ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՆՀԱՄԱՏԵՂԵԼԻ՞ ԵՆ


ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՆՀԱՄԱՏԵՂԵԼԻ՞ ԵՆ

  • 14-02-2017 13:21:36   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Մեծ եւ փոքր երկիրներու քաղաքական կեանքին մէջ գայթակղութիւնները սովորական են, կը քննադատուին, լաւագոյն պարագային կը դատապարտուին, բայց կը շարունակուին: Հեռատեսիլի յայտագիր մը զիս մղեց այս մասին մտածելու:
 
Քուպայի յեղափոխութեան հերոսի կեանքի ներքին եւ ոչ միշտ  ծածուկ ծալքերուն մասին նուիրուած էր հաղորդումը: Ինչպէս աւատապետական երկիրներու մէջ, յեղափոխական հերոսը ինք ալ հաստատած է ընտանեկան իշխանութիւն (népotisme), եղբայր, որդի դուստր, գտնուած են եւ ցարդ կը գտնուին դիրքերու վրայ, ըսուեցաւ որ ընկերվարութիւն-համայնավարութիւն հովանիի տակ, Ֆիտէլ Քասթրօ միլեառատէր դարձած է:
Հարաւային Ամերիկայի կամ Ափրիկեան պետութիւններու ղեկավարներներէն ոմանք,  իրենց երկիրներու հարստութիւնը իւրացնելէ եւ կողոպտելէ ետք, կ’ապաստանին զիրենք չանհանգստացնող աշխարհներու մէջ: Եւրոպայի մէջ, նիւթական խաղքութիւններու պատճառով (երբ երեւան հանուին), քաղաքական դէմքեր դատարան կը տարուին, կը դատապարտուին, բայց կը մնան բեմի վրայ: Ուրիշ պարագաներու, զանազան մակարդակի ընտրութիւններ ուղղակի կը խարդախուին, եւ մարդիկ իշխանութեան կը տիրանան: Ժողովուրդներ կը տեսնեն եւ կ’իմանան, բայց կը թուի թէ ե՛ւ իրենք ե՛ւ օրէնքները անզօր են, երբեմն անհատներ կը պատժուին, կը դատապարտուին, բայց իշխանութեան հասնելու եւ իշխանութիւնը չարաշահելու ախտը մարդու երեւումին չափ հին է:
 
Բարոյախօսական ճառը միշտ գեղեցիկ է եւ յուզիչ, բայց քաղաքական իւրայատուկ միգամածէն ներս չի թափանցեր, այլ ալիքներու վրայ կը գտնուի: Երբեմն պէտք է յիշել, որ թագաւորներ իրենց զաւակներն անգամ կը սպաննէին մրցակից չունենալու համար, գահաժառանգներ նոյնը կ’ընէին իրեն հօր նկատմամբ: Այսօր գործակիցներ զիրար կը կոխկրտեն վեր բարձրանալու համար: Այս երեւոյթները ծանօթ են, բայց անզօրութեամբ, ճակատագրապաշտութեամբ կամ անտարբերութեամբ, կը հաշտուինք կացութեան հետ: Եթէ քաղաքական առաջնորդներու խոստումները լսենք, կրնանք համոզուիլ, որ կրօններու խոստացած դրախտը երկրի վրայ իրենք պիտի ստեղծեն: Բայց այդ դրախտը ոչ իրենք կը բերեն ոչ ալ ժողովուրդը կը տեսնէ:
Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ խոստումները յանձնառու կը դարձնեն միայն լսողը, այսինքն՝ ոչ խոստացողը, որ կը չարաշահէ միամտութիւնը, պարզութիւնը, անգիտութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու 2016-ի նախագահական ընտրապայքարի ընթացքին ինչպիսի տխրեցնող, մտահոգիչ եւ վարկաբեկիչ խօսքեր ըսուեցան, բայց առաջնորդը ընտրուեցաւ: Ֆրանսայի մէջ դատարանը անցեալին վճիռ կայացուցած է նախարարի, երեսփոխանի, նախագահի դէմ, բայց անոնք մնացած են իրենց դիրքերուն վրայ: Դատարանի վճիռները յաւելեալ բարոյականութիւն չեն բերած: Ուրիշ երկիրներու մէջ, դժբախտաբար, այդքանն ալ չկայ, քանի որ իշխանաւորներու համակարգին մաս կը կազմեն օրէնքի պահակները: Զարմանալի է, որ այս բացայայտող տեղեկութիւնները եթէ չեն ուրախացներ անգամ, չեն ալ տխրեցներ: Վոլթէրի հերոս «Քանտիտ»ին պէս մեզ կը համոզեն կամ մենք մեզ կը համոզենք, որ կ’ապրինք աշխարհներու լաւագոյնին մէջ, մանաւանդ որ սպառողական քաղաքակրթութիւնը արտակարգ շնորհը ունի մարդիկն ու ընկերութիւնը թմրեցնելու: Յիշենք Հռոմի կայսրերը, որոնք ամբոխին կը հրամցնէին կրկէսի մէջ տեղի ունեցած մահապարտներու կռիւները, մոռցնելով դժուար առօրեան: 
 
Այսպէս է կացութիւնը մենատիրական կամ ժողովրդավարական երկիրներու մէջ: Բայց պատմութիւնը կը շարունակէ իր ոստայնը հիւսել, ծնունդ տալով ՄԵԾԵՐու ու ՓՈՔՐԻԿ ՄԵԾԵՐու, որոնց անունները կը յիշուին, որոնց համար կոթողներ կա-ռուցուած են  եւ կը կառուցուէին երէկ եւ կը կառուցուին այսօր: Յիշել Ստալինն ու Ամին Տատան…
 
Անցեալին հաղորդակցութիւնները անմիջականութիւն չունէին, երկրի մը մէկ ծայրէն միւսը չէին հասներ, կամ կը հասնէին շատ ուշ: Հիմա մարդիկ տեղեակ են, այնքան բաներէ տեղեակ են, որ մտածելու, դատելու եւ կողմնորոշուելու ոչ ժամանակ եւ ոչ միջոց ունին: Անոնք որոնք կը կարծեն, թէ կարելի է կացութիւնները բարելաւել, կը յիշեցնեն «Սիզիֆ»ի առասպելը, որ կը շարունակէր ժայռը լեռ բարձրացնել գիտնալով հանդերձ, որ ան կրկին վար պիտի թաւալէր եւ կը վերսկսէր: 
 
Այսօր, աւելի քան վեց դար ետք, զարմանալի կերպով մեծ իմաստունի կերպարանքով կը ներկայանայ Նիկոլա Մաքիավէլ (1469-1527)*, Ֆլորանսի քաղաքական տեսաբանը, որուն մասին այնքան բացասականութեամբ կը խօսուի, անունն անգամ վերածուած է պատեհապաշտները բնորոշող ածականի, կ’ըսենք՝ «մաքիավէլական» (machiavélique): Ի՞նչ ըսած է Մաքիավէլ քաղաքական մեծ դէմքերու բարոյականութեան մասին: Գրած է հետեւեալը. «…մեր ժամանակի փորձը ցոյց կու տայ, որ մեծ գործեր կատարած իշխանները քիչ անգամ յարգած են իրենց խօսքը, անոնք գիտցած են, շնորհիւ խորամանկութեան, պատ հիւսել մարդոց միտքին շուրջ, եւ վերջին հաշւով իրենք յաղթած են անոնց որոնք հիմնուած են ուղղամտութեան վրայ»**:
 
Մաքիավէլ շնականօրէն կը բացատրէ, որ բարոյական եւ քաղաքական ոլորտները տարբեր են, յաճախ բարոյականութիւնը կը ծառայէ թաքցնելու եւ շպարելու խաղքութիւնները, որոնց կ’ադրադառնանք երբ ուշ է, կամ մեծ ու մանր բաժին ունենալու շահախնդրութիւններով կը լռենք: Դիւանագիտութիւնը այդ շպարելու խաղն է, որ յաճախ կ’այլասերէ բարոյականութիւնը եւ նոյն հունով նաեւ մարդիկը: Այդ խաղին հանդիսատես ենք կամ դերակատար: Եզրակացնե՞նք, որ այս կացութիւնը մարդատեսակի էական մշակոյթն իսկ է, պատերազմներու եւ աւերներու պատճառը, որուն դէմ մարդիկ կը պայքարին, ապա կը մտնեն համակարգին մէջ (système), հակառակ պարագային իրենց կեանքով կը վճարեն: Այդ կը պատմէ յոյն թատերագիր Սոփոկլէս իր «Անթիկոն» ողբերգութեան մէջ, որ վերստին գրուած է անցեալ դարուն, ֆրանսացի թատերագիր Ժան Անույի կողմէ: Այս իտէալ եւ բա-րոյականութիւն խախտող քաղաքականութեան մասին կ’արժէ վերստին կարդալ Ժան-Փոլ Սարթրի թատերական երկերէն «Կեղտոտ ձեռքերը» (Les mains sales) եւ «Վակժոյժ» (ըստ Գուիտոն Լուսինեանի բառարանին, որ Ատամնաւոր անիւներու դրութիւն է» (L’engrenage):
 
Այսինքն իշխանութիւնը կը դատապարտէ ըլլալ «Կեղտոտ ձեռքեր», քանի որ քաղաքական մեքենան կը դառնայ եւ իր ընթացքին մէջ կ’առնէ բարոյականութիւնը, իտէալը եւ մարդիկը: Առաջնորդը ձիուն քամակը բարձրանալու համար կը կոխէ միւ-սին կռնակը: Ըսուած է, որ քաղաքական կեանքը բրտութեամբ կը յատկանշուի, պէտք է գիտնալ այս կամ այն ձեւով մեռցնել, քանի որ, ինչպէս Լեւոն Շանթի թատերական եր-կին մէջ կ’ըսուի, գագաթին մէկ հոգիի տեղ կայ:
 
Այս համամարդկային ողբերգութիւնը, որ կը յառաջանայ իշխանատենչութեամբ, պաատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած քաղաքականութիւնն է, զոր ուզած են բարոյականացնել գաղափարապաշտներ, որոնք կամ այդ ճամուն վրայ զոհուած են, կամ իրենք մտած են համակարգին մէջ:
Բայց միշտ պէտք է յուսալ, որ արդարութիւն, իրաւունք եւ բարոյականութիւն պիտի յաղթեն, որպէսզի մարդիկ իրենք իրենց աչքին յարգելի ըլլան: Եւ օր մը, ապագայի պատմաբանը եւ մտածողը չըսեն Մաքիավէլի պէս՝ որ «մեր ժամանակի փորձը ցոյց կու տայ, որ մեծ գործեր կատարած իշխանները քիչ անգամ յարգած են իրենց խօսքը, անոնք գիտցած են, շնորհիւ խորամանկութեան, պատ հիւսել մարդոց միտքին շուրջ, եւ վերջին հաշւով իրենք յաղթած են անոնց որոնք հիմնուած են ուղղամտութեան վրայ», այսինքն պէտք է հաւատալ արժէքի եւ ուղղամտութեան յաղթանակին: Հոպզի հռչակաւոր խօսքը ծանօթ է, ըստ որուն «մարդը մարդուն գայլն է» (homo homini lupus): Մարդկութիւնը, իր գիտական յառաջդիմութեամբ, համասլսարաններով, մոլորակէն դուրս գալու թռիչքով, պիտի կարենա՞յ ըսել՝ որ «մարդը մարդուն գայլը» չէ:
 
Աօանց տիրացու ըլլալու, մարդը բնութեան աղէտներու դէմ պայքարելու զուգահեռ, պիտի կարենա՞յ պայքարիլ իր բնական համարուող հոգեկան աղէտներուն դէմ:
 
Աշխարհի պարզած ոչ երէկի եւ ոչ ալ այսօրուան պատկերը այդ ցոյց չի տար:
Մեծերու եւ փոքրերու աշխարհները…
 
Յ. Պալեան, 14 փետրուար 2017, Նուազի-լը-Կրան
 
 
 
*Nicolas Machiavel, (1469-1527, Florence)
**«…l’expérience de notre temps montre que les princes qui ont fait de grandes choses sont ceux qui ont tenu peu compte de leur parole, et qui ont su, grâce à la ruse, circonvenir l’esprit des hommes ; et à la fin ils ont vaincu ceux qui se sont fondés sur la loyauté ». 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն