Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր բարոյական կապը պաշտօնապէս եւ միանգամընդմիշտ կը խզէ ՀՌԱԿ-ի հետ


Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր բարոյական կապը պաշտօնապէս եւ միանգամընդմիշտ կը խզէ ՀՌԱԿ-ի հետ

  • 14-02-2017 16:44:49   | Հայաստան  |  Քաղաքական

Հիմնուելով վերջին օրերու կուսակցութեանս վերաբերող իրադարձութիւններուն վրայ, 
 
Նկատի ունենալով, որ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի կապը ՀՌԱԿ-ի հետ վերջինիս հիմնադրութեան (2012 թուականին) առաջին իսկ օրէն եղած է միայն բարոյական՝ որպէս մեր կուսակցութեան միեւնոյն սկզբունքները դաւանող Հայրենի կուսակցութիւն.
Նկատի ունենալով, որ Յակոբ Աւետիքեանի գլխաւորած ՀՌԱԿ Հանրապետական Վարչութիւնը իր իրաւասութեան սահմաններէն դուրս գալով սկսած է կուսակցութեանս տէրն ու տիրականը ըլլալ յաւակնիլ եւ որպէս այդպիսին ներկայանալ՝ հանրային կարծիքի շփոթ յառաջացնելով. 
Անդրադառնալով, որ ՀՌԱԿ շեղելով  աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի 95 ամեայ պետականամէտ սկզբունքէն, սկսած է հակասել կուսակցութեանս ազգային ռազմավարութիւնը.
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ.
Ա. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր բարոյական կապը պաշտօնապէս եւ միանգամընդմիշտ կը խզէ ՀՌԱԿ-ի հետ: 
Բ. Հիմնուելով իր աւանդական իրաւունքին վրայ ՀՌԱԿ-ին կ'արգիլէ նոյնանման անունով հանդէս գալ:
Գ. Հայրենի իշխանութիւններուն հայեցողութեան կը յանձնէ այս պարագան:
Դ. Աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի անդամակցութեան քանի մը անօրինապահ անդամներուն կը զգուշացնէ ամէն յարաբերութիւն կասեցնել եւ չ՛առընչուիլ ՀՌԱԿ-ի հետ՝ խուսափելու համար կուսակցութեանս կանոնագրութեան սահմանած պատժամիջոցներէն:
 
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
 Սեւակ Յակոբեան  Սերխիօ Նահապետեան
 
Ատենադպիր   տենապետ    
 
 
 
  
Նոյյան տապան  -   Քաղաքական

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play