինակ որ Հայաստան առաջուան պէս ազդու չէ Անդրկովկասի մէջ։ Գիտէք 1994-ի Ղարաբաղեան յաղթանակէն ետք մէկ կողմէ խանդավառ Ամերիկահայութիւնը սկսաւ նեցուկ հանդիսանալ Հայաստանին ու Արցախին եւ միւս կողմէ ալ միջազգային բեմին վրայ Հայաստանի վարկը ատեն մը բարձրացաւ ու բարելաւուեցաւ։ Իսկ 20 տարի ետք, այսօր նոյնը կարելի չէ ըսել, նկատի ունենալով «ո՛չ խաղաղութիւն եւ ոչ պատերազմ» իրավիճակը։ Նոյնքան կարեւոր է չմոռնալ որ Ազէրպայճանին կռնակ կը հանդիսանան Թուրքիան եւ Իսրայէլը։ Նշանակալից դեր կը խաղայ նաեւ «քարիւղի» ազդակը։ «Թուրք հօրեղբայր»-ը ԱՄՆ-ու մէջ կարեւոր լծակներ ունի՝ իմա՛ հրէական որոշ ազդեցիկ կազմակերպութիւններ։ Իսկ փոքրիկ Հայաստանը առանձին է, լուրջ թիկունք պահպանող պետութիւն չունի։ Շատ դժուար է այդպիսի պայմաններու տակ հակառակորդին հետ մրցակցիլ…։
 
«ՆՅ» - Հոս մէջտեղ կու գայ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան կենսական հարցը…։
Խ.Թ. - Իմ կարծիքով նման համագործակցութիւն մը լիովին գոյութիւն չէ ունեցած նոյնիսկ մեր ամենէն լաւ օրերուն, երբ «Հայկական համագումար»-ը եւ «ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբ»-ը արդիւնաւոր քաղաքական գործունէութիւն կը վարէին Ուաշինկթընի մէջ։ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարութիւնը եւ Ուաշինկթընի դաշնակցական ներկայացուցիչները 1990-97 տարիներուն չգործակցեցան, իսկ կարճ տեւեց «Հայկական համագումար»-ին հետ անոր համագործակցութիւնը, որ չշարունակուեցաւ, չյարատեւեց, այլազան պատճառներով։ Ընդհանրապէս Հայաստանի պետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ամերիկահայ լոպիներուն միջեւ հմուտ, շարունակական գործակցութիւն գոյութիւն չունի։ Գիտէք, կարեւոր է ընդգծել, որ ուրիշ սփիւռքներու պարագային ալ հազուագիւտ է, որ անոնք քաղաքական մարզին մէջ ունենան հմուտ ղեկավարներ, խոշոր տնտեսական աղբիւրներ եւ մեծ ազդեցութիւն՝ ամերիկեան պետութեան վրայ։ Հրէական սփիւռքին օրինակը բոլորովին տարբեր է, բացառութիւն է, անոնց դիրքը ունի տնտեսական, կրօնական, պետական ծալքեր ալ - ո՛չ Հայութիւնը, ո՛չ Չինացիները եւ ոչ ալ Հնդկաստանէն եկող հնդիկ գաղթականները ունեցած են եւ ունին նման ազդեցութիւն, թէեւ մեզի պէս անոնք ալ արձանագրած են որոշ յաջողութիւններ։ Այս երեւոյթը ամէն տեղ նոյնն է, բայց Հայութեան համար բազմապատկուած ձեւով կը ներկայանայ։
 
«ՆՅ» - Ուրեմն Թրամփի նախագահութեան շրջանին Հայաստանին տրուելիք վարկերը պիտի ջնջուի՞ն…։
Խ.Թ. - Թերեւս այդպէս ըլլայ։ Բայց ես լաւատես եմ հետեւեալ իմաստով.- Հայաստանին տրուած գումարները - բաղդատած Ամերիկայի ընդհանուր պիւտճէին - այնքան չնչին են, որ հայկական հարցերուն օժանդակող ամերիկացի գոնկրէսականները թերեւս կրնան այդ յատկացումներուն մէկ մասը փրկել, պատճառաբանելով որ կարելի չէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատել եթէ երկու կողմերուն վրայ ալ չկարենաս ազդեցութիւն բանեցնել…։
 
«ՆՅ» - Սա պահուս ի՞նչ կ՚ըսէք Թուրքիոյ հետ Ամերիկայի յարաբերութիւններուն մասին։
Խ.Թ. - Այս վայրկեանին Թուրքիոյ հետ ԱՄՆ-ու յարաբերութիւնները բաւական անորոշ են։ Նոյնիսկ Փենթակոնի դուրսը կամ ներսը հիմա մարդիկ կան, որոնք մտածելով հանդերձ, թէ Թուրքիան իրենց անցեալին սիրելի համարուած դաշնակիցը չէ, միաժամանակ կը հաստատեն, որ Միջին Արեւելքի խառնակ վիճակին մէջ այլընտրանք չունին։ Ապա նաեւ Թուրքիա-Ռուսաստան սահմանափակ, բայց յատկանշական խորհրդակցութիւնները կը մտահոգեն Ուաշինկթընը։ Չմոռնանք, որ Փենթակոնի ամենէն մեծ զօրավարները տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ ամենէն հաւատարիմ ջատագովները եղած են եւ հիմա ալ կը շարունակեն այդպէս ըլլալ։ Եթէ կ՚ուզէք աւելի հիմնական հաստատում մը՝ ամերիկացի ժողովուրդին եւ պաշտօնէութեան մէկ զգալի հատուածը կը թուի գրեթէ բնազդի վերածուած ձեւով գերադասել Իսրայէլը, Թուրքիան, նոյնիսկ Իրանը - այո՛ Իրանը - եւ արհամարհել արաբ ազգերը, թերեւս 1950-ական թուականներէն ի վեր։ 
 
«ՆՅ» - Իսկ այս թոհուբոհին մէջ քրտական հարցը ի՞նչպէս կ՚ընկալուի։
Խ.Թ. - Կ՚ենթադրեմ, թէ Ամերիկան կրկին պիտի դաւաճանէ Քիւրտերուն, նախ որովհետեւ ԱՄՆ-ու մէջ Քիւրտերը թէ՛ թիւով եւ թէ ազդեցութեամբ փոքր են, ապա նաեւ անոնք իրենց ունեցած սակաւաթիւ դաշնակիցներով աւելի բարոյական օգնութիւն կը բերեն քան՝ քաղաքական։ Եւ վերջապէս քրտական ուժերը բաժան-բաժան են, որքան որ գիտեմ չունին ղեկավար խորհուրդ մը։ Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի Քիւրտերը ներկայիս չեն կրնար միասին ճկուն ու բազմաճակատ պայքար ծրագրել եւ խորհրդածել տարբեր մարտավարութեամբ, տարբեր պետութիւններու սահմաններէն ներս։ Ըստ իս՝ Քիւրտերը չեն կրնար յաջողիլ, բայց Էրտողանը կրնայ ձախողիլ եթէ իր յաջողութիւններով գինովցած՝ սահման չճանչնայ…։
 
Զրոյցը վարեց՝ 
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ 
(Շար. 2 եւ Վերջ)
ՆՅ
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը